Նշմար. Նոր Ձիւնագնդակը Կը Սկսի Թաւալիլ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
03 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ հինգշաբթի, 25 նոյեմբերին գոյութեան կոչուեցաւ նոր ձիւնագնդակ մը, որ կրնայ թաւալիլ արագօրէն, թափ ու ծաւալ ստանալ եւ արգելակել, կասեցնել աւելի քան տարի մը առաջ ծայր առած նահանջի ու կորուստներու թափը:
«Հայրենիքը Փրկելու Կամքով»
Ձիւնագնդակին կազմութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի սրահին մէջ: Խորհրդարանական ընդդիմադիր խմբակներուն ներկայացուցիչները ի մի եկան արտախորհրդարանական ընդդիմադիրներու հետ, իրենց կողքին ունեցան պատմագէտներ, տարբեր ոլորտներու մասնագէտներ, քաղաքական փորձ ունեցող անհատներ, որոնք յայտարարեցին, որ համախմբուած են ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՓՐԿԵԼՈՒ կամքով, կասեցնելու իշխանութեան որդեգրած եւ հայրենիքն ու պետութիւնը քայլ առ քայլ, կաթիլ առ կաթիլ մաշեցնող գործընթացը: Խօսք առնողները` նախաձեռնող թէ մասնակից, հրամայական նկատեցին, որ մէկդի դրուին անհատներու հանդէպ համակրանքի-հակակրանքի մօտեցումները, միացուին հիմնական ԳԱՂԱՓԱՐի մը շուրջ (գաղափարաբանութիւնը ուրիշ բան է)` Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան, կորսուածները վերականգնելու կամքով, նախանձախնդրութեամբ: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ հաւաքուածները սոսկական աթոռակռիւի նպատակով ի մի չեն եկած (իշխանաւորներու սնանկ քարոզներէն մէկն է ատիկա), այլ լուրջ մարդիկ, մասնագէտներ «լուրջի առած» են հայրենիքին դէմ լեռնացած հարցերը, վտանգները:
Ուշագրաւ է, որ համախմբումը տեղի ունեցաւ օր մը առաջ այն հանդիպումէն, որ նախատեսուած էր Սոչիի մէջ` Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարական գերագոյն ներկայացուցիչներուն միջեւ, նաեւ` շուրջ 20 օր առաջ այն հանդիպումէն, որ նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի «թիւ մէկ»-երուն միջեւ, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահութեան հրաւէրով:
Չենք ուզեր այս նեղ սիւնակին մէջ կանգ առնել հինգշաբթիի համախմբումին արտասանուած խօսքերուն, հնչած իրա՛ւ ահազանգերուն, կամ Սոչիի ու Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած հանդիպումներու (իրական եւ ենթադրեալ) օրակարգերուն մանրամասնութիւններուն առջեւ, թէեւ անմիջապէս պէտք է արձանագրենք կարեւոր հարցում մը. արդեօք հայրենիքի պաշտպանութեան նախանձախնդրութեամբ համախմբուածներուն այս քայլը ուշացա՞ծ է, կամ պիտի յաջողի՞ հակակշռել հաւանական այն վտանգները, որոնց մասին անծայրածիր մեկնաբանութիւններ եւ անընդհատ ահազանգեր կը հնչեն շաբաթներէ, ամիսներէ ի վեր: Այս հարցումը կը ծնի իրողական այն տուեալներէն, որոնց ականատես եղած ենք վերջին մէկ տարուան ժամանակամիջոցին (աւելի ետ չերթանք), տեսած ենք, որ ամէն բան թափանցիկ կատարելու, ժողովուրդէն այլազան լիազօրութիւններ ստացած ըլլալու յաւակնութեամբ երկիր կառավարելու յոխորտանքներով ինքնաքարոզչութեան ելած խմբակը շատո՜նց մոռցած է իր բազմաթիւ խոստումներն ու յանձնառութիւնները, իրերայաջորդ ու գաղտնի-ծածուկ քայլերով, միանձնեայ որոշումներով կ՛երթայ համաձայնութիւններու, որոնցմէ լաւագոյններն իսկ… մնացած են թուղթի վրայ, իշխանութեան պետն ու կողքին գործողները կրկին ու կրկին փաստած են, որ անկարող, անատակ եւ մինչեւ իսկ չկամ են նուազագոյն բարիքները ապահովելու (եթէ միայն յիշենք գերիներու պարագան, ուր թիւի յաւելում եղաւ` նուազումի փոխարէն…): Դեռ կան այն մեկնաբանութիւնները, որ իշխանաւորները, գիտակցաբար թէ որոշումով, աւելի՛ կը ծառայեն թշնամիի հաշիւներուն, քան` մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին:
Յուսաբեր Տարրեր
Հինգշաբթիի համախմբումին կարեւորութիւնը եւ այդ իմաստով ալ` յուսաբեր ձիւնագնդակի մը անոր հանգամանքը կը պայմանաւորուին քանի մը կէտով:
… Վստահաբար չէ մոռցուած, որ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, ամէն տեսակի տարակարծութիւն մէկդի թողած եւ իշխանութեան կողքին կանգնած, անոր գործակցութեան ձեռք երկարած ընդդիմադիրները` այդ օրերու խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները, իրենց երկարած ձեռքին հարուածներ ստանալէ (չմոռցողներ կան, որ մերժողն ու հարուածողը իշխանաւոր խմբակն էր, թէեւ յետոյ անոր քարոզչական մեքենան սկսաւ իրականութիւնները ներկայացնել ծուռ հայելիով), պատերազմին անբարունակ եւ շատերուս համար անսպասելի ելքէն ետք, անյապաղ ձեռնարկեց Հայրենիքի փրկութեան շարժումի մը. այդ օրերուն ալ 16-17 կուսակցութիւններ ու խմբաւորումներ ի մի եկան եւ ստեղծեցին ձիւնագնդակ մը, որ սկսաւ դրական թաւալքով, սակայն երբ… գարունն ու ամառը վրայ հասան, ձիւնհալ տեղի ունեցաւ, իսկ 20 յունիսի ընտրութիւնները գրեթէ շոգիացուցին վերջին հետքերը: Երկրին գրեթէ բոլոր հեղինակաւոր կողմերը մէկ յայտարարի վրայ բերող (նախագահ, բանակայիններ, հոգեւորական իշխանութիւններ, դիւանագիտական անձնակազմէն տարրեր եւ այլն) այդ ձիւնագնդակին չէզոքացումը տեղի ունեցաւ իշխանութեան հակայարձակման եւ զայն հովանաւորողներուն ձեռքերուն միացումով…
Բնականաբար կարելի չէ բաղդատութեան դնել տարի մը առաջ կազմաւորուած եւ 25 նոյեմբերին ծնած ձիւնագնդակները: Այդ օրերուն, հրապարակ նետուեցան «ժողովուրդը ցնցումի մէջ է», «հարուածին տարողութիւնը տակաւին կարելի չէ խորաչափել» եւ նման պատճառաբանութիւններ: Հիմա, պատերազմէն աւելի քան տարի մը ետք, զանգուածը արդէն բաւականաչափ «մարսած» է պատերազմին հետեւանքները (հողերու եւ մարդկային, նիւթական հսկայական կորուստներ…), բազմացած են խաբուսիկ խոստումներուն սնանկութեան վկաները, որոնք սկսած են ներգրաւել նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն` իշխանաւորներուն քուէ տուածները: Փաստօրէն բոլորին համար այսօր շատ աւելի պարզ է եւ անմշուշ, որ Արցախի կորուստէն ետք Ազրպէյճան արդէն պատառիկներ խլած է նոյնինքն Հայաստանէն, չի ծածկեր աւելի՛ն խլելու յաւակնութիւնները, որոնց դիմաց իշխանաւորներուն «խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն պիտի ունենանք»-ի պատրանքները թօթափած են թափանցիկ քողը:
Երկու Շարժումներու Մէկտեղում
25 նոյեմբերի հաւաքը յատկանշական է, որովհետեւ ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ քով քովի կը բերէ խորհրդարանին մէջ եւ փողոցը ընդդիմադիր խմբաւորումներուն ամիսներ առաջ սկզբնաւորած շարժումը: Անիկա ուղղակի հակադարձութիւն մըն է իշխանութեան կրաւորականութեան եւ ժողովուրդին կամքը արհամարհելու վարքագիծին: Աւելի քան շաբաթ մը առաջ խորհրդարանական ընդդիմադիր խմբաւորումները պաշտօնական պահանջ ներկայացուցած էին (քանի՛ երորդ անգամ ըլլալով), որ արտակարգ նիստ մը գումարուի սահմանային վտանգալից վիճակը քննարկելու համար, իսկ իշխանաւորները շինծու պատճառաբանութիւններով մերժեցին ընդառաջել: Խորհրդարանի նախագահ Ալեն Սիմոնեան պատճառաբանեց, որ դիմումը «աշխատանքի օրուան օրինական ժամանակէն ետք» հասած է խորհրդարանի պատկան գրասենեակը, ու մէկը անոր երեսին չտուաւ, որ երբ սահմանին վրայ անակնկալ վատթարացում տեղի ունեցած է, արդեօք խորհրդարանը պէ՞տք է հաշուի առնէ նման (շինծու եւ ստապատիր) ձեւականութիւն, թէ` մինչեւ իսկ եթէ պէտք ըլլայ, խորհրդանանը պէտք է, ըսենք, գիշերուան ժամը 9-ին, 10-ին կամ 12-ին արտակարգ նիստի կանչուի… Երբ «պաշտօնեայի հոգեբանութիւն» կը տիրէ (ճշդում. բոլոր պաշտօնեաները այդպէս չեն), «կանուխ պէտք էր դիմէիք»-ը հոս կը գործածուի իբրեւ պահպանակ` կրաւորականութեան եւ անտարբերութեան դէմ: Եւ ահա այս (ան)պատասխանատու պաշտօնատարը կը վարձատրուի… աւելի քան 180 հազար տոլար արժողութեամբ ինքնաշարժով մը (խորքին մէջ` ստորակէտ մը` իշխանաւորներու փտածութեան, որուն տարբեր դրսեւորումներուն ականատես ենք պատերազմին նախընթաց շրջանէն ի վեր, իրենց կարգ մը կողմնակիցներուն իսկ խոստովանութեամբ: Այլ ստորակէտներ են նաեւ լրատու կարգ մը աղբիւրներու այն տեղեկութիւնները, որ ինքնաշարժը պիտի գնուի… Գագիկ Ծառուկեանի պատկանող ընկերութենէ մը, իսկ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող Ծառուկեանը հանգիստ սրտով դուրս եկած է քաղաքական դաշտէն):
Խորհրդարանական ընդդիմադիր դաշինքները ամիսներ շարունակ օրինական պայքար մղեցին խորհրդարանէն ներս, սակայն մի՛շտ ալ իրենց դէմ գտան իշխանաւորներուն խափան(արար)ման քայլերը, որովհետեւ դրօշակի վերածուած էր, որ ժողովուրդը 20 Յունիսին «պողպատեայ մանտաթ» տուած է իրենց, ուրեմն կրնան արհամարհել ընդդիմադիրնե՛րն ալ զիրենք վերընտրող ժողովո՛ւրդն ալ եւ երկրին հետ վարուիլ այնպէ՛ս, ինչպէս կ՛ուզեն (իսկ թէ նման վարմունքի արտաքին թելադրանքները ուրկէ՞ կը ստանան` նմանապէս հիմա աւելի յստակ է, քան` նոյնինքն ընտրութիւններու կամ նախընթաց փուլերուն): Խորհրդարանական ընդդիմադիր ճակատը, որ խոստացած էր զուգահեռաբար վերարծարծել հրապարակային բողոքի շարժումը, առաւ առաջին քայլերը, որոնք ահաւասիկ աւելի քան շաբաթ մը առաջ, մասնաւորաբար 16 նոյեմբերի յարձակումէն ու բազմայարկ վնասներէն ետք, համապատասխան արձագանգ գտան արտախորհրդարանական ընդդիմադիրներու շարքերէն: Երկու կուսակցութիւններու եւ քանի մը անհատ-դէմքերու նախաձեռնութեամբ, հրապարակներու վրայ սկիզբ առաւ «Ազատագրական շարժում» մը, որ ահաւասիկ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ մէջ կը միանայ խորհրդարանական ընդդիմադրութեան:
Ո՛չ` Քաղաքացիական Պատերազմին
Միջանկեալ կ՛ուզենք շեշտել կարեւոր կէտ մը, որ քաղաքական բանավէճերու նիւթ է մեր հայրենիքին մէջ (նաեւ` սփիւռքի): Խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ, բայց մասնաւորաբար անկէ ետք, յաճախ կը հնչէ պահանջ մը, որ` խորհրդարանական ընդդիմադիրները պէտք է ԳՈՐԾԻ ԱՆՑՆԻՆ, «խօսքով ապուր չ՛եփիր»: Նման ակնկալութիւն արդարացման հիմքեր ունի, որովհետեւ ի վերջոյ փաստուած է, ու իշխանութիւնը վճռած է աննահանջ շարունակել… նահանջի եւ հողատուութեան երթը, պարբերաբար «ազերիական» կը հռչակէ հայկական անվիճելի հողեր եւ տրամադրութիւն ցոյց կու տայ անոնց յանձնումին (սահմանազատման քողը թափանցիկ է…): Նման պահանջ դնողներ կ’անտեսեն այն հաւանականութիւնը, որ եթէ ընդդիմադիրները (նա՛եւ` արտախորհրդարանական) բիրտ ուժի դիմեն, երկիրը կրնայ իյնալ քաղաքացիական պատերազմի ոլորապտոյտին մէջ (նման փորձ կատարուեցաւ 2008-ին…): Մինչդեռ ներքին ճակատին վրայ երկրի փրկութեան պայքարը բացառապէս պէտք է մնայ, ու կը մնայ, խաղաղ, ժողովրդավարական, քաղաքակիրթ միջոցներու ծիրին մէջ:
Իշխանաւորներէն Հեռացումներ
Սկիզբ առած ձիւնագնդակը ի յայտ բերաւ նաեւ քանի մը այլ դրական երեւոյթներ: Անոր միացած են, ըսել կ՛ուզենք` նախաձեռնողներուն շարքին են, այնպիսի դէմքեր, որոնք օր մը մաս կազմած էին «քալողներու»ն եւ յետոյ, ներքին խոհանոցներուն իրազեկումով, բացին իրենց աչքերը եւ դուրս եկան «Իմ քայլը» խմբակէն, դարձան չէզոք երեսփոխան, աւելի ուշ ոմանք միացան այսօրուան ընդդիմադիրներուն: Անոնք իրենց կողքին ունին, ինչպէս նշեցինք արդէն, բանիմաց մարդիկ` մարդկային իրաւանց մասնագէտներ, պատմագէտներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, պաշտպանական, քաղաքական-դիւանագիտական կեանքէ աւելի՛ հասկցողներ, փորձառութիւն ունեցողներ, քան` հայրենաքանդ խմբակին բազմաթիւ անդամները: Ուշագրաւ է, որ իշխանութեան ոչ արհամարհելի թիւով գործակիցներ եւ համախոհներ, ոմանք` նմանապէս նախկին երեսփոխաններ, հրապարակ կու գան իշխանութիւնը քննադատողի դիրքերէ, իրենց տեսածին-գիտցածին հիմամբ կը կատարեն բացայայտումներ, ցոյց կու տան իշխանաւորներուն տկարամտութիւնը, անհոգութիւնն ու վնասարար ընթացքը: Հետեւաբար կարելի է ենթադրել, որ վաղը, այս օղակը կրնայ ընդարձակուիլ (այդպէս չեղա՞ւ նախկիններու մերժումի շարժումին օրերուն…). «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակէն այժմու երեսփոխաններ կրնան հրաժարիլ «շիշ կամ ուսապարկ կրելու» առաքելութենէն, հարց տալ իրենց շեֆին, թէ ո՛ւր կը տանի երկիրը (թէեւ գերի ինկող զինուորները դատարան քաշելու վարչապետին ծանօթ սպառնալիքը դիմաւորուեցաւ «պապանձած Զաքարիաներու» կողմէ, եւ ո՛չ ոք յանդգնութիւնը ունեցաւ հարց տալու. «Ի՜նչ կ՛ըսէք, պարո՛ն Փաշինեան: Չէ՞ որ Ազրպէյճանն է մեր գերիները դատողն ու դատապարտողը… Ինչպէ՞ս կրնաք ձեր միտքէն անցընել, որ հայ զինուորը կամովին գացած եւ անձնատուր եղած է ազերի յարձակող ուժերուն, երբ բացայայտ է, որ կրնան տանջանքի մատնուիլ, սպաննուիլ, լաւագոյն պարագային` դատուիլ իբրեւ խափանարար-ահաբեկիչ»: Կամ արդեօք անո՞նք ալ, վարչապետին պէս, մտածումը ունին, որ բանակայինը որդեգրած է… անձնատուութեան եւ նահանջի ուղին):
Շարժումէ Անդին` Գործ
25 նոյեմբերի համախմբումը, վերոյիշեալ յուսատու տարրերէն անդին, նախանշանը տուաւ ԴՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾի շարժումի մը: Արդէն կը խօսուի, անկարող իշխանութեան փոխարէն, աւելի կարող միաւորի մը, ձեւով մը` «շուք-կառավարութեան» մը ձեւաւորման մասին, ընտրանք, որ այլապէս ուշացած է, սակայն չմոռնանք, որ «ուշ-ուշ են գալիս, բայց` ոչ ուշացած»: Նման կազմ մը, որ կրնայ ընդգրկել գիտնականներ, քաղաքական-դիւանագիտական դէմքեր, տարբեր մարզերու գործիչներ, կրնայ շուտով գոյացնել ժողովրդային այն ենթահողը, որուն վրայ Հայաստան ներքին եւ արտաքին ճակատներուն վրայ հրապարակ գայ իրաւատիրութեան եւ պահանջատիրութեան աւելի՛ հզօր դիրքերէ (չենք ուզեր հաւատալ այն մեկնաբանութիւններուն, որ իշխանութեան պատճառած քանդումն ու աւերումները հասած են անդառնալի կէտի: Չմոռնալ, որ մինչեւ իսկ ստորագրուած եւ վաւերացուած աննպաստ փաստաթուղթեր կարելի է պատռել, երբ բաւարար հզօրանքը գոյանայ): Սա կը նշանակէ` հաւաքագրումը ժողովուրդի լայն զանգուածներուն, որ այս անգամ երկրի ղեկին բերեն խոստումներէ եւ սին պատրանքներէ անդին անցնող կառավարութիւն մը: Նման յոյս արձանագրելով` ինքնաբերաբար կը մերժենք հաւատալ այն հաւաստիքներուն, որ մեր ժողովուրդը ձանձրախտէ կը տառապի, ձեռք քաշած է հայրենիքէն ու անոր բոլոր հողերուն պաշտպանութենէն, բռնագրաւեալ մեր բոլոր «հայրենիքներ»-ուն տիրութենէն, որքան ալ որ կերուխումի մասին շրջան ընող պատկերները իրական ըլլան: Չմոռնանք, որ արցախեան շարժումի առաջին օրերուն հրապարակին վրայ ուժգնօրէն կը հնչէր. «Եթէ Հայաստան իրեն պիտի չմիացնէ Արցախը, Արցախը իրեն պիտի միացնէ Հայաստանը»: Նոյն կամքով ու տրամաբանութեամբ ալ ժողովուրդը, գիտակից ու հայրենասէր ժողովուրդը, անհայրենիք-աշխարհաքաղաքացի կամ «թրքահպատակ» ըլլալ մերժող զանգուածը պիտի հետեւի բանաստեղծին ծանօթ պատգամին. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար…», թոյլ պիտի չտայ, որ ձիւնագնդակը հալի եւ շոգիանայ դարձեալ:
Ծաւալող շարժումին Ազգային ժողովի բեմէն սկիզբ առնելն իսկ շօշափելի գրաւական է:
25 նոյեմբեր 2021