Ահաբեկչական, Բարբարոսական Արարք՝ Ազրպէյճանի Բարձրագոյն Իշխանութեան Ցուցմունքներուն Ներքոյ. ԱՀ ԱԳՆ

Ահաբեկչական, Բարբարոսական Արարք՝ Ազրպէյճանի Բարձրագոյն Իշխանութեան Ցուցմունքներուն Ներքոյ. ԱՀ ԱԳՆ

03 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՐՑԱԽ:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կը նշուի.

«Դեկտեմբեր 3-ին, Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Ճարտարի բնակիչ 1956 թ-ի ծնունդ Սէյրան Սմբատի Սարգսեան, զբաղելով անասնապահութեամբ, մոլորուելու իբրեւ արդիւնք գերեվարուած է ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու կողմէ եւ սպաննուած։

Նման ահաբեկչական, բարբարոսական արարքը Ազրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով վարուող հայատեաց եւ ցեղասպան քաղաքականութեան դրսեւորում է եւ իրականացուած է Ազրպէյճանի բարձրագոյն իշխանութեան ցուցումներուն ներքոյ։ Ատոր ապացոյցներէն է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տարածուած կեղծ հաղորդագրութիւնը, ուր կ՝արդարացուի Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ահաբեկչական գործողութիւնը։

Պաշտօնական Պաքուի նման պահուածքը միջազգային իրաւունքի եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է, անյարգալից վերաբերմունք՝ ձեռք բերուած բոլոր համաձայնութիւններուն հանդէպ եւ նպատակ ունի ահաբեկելու Արցախի բնակչութիւնը, ստիպելու անոնց լքելու հայրենիքը։

Նման քաղաքականութիւնը նաեւ բիրտ հարուած է Ռուսիոյ կողմէ իրականացուող խաղաղապահ առաքելութեան։

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի ահաբեկչական քաղաքականութիւնը, կոչ կ՝ընէ միջազգային հանրութեան համարժէք գնահատական տալու Ազրպէյճանի սանձարձակ գործողութիւններուն։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հորդորէ Արցախի բնակչութիւնը չտրուիլ սադրանքներու եւ մէկ անգամ եւս կը յայտարարէ, որ Արցախը եղած է, կայ եւ պիտի մնայ հայկական. ոչինչ կրնայ խարխլել մեր կամքն ու հայրենիքի մէջ ապրելու հաստատակամութիւնը»։

Azerbaijan Destroys More Armenian Monuments Than the Terrorists Do in the Middle East – US Ex-Senator

NAKHICHEVAN JULFA

yerakouyn.com/2021/12/03/ահաբեկչական-բարբարոսական-արարք՝-ազր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail