Կիպրոսը Հայերուն Նկատմամբ Ազրպէյճանի Յարձակումները Դատապարտող Բանաձեւ Ընդունած Է
04 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տունը 3 դեկտեմբերին միաձայնութեամբ ընդունած է «Հայերուն նկատմամբ Ազրպէյճանի շարունակական յարձակումները եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացիկ իրավիճակի վերաբերեալ» վերտառութեամբ բանաձեւը:
Նշենք, որ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբը, նկատի ունենալով Արցախի պատերազմի միամեակը եւ Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող սադրանքները Հայաստանի նկատմամբ, գործակցաբար հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին հետ, ինչպէս նաեւ Արցախի բարեկամներու շրջանակին, Ազրպէյճանը դատապարտող բանաձեւը պատրաստեց, որ խորհրդարան ներկայացուեցաւ Արցախի բարեկամներու շրջանակի անդամ խորհրդարանականներու կողմէ:
Բանաձեւը կը դատապարտէ Ազրպէյճանի յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, նաեւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան գործելու այնպէս, որուն հիմամբ պէտք է դադրին Ազրպէյճանի յարձակումները Հայաստանի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կը յորդորէ միջազգային կառոյցները մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերել Արցախի բնակչութեան:
Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ թրքական ներգրաւուածութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած պատերազմին:
Յայտնենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այս լուրը ուղարկեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն, որոնք լայնօրէն անդրադարձան անոր:
www.aztagdaily.com/archives/531152