Տոմս. Մասնագիտական Պատրաստութիւնը Կարեւոր Է… – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
04 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան (բազմազբաղ) յանձնաժողովը երեքշաբթի, 23 նոյեմբերին նիստ գումարած է եւ, ի շարս այլ հրատապ հարցերու, քննարկած է (չէ՜, սահմաններու, ապահովութեան, գերիներու եւ գրաւեալ հողերու հարցերը իր գործը չեն) կարգ մը մարզարաններու մէջ… մասնագիտութիւն չունեցող մարզիչներու հարցը:
Փոխ նախարար Կարէն Կիլոյեան պատկերասփիւռի ոսպնեակներու առջեւ խոր վրդովմունքով խօսեցաւ «ահաւոր վիճակ»-ի մը մասին: Կան մարզիչներ, որոնք մարզական քանի մը շարժում ըրած են իրենց ամբողջ կեանքին մէջ եւ իրենք զիրենք հռչակած են մարզիչ: «Ասանկ բան կ՛ըլլա՞յ…»: Հետեւանքը եղեր է այն, որ տգէտ մարզիչներուն ցուցմունքներով մարզուողներ ստացած են մարմնական վնասուածքներ (մանրամասնութիւններ ալ թուեց): Եզրակացութիւն. բոլոր մարզիչները պէտք է ունենան համապատասխան պատրաստութիւն, մասնագիտական վարժութիւններէ անցած ըլլան:
100 տոկոս համաձա՛յն ենք: Վստահ ենք, որ մեր ընթերցողնե՛րն ալ համաձայն պիտի ըլլան` առանց բացառութեան: Ի՞նչ կը նշանակէ առանց մասնագիտական պատրաստութեան` մարզիչ դառնալ եւ մատղաշ մարզիկներու մկաններուն ու ոսկորներուն վնասուելուն պատճառ դառնալ: Ամէն բան` ուսուլով, օրէնքով, կարգ ու կանոնով: Պէտք է վերջ տալ անիշխանական վիճակին, որ համազօր է «թալանչիութեան, կոռուպցիայի» եւ մասամբ նորին:
***
Հարցը հոն չէ, որ Հայաստանի առջեւ լեռնացող` շատ աւելի մտահոգիչ ու ծանրակշիռ հարցեր նման նախանձախնդրութեամբ չեն քննարկուիր պատկան մարմիններու կողմէ (տեղ-տեղ փորձ կ՛ըլլայ, բայց ծանօթ հերոսները կը խափանեն թէ՛ խորհրդարանին եւ թէ՛ անոր յանձնաժողովներուն մէջ, կառավարութիւնն ալ զբաղած է խաղաղութեան պատրանքներու ետեւէն վազելով…): Հարցը հոն է, որ նոյն նախանձախնդրութիւնը, այսինքն մասնագիտական հմտութիւն, պատրաստուածութիւն չի պահանջուիր շա՜տ աւելի կարեւոր ոլորտներու մէջ պատասխանատու պաշտօններու կոչուողներէ` նախարարներէ, դեսպաններէ, զինուորականներէ եւ պետական բարձրագոյն աթոռները գրաւողներէ: Եթէ սկսինք անուններ արձանագրել, քանի մը սիւնակ անբաւարար պիտի ըլլայ, թող որ մեր ընթերցողները գիտեն, թէ, օրինակ, ինչպիսի՜ մասնագէտներ են արտաքին գործոց, պաշտպանութեան, առողջապահութեան եւ այլ նախարարներ, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանը եւ բանակային կարգ մը հրամանատարներ, արդարադատութեան ոլորտին մէջ հին դարակներէ բերուած պաշտօնակատարներ…
Հոն, սիրելի՛ ընթերցող, մտահոգուելու նոյն պատճառները չունինք: Անոնք պատանի կամ երիտասարդ մարզիկներու-մարզուողներու վնաս չեն պատճառեր: Իսկ Արցախի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս մեր պետութեան հասնող վնասնե՞րը… Որո՞ւ հոգը: Ինչպէս որ մեր գերիները վարժուեցան ամիսներ շարունակ սպասման մէջ մնալու, մեր ժողովուրդն ալ սկսած է վարժութիւն ձեռք բերել հողերու եւ կեանքերու կորուստին, չվարժուողն ալ կը վերցնէ… գաղթականի ցուպը (չհաւատա՛ք, որ տարեսկիզբէն ի վեր շուրջ 100.000 անվերադարձ մեկնող արձանագրուած է եղեր):
23 նոյեմբեր 2021
www.aztagdaily.com/archives/531113