Լարուած Իրավիճակ՝ ՀՀ Կառավարութեան Շէնքին Դիմաց․ Գերիներու Հարազատները Փակած են Փողոցներուն Երթեւեկելի Հատուածը

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ – RESISTANCE – المقاومة – RÉSISTANCE – СОПРОТИВЛЕНИЕ

Լարուած Իրավիճակ՝ ՀՀ Կառավարութեան Շէնքին Դիմաց․ Գերիներու Հարազատները Փակած են Փողոցներուն Երթեւեկելի Հատուածը

07 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Անհետ կորսուած եւ գերեվարուած զինծառայողներուն հարազատները, որոնք կառավարութեան դիմաց բողոքի ցոյց կ՝իրականացնեն, կը պահանջեն ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանէն գալ եւ պատասխան տալ գերիները դասալիք անուանելու համար: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Հարազատները յայտարարեցին՝ քանի որ ԱԺ նախագահը դեռ չէ եկած, իրենք որոշած են փակել կառավարութեան շէնքի մօտակայ փողոցները:

Ոստիկանները՝ անօրէն համարելով այդ փողոցներուն փակուիլը՝ կը փորձեն դուրս հանել ցոյցի մասնակիցները, որոնք սակայն կը շարունակեն փակ պահել փողոցները։

Նշենք, որ անհետ կորածներու եւ գերիներու հարազատներուն վերդովեցուցած է այսօր համացանցի վրայ տրածուած այն տեսանիւթը, ուր Ալէն Սիմոնեանը գերիները կը համարէ դասալիքներ եւ կ՝ըսէ, որ գերիները իրեն համար չկան:

yerakouyn.com/2021/12/07/լարուած-իրավիճակ՝-հհ-կառավարութեան-շ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail