Գերիներու Եւ Անհետ Կորսուածներու Հարազատները Բողոքի Ցոյց Կատարեցին Ազգային Ժողովի Շէնքին Դիմաց

Գերիներու Եւ Անհետ Կորսուածներու Հարազատները Բողոքի Ցոյց Կատարեցին Ազգային Ժողովի Շէնքին Դիմաց

09 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Մահ, զինուորը չի յարգող պետական պաշտօնեաներու,
Մահ, ապազգային ուղեղ ունեցող ղեկավարներու,

lousavor-avedis.org

Ազգային ժողովի նախագահի յայտարարութենէն զայրացած գերիներու եւ անհետ կորսուածներու հարազատները երէկ ամբողջ օրը բողոքի ցոյց կատարեցին Հայաստանի խորհրդարանի շէնքին առջեւ. անոնք նոյնիսկ քանի մը վայրկեան փակ պահեցին Բաղրամեան պողոտան, ոստիկանները քանի մը ցուցարարներ բերման ենթարկեցին:

Գերիներու եւ անհետ կորսուածներու հարազատները հանդիպում կը պահանջէին Ալեն Սիմոնեանի հետ, որպէսզի ան բացատրութիւն տայ իր քանի մը օր առաջ հրապարակուած յայտարարութեան համար: Ալեն Սիմոնեան ըսած էր, որ այդ գերիները զէնքը վար դրած եւ փախչած մարդիկ են: Ան ձայնագրութեան մը մէջ կը հիմնաւորէր նաեւ, թէ ինչո՛ւ գերեվարուած զինուորներու ծնողները աշխուժ չեն, որովհետեւ, կ՛ըսէ Սիմոնեան, թէ անոնք գիտեն, որ իրենց զաւակները դասալիք են:

Զայրացած հարազատները կ՛ըսեն` աւելի քան մէկ տարի է իրենց որդիները կը սպասեն, այժմ առանց համապատասխան քննութեան անոնց դասալիք կը կոչեն: Անոնք կը մեղադրեն իշխանութիւնները հեղինակազուրկ ըլլալու համար` նշելով, թէ այդ իշխանութիւնները ունակ չեն գերիներու հարցը լուծելու:

Գերիներու հարազատներու եւ Ալեն Սիմոնեանի հանդիպում երէկ տեղի չունեցաւ: Ցուցարարներէն ոմանք շարունակեցին մնալ Ազգային ժողովի շէնքին մօտ:

aztagdaily.com/archives/531634

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail