Լա Հէյի Դատարանը Պահանջած Է Ազրպէյճանէն Կանխել Հայերուն Նկատմամբ Ցեղային Ատելութեան Տարածումը
08 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը, նախագահութեամբ դատաւոր Ճոան Տոնոկիուի, հրապարակեց «Հայաստանն ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործով հրատապ միջոցներ սահմանելու Հայաստանի դիմումի վերաբերեալ որոշումը: Լա Հէյի դատարանը պահանջած է Ազրպէյճանէն կանխել հայերու նկատմամբ ցեղային ատելութեան տարածումը:
Ըստ որոշումի առաջին կէտին, Ազրպէյճանը պէտք է բռնութենէ պաշտպանէ 2020-ի արցախեան պատերազմի ընթացքին կամ անոր պատճառով գերութեան մէջ յայտնուած անձերու անվտանգութիւնը եւ երաշխաւորէ անոնց հաւասարութիւնը օրէնքի առջեւ: Միջոցներ ձեռնարկէ ծագումով հայերու նկատմամբ ցեղային ատելութեան տարածումը կանխելու համար, ներառեալ պաշտօնեաներու եւ պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներու կողմէ: Ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումները` կանխելու եւ պատժելու վայրագութեան եւ պղծման բոլոր գործողութիւնները, որոնք կատարուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ, այդ կարգին` եկեղեցիներու եւ պաշտամունքի այլ վայրերու, յուշարձաններու, բնութեան վայրերու, գերեզմաններու եւ այլ կոթողներու դէմ:
Դատարանը կողմերուն կոչ ուղղած է ձեռնպահ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կը դժուարացնեն դատարանի աշխատանքը:
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 16 սեպտեմբեր 2021-ին հայց ներկայացուցած էր ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան դէմ` Պաքուն մեղադրելով ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային համաձայնագիրի դրոյթները խախտելու մէջ:
www.aztagdaily.com/archives/531530