ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկիրները Անընդունելի Կը Նկատեն Սահմանային Վէճերու Լուծման Հարցին Մէջ Ուժի Կիրարկումը Կամ Սպառնալիքը
09 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան, որոնք կը ներկայացնեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահ երկիրները, աջակցութիւն յայտնած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ անմիջական երկխօսութեան վերականգնման:
Համանախագահ երկիրները կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն շարունակելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ երկխօսութիւնը, որ սկսած է Նիւ Եորքի մէջ սեպտեմբերին եւ Փարիզի մէջ նոյեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումներով, ինչպէս նաեւ շարունակելու ղեկավարներու մակարդակով հաղորդակցութիւնները` շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար: Այս մասին կը նշուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու հրապարակած միացեալ յայտարարութեան մէջ:
Համանախագահ երկիրները Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն զերծ մնալու սադրիչ հռետորաբանութենէն եւ գործողութիւններէն, եւ ամբողջութեամբ կատարելու 9 նոյեմբեր 2020-ին եւ 26 նոյեմբեր 2021-ին ստանձնած պարտաւորութիւնները` ըստ Ազրպէյճանի նախագահին, Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսիոյ նախագահին միջեւ եւ այլ միասնաբար որդեգրուած զինադադարի համաձայնագիրներու: Համանախագահ երկիրները Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն շարունակելու համանախագահներու հովանիին տակ իրենց համագործակցութիւնը` որոշակի յառաջընթաց արձանագրելու մարդասիրական խնդիրներու, ներառեալ կալանքի տակ գտնուող անձերու, ականազերծման, անհետ կորսուածներու, տեղահանուած անձերու կամաւոր վերադարձին եւ պատմամշակութային վայրերու պաշտպանութեան վերաբերող խնդիրներու կարգաւորման հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ կառուցողական աշխատանք տանելու այլ կարեւոր հարցերու լուծման համար, ինչպիսիք են սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, ինչպէս նաեւ տնտեսական ու փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակումը:
Համանախագահ երկիրները նաեւ մտահոգութեամբ կը մատնանշեն հայ-ազրպէյճանական չսահմանագծուած սահմանին վրայ տեղի ունեցած վերջին միջադէպերը եւ կը հաստատեն, որ սահմանային վէճերը լուծելու հարցին մէջ ուժի կիրարկումը կամ ատոր սպառնալիքը անընդունելի են:
Համանախագահ երկիրները նաեւ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կը յիշեցնեն իրենց պարտականութեան մասին` հաւատարիմ մնալու միջազգային մարդասիրական իրաւունքի պահանջներուն, եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն անմիջապէս ջնջելու միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն դէմ գործող բոլոր սահմանափակումները` արտօնելով հասանելիութիւն ստանալ դէպի տագնապէն վնասուած շրջաններ եւ բնակչութեան:
Համանախագահ երկիրները կողմերը կը յորդորեն կարելի եղածին չափ շուտ համանախագահները ընդունիլ շրջանին մէջ` անոնց տեղւոյն վրայ արտօնելով անմիջականօրէն գնահատելու կացութիւնը, շօշափելի յառաջընթաց արձանագրելու վերոնշեալ հանդիպումներուն մէջ քննարկուած մարդասիրական նախաձեռնութիւններու իրագործման հարցին մէջ եւ համաձայնութեան գալու հետագայ հաղորդակցութիւններու օրակարգին շուրջ: Անոնք կը վերահաստատեն իրենց աջակցութիւնը շրջանին մէջ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի աշխատանքին եւ կողմերը կը յորդորեն համագործակցիլ այդ ջանքերուն:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները կը վերահաստատեն իրենց յանձնառութիւնը իրենց լիազօրութեան համաձայն կողմերուն հետ աշխատելու` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին պատճառով յառաջացած կամ ատոր առնչուող բոլոր գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն համապարփակ լուծումներ գտնելու համար, որպէսզի նպաստեն Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ անվտանգ, կայուն, բարգաւաճող եւ խաղաղ ապագայի հաստատման:
www.aztagdaily.com/archives/531649