Աւօ Գաթրճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման Հերոսապատումը» Գիրքի Շնորհահանդէսը Պէյրութի Մէջ

Աւօ Գաթրճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման Հերոսապատումը» Գիրքի Շնորհահանդէսը Պէյրութի Մէջ

09 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

«Ազդակ» օրաթերթի խմբագրական կազմին եւ Համազգայինի «Գիր եւ գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, երէկ` Երեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2021-ին` երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աւօ Գաթրճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» գիրքին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Բիւրոյի անդամներուն, ՀՅԴ աշխարհատարած կառոյցի մարմիններու ներկայացուցիչներուն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։

Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ Խրոյեան, որ լուսարձակի տակ առաւ արժէքն ու կարեւորութիւնը անկախութեան, զոր մեր ժողովուրդը հարիւրամեակներ փայփայեց, պայքարեցաւ անոր համար եւ միշտ ապրեցաւ զայն ձեռքբերելու երազով:

Ան յատկապէս անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան, որ կերտուեցաւ շնորհիւ երկարատեւ պայքարի, դարերու անխոնջ գործունէութեան եւ հայոց պատմութեան զոհասեղանին նուիրաբերուած ընտրանիին` աւելցնելով, որ անկախութիւն կերտելն ու ունենալը չէ՛ միակ մարտահրաւէրը, այլ զայն ըստ արժանւոյն փայփայելն ու մասունքի նման պահպանելն է հիմնականը: Առ այդ, ան հրամայական նկատեց պատմութեան փառապանծ փուլերէն մեզի հասած յաղթանակին ու նուաճումներուն շարունակութեան համար աշխատիլ` միշտ առաջնորդ ունենալով ազգային վեհ սկզբունքները:

Քրիստ Խրոյեան շեշտեց, որ անցեալը ներկային կամրջելու եւ ապրուած կեանքի փորձառութիւնները մեզի փոխանցելու առումով մեծ դեր վերապահուած է պատմագրութեան, որով շատ անգամ իրականութիւնը փրկուած է մոռացումէ եւ աղաւաղումէ, սերունդներ դասեր քաղած են պատմութեան դէպքերէն եւ իրադարձութիւններէն:

«Հայութեան համար բացարձակ արժէք հանդիսացող անկախութեան նուիրականութիւնը կը մարմնաւորուի յատկապէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհուրդին մէջ: Այդ խորհուրդը ամփոփուած է Աւօ Գաթրճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» գիրքին մէջ, որ  պատմական իրողութիւններն ու անկախութիւն կերտած դէմքերը որեւէ խեղաթիւրումէ զերծ պահելու առումով մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ», ըսաւ ան` նշելով, որ Աւօ Գաթրճեանի գիրքը կու գայ հարստացնելու մեր ազգային անվտանգութեամբ հետաքրքրուող կառոյցներու գրադարանները, եւ յոյս յայտնելով, որ նման հրատարակութիւններ բազմանան, որովհետեւ անցեալի փաստերը համադրելով եւ զանոնք հանրութեան տրամադրութեան տակ դնելով կը շեշտուին ազգային արժէքները, ուղղութիւն կը տրուի մոլորածներուն:

Հատորը ներկայացուց ՀՅԴ-ի «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Արտաշէս Շահպազեան, որ իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ մերօրեայ իրավիճակը, երբ պատմութեան, յիշողութեան, ազգային եւ հաւաքական շահերու դէմ յաղթարշաւ ծայր առած է` նշելով, որ հերոսական սերունդներու կամքով գծուած հայրենիքի նոր սահմաններուն տէր չկանգնեցան հայոց կեանքի ղեկը վարողները, որոնք չնկատեցին, որ բերդը քանդուեցաւ ներսէն: «Ապազգայնութիւնը, ազգային-պետական նպատակներու աղաւաղումը, հայոց աւանդական արժէքներէն, մնայուն ու գերակայ շահերէն հրաժարումը վերածուեցան պետական քաղաքականութեան, եւ հետեւանքը եղաւ այն, որ կորսնցուցինք ձեռք բերուածը, հպարտ յաղթողէ վերածուեցանք ամէն գնով անարժանապատիւ խաղաղութեան ձգտող մուրացկանի», նշեց ան: Ա. Շահպազեան այս դատողութիւնները ունենալով իբրեւ նախաբան` անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Աւօ Գաթրճեան այն անձերէն է, որոնք խորապէս կը հաւատան ազգային արժէքներուն եւ գաղափարներու ուժին, անոնց հասարակական-քաղաքական նշանակութեան:

«Աւօ Գաթրճեան իր գործունէութեամբ կը ձգտի պատմական ժառանգութեան վերածուած արժէքներն ու գաղափարները ճանաչելի դարձնել այսօրուան հայ սերունդներուն` ակնկալելով, որ ազգային այդ ժառանգութիւնը դառնայ ապրող սերունդներու հաւատամքն ու փարոսը: Պատմութիւնը, Աւօ Գաթրճեան ուսումնասիրողին համար, միայն յիշողութիւն չէ, այլ նաեւ դաս, որ պիտի սորվեցնէ մեզի ինչպէս յառաջ երթալ եւ չսխալիլ այսօրուան ու գալիք այն մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման, որոնք բնոյթով նոր չեն, այլ յաճախ պատմական անցեալի ժառանգութիւնն են», շեշտեց բանախօսը:

Արտաշէս Շահպազեան ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ նաեւ Աւօ Գաթրճեանի նախապէս լոյս ընծայած հատորներուն մասին, որոնց մէջ եւս շեշտուած է ազգայինը, հայոց լեզուն, Հայ դատը, Ցեղասպանութիւնը: Ըստ անոր, ակունքը, ուրկէ Գաթրճեան կը ստանայ իր քաղաքական եւ գաղափարական սնունդը, Դաշնակցութեան պատմութիւնն է, զոր առանց յաւակնութեան կարելի է կոչել հայոց պատմութիւն: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ եթէ հայկական իրականութեան մէջ երեւոյթները այսքան ենթակայական հաշիւներու ենթակայ չըլլային, եւ գերիշխող ըլլար միայն ազգային շահը, վաղուց բոլորը ընդունած կ՛ըլլային, որ հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ Դաշնակցութեան երդիքին տակ ստեղծուած է հայոց ազգային գաղափարախօսութիւնը, ընդունած կ՛ըլլային, որ այդ գաղափարախօսութիւնը կը ներկայացնէ եւ կը մեկնաբանէ բազմաթիւ հարցեր, որոնք այսօր ալ կը պահպանեն իրենց այժմէականութիւնը: Այս առումով ալ Շահպազեան կարեւոր նկատեց այս գիրքը, որ ո՛չ միայն պատմական անցեալը կը ներկայացնէ, այլ նաեւ ներկայի համար ազգային դաստիարակութեան հիմք կը հանդիսանայ` իբրեւ անցեալէն փոխանցուած բանալի, որով կարելի է բանալ այսօրուան քաղաքական գործընթացներու մութ լափիւրինթոսի դռները:

«Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» հատորը նկատելով դէմքերու, դէպքերու եւ գնահատականներու ուրոյն հանրագիտարան` Արտաշէս Շահպազեան ներկայացուց հատորին բովանդակութիւնը` նշելով, որ անիկա իւրայատուկ ձօն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան այն փառաւոր սերունդին, որուն հերոսացման շնորհիւ ապահովուեցաւ հայութեան հետագայ գոյատեւումը` իբրեւ հայրենի պետականութեան պայմաններուն մէջ ապրող ինքնիշխան ժողովուրդ: Այս առումով ալ ան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան իրողութիւններով պայմանաւորուած նկատեց հազարամեակի շրջադարձը, որով կանխորոշուեցաւ մեր ու տարածաշրջանի պատմութեան հետագայ ընթացքը: «Ճակատագրական այս խաչմերուկին ասպարէզ կ՛իջնէ մեր հազարամեակի պատմութեան երեւելի սերունդներէն մէկը, առանց որուն դժուար է պատկերացնել, թէ ցեղասպանուած ժողովուրդի մը կարելի կ՛ըլլայ նոր պետականութեան վերածնունդ կերտել», ըսաւ բանախօսը` շեշտելով, որ այս նոր հատորին մէջ համախմբուած են հարիւրամեակի հայ երեւելիները, անոնց մասին լուսաբանութիւնները:

Շահպազեան նշեց, որ նոր օրերու «հերոսները» արհամարհեցին պատմութեան դասերն ու փիլիսոփայութիւնը, այդ պատճառով ալ պետականութեան նաւը ուղղեցին դէպի կործանարար խոչ ու խութեր: Գաղափարներու շփոթը, պատմական փորձառութեան անտեսումը այսօր իր ազգային ռազմավարութեան առանցքէն հեռացուցած է հայութեան զանգուածները, իսկ նման աղէտէն դուրս գալու միակ միջոցը վերադարձն է սեփական ինքնութեան, արմատներուն, պատմութեան, պատմական եւ գաղափարաքաղաքական հիմքերուն: «Այս ճակատագրական ընթացքին մէջ Աւօ Գաթրճեանի հեղինակած «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» գիրքը լաւ ուսուցիչ է եւ ուղեկից», շեշտեց բանախօսը:

Իր խօսքը եզրափակելով Արտաշէս Շահպազեան ողջունեց այս հրատարակութեան մէջ իրենց տարբեր տեսակի ներդրումը ունեցողները` «Ազդակ» օրաթերթը, գիրքի մեկենաս Յակոբ Բագրատունին` նշելով, որ նման նախաձեռնութիւններ անպայման պիտի տան իրենց արդիւնքը, նաեւ պարտք պիտի դնեն հաւատաւորներու ուսերուն` շարունակելու այս գործը:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ողջունելէ ետք ներկաները նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, այս փուլը Լիբանանի ամէնէն տագնապալի ու տառապալի օրերը կը նկատուին:

«Այդ պատճառով ալ այսօրուան հաւաքը կրկնակի իմաստ ունի: Հաւաքը կը խօսի խորհուրդի մը մասին, իսկ թուականը` 7 դեկտեմբեր, Հայաստանի երկրաշարժի օրուան կը զուգադիպի, իսկ հաւաքին առիթը` Հայաստանի անկախացումն է: Այս օրերուն առիթին խորհուրդը յատուկ իմաստ կը ստանայ, յատկապէս` արժէքներու քանդումին, անցեալը սեւցնելու, պատմութիւնը նենգափոխելու հետեւողական ճիգերուն, մենք մեզ երբեմն կամաւոր թէ ակամայ ձեւով չճանչնալու, դարաւոր մեր հաւատքին մէջ տկարանալու եւ խորթը այլեւս բնական տեսնելու ու մեր ունեցածը արժեզրկուած նկատելու ընդհանուր հոգեվիճակին մէջ: Վստահաբար դժբախտ օրեր են, եւ այս պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստանի մէջ հայութեան արժէքներուն, մեր սկզբունքներուն, մեր յաղթական երթին յակոտնեայ վիճակներ կը ստեղծուին, եւ սփիւռքով մէկ մենք կը տեսնենք, թէ ինչպիսի՛ ընկճուածութիւն եւ յուսալքութիւն կ՛ապրինք, յանկարծ «խենթ»-ի մը գործը առիթ կը ստեղծէ, որ մենք կարենանք քով-քովի գալ եւ յիշել, որ մեր պատմութեան մէջ միշտ եղած են յուսալքումի եւ յուսախաբութեան պահեր ու ընկճուածութիւն, սակայն մեր պատմութիւնը իր երթը շարունակած է յաղթանակներով: Մեր ժողովուրդին մէջ միշտ եղած են տականքներ, ապերախտներ եւ դաւադիրներ, սակայն եղած են նաեւ յաղթանակը կերտող հերոսներ, որոնք իրենց արեամբ շաղախած են հայրենի հողերը եւ կամ պաշտպանած են հայրենիքը` հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի, եւ մեր ժողովուրդը միշտ շարունակած է տոկալ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Աւօ Գաթրճեանի աշխատասիրութեամբ այս հատորը` «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը», սոսկական գիրք մը եւ գիտական աշխատասիրութիւն մը ըլլալէ անդին այսօրուան պատասխանն է բոլոր այն ժխտական, բացասական եւ յուսալքող երեւոյթներուն, որոնց դէմ յանդիման կանգնած ենք, որոնք ամէն օր կը մրճահարեն մեր ուղեղները, ամէն օր կը ճմլեն մեր սրտերը եւ կը յոգնեցնեն մեր հոգիները:

«Աւօ Գաթրճեան այն համեստ մտաւորականն է ու այն «խենթ»-ը, որ երբ ուրիշներ իրենց ճամպրուկները կը պատրաստէին լքելու համար իրենց ծննդավայրը, ինք Հալէպի մէջ նստած է, առանց ելեկտրականութեան եւ լապտերի լոյսի տակ թուղթին յանձնած է իր մտածումներն ու աշխատանքները: Պրպտող է, համբերատար եւ աշխատող է: Ան մնայունին հաւատացող է: Պատմութիւնը մեզի փոխանցողին աշխատանքը շատ կարեւոր է, այլապէս` պատմութիւնը, իր դէմքերով, դէպքերով եւ յուշ պատգամներով կը մոռցուին, եթէ զանոնք մեզի փոխանցող չըլլայ: Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ Աւօ, որ ի մի խմբեցիր դէմքերը, դէպքերը, յուշերն ու երգերը, եւ վստահ, որ նորահաս սերունդները երախտապարտ պիտի ըլլան քեզի այս աշխատանքիդ համար», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց նաեւ կարեւորութիւնը, որ այս գիրքը հրատարակուեցաւ «Ազդակ»-ի կողմէ:

«Հոս կ՛արժէ նշել, որ Լիբանանի մէջ հրատարակուած առաջին թերթը, որ տակաւին կը շարունակուի հրատարակուիլ, 1927-ին հիմնուած «Ազդակ» օրաթերթն է: Երբ հսկայ կուսակցութիւններու եւ դրամատուներու կողմէ ֆինանսաւորուած օրաթերթեր այսօր փակուած են Լիբանանի մէջ, «Ազդակ»-ը կը շարունակէ հրատարակուիլ շնորհիւ մեր ժողովուրդին, եւ մեր ընթերցողներուն սրտերուն եւ հոգիներուն սնունդ հասցնել», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի արագ ակնարկով մը անդրադարձաւ պատերազմի օրերուն «Ազդակ»-ի հրատարակութեան աշխատանքի դժուարութիւններուն: «Այս բոլորին տոկացած է ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Ազդակ»-ը, եւ վստահ պէտք է ըլլանք, որ պիտի շարունակէ տոկալ եւ «Ազդակ»-ը պիտի շարունակէ մնալ իբրեւ տպագիր հրատարակութիւն, այնքան ատեն որ մենք միասնաբար կրնանք զօրավիգ կանգնիլ «Ազդակ»-ին», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ «Ազդակ»-ը պատմութեան շտեմարան է եւ պիտի շարունակէ մնալ այդպէս:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ «Ազդակ»-ը միայն թերթ չէ, խմբագրատուն չէ, խմբագրական կազմ չէ եւ տպարան չէ, այլ` մարդուժ արտադրող հնոց է: «Կը բաւէ վերադառնալ անցնող երեսուն – քառասուն տարիներու աշխատակիցներուն անուններուն` տեսնելու համար, որ այսօր անոնք աստղերու պէս տարածուած են աշխարհով մէկ եւ դուրսի մեր թերթերուն, ազգային կեանքին մէջ, մեր դպրոցներուն մէջ եղած են մտաւորականներ եւ «Ազդակ»-ի մէջ ստացած իրենց դաստիարակութեամբ եւ աշխատելու կարելիութիւններով կրցած են մէկական փարոս դառնալ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան միշտ նոր գաղափարներ կ՛առաջարկէ, եւ «Ազդակ»-ին կողմէ խոստում կայ, որ ոեւէ անհատ, որ յօդուածաշարքով հանդէս կու գայ «Ազդակ»-ի էջերով, ապա այդ յօդուածները պիտի հրատարակուին:

«Այս բոլորը պիտի կատարենք միասնաբար: Պատահականութիւն չէ, որ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 131-ամեակին առիթով հանդէս եկած ենք «Երէկ, այսօր, միշտ միասին» կարգախօսով: Եթէ միասին չըլլանք, իւրաքանչիւրս առանձնաբար կը կքինք, կը քանդուինք: Միայն միասնաբար կրնանք յաղթել բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն, եւ եթէ այսօր աշխարհատարած մեր կազմակերպութեան տարբեր շրջաններէն հաւաքուած ենք հոս, ապա ասիկա լաւագոյն փաստն է, որ միասին ըլլալը կարգախօս չէ միայն, այլ միասին ըլլալը կեանք է: Մենք կ՛ապրինք միասին եւ կը գործենք միասին: Բոլորս միասնաբար պիտի շարունակենք մեր ժառանգած աշխատանքը` այն ինչ որ սորված ենք մեր մեծերէն եւ այն ինչ որ համեստաբար պիտի կարենանք փոխանցել գալիք սերունդներուն», եզրափակեց ան:

Իր կարգին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան յայտնեց, որ ինք պատմութիւնը սիրող անձ է եւ մեծ պատիւ է իրեն համար խօսիլ Աւօ Գաթրճեանի աշխատասիրած հատորին մասին:  Ան նշեց, որ 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը իրեն համար կարեւորագոյն հանգոյցներէն մէկն է, որովհետեւ հիմնականին մէջ շատ աղբիւրներ կան այդ մասին, պատմութիւնը մասնագիտացած ձեւով գրուած է, եւ այդ ժամանակաշրջանը այսօրուան հետ կ՛առնչուի:

«Այսօր մենք կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ բոլոր հարցերը, որոնք արձանագրուած են Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման ժամանակաշրջանին, ինչպէս` ժողովրդավարութիւն, յառաջդիմական հարցեր, ընկերվարութիւն, իգական սեռի իրաւունք, մարդու իրաւունք, բոլորը առկայ են եւ կը մնան անլոյծ: Ահա այսպիսի հրատարակութիւններ կու գան մեր պատմութիւնը հարստացնելու», յայտնեց ան:

Ր. Տօնապետեան ընդգծեց, որ «Աւօ Գաթրճեան կրցած է իր պատմած դրուագներուն միջոցով, ինչպէս նաեւ լուսանկարներու եւ քարտէսներու ճամբով, այդքան հաճելի եւ հեզասահ ձեւով ներկայացնել պատմութիւնը, որ կը հաւատամ, որ նորահաս սերունդներուն համար օգտակար գործ պիտի ըլլայ»: Ան յոյս յայտնեց, որ Աւօ Գաթրճեանի գրիչը մնայ անսպառ եւ աշխատանքը շարունակուի, որպէսզի նաեւ այլ յօդուածներ ու ապա հատորներ լոյս տեսնեն ու հրատարակուին:

«Քարտէսները ինծի շատ բան կ՛ըսեն. կը կարծեմ` մեր մեծամասնութիւնը քարտէսներով կ՛ապրի. կը հրճուի, կը տխրի: Հայաստանի աշխարհագրական տարածութիւնը կ՛ըլլայ մեր ուրախութեան կամ տխրութեան պատճառը: Այս բոլորը ցոյց կու տան մեր ժողովուրդի ապրելու կամքը, որովհետեւ եթէ նոյն քարտէսներուն վրայ փնտռենք ուրիշ ժողովուրդներ, որոնք մեզի նման հին արմատներ ունին եւ կայսրութիւն չեն եղած, անոնք այսօր ընդհանրապէս գոյութիւն չունին քարտէսներուն վրայ: Սակայն մենք տակաւին հոն ենք, եւ մանաւանդ այսօր, երբ սահմանազատման եւ սահմանագծումի մասին կը խօսուի, ապա մեր ժողովուրդը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումէն դասեր պէտք է քաղէ, որովհետեւ այդ բոլորը մենք այսօր տակաւին կ՛ապրինք: Ձեր վարձքը կատա՛ր Աւօ Գաթրճեան եւ «Ազդակ»-ի ընտանիք` մաղթելով, որ այս աշխատանքը կը շարունակուի, եւ նոր հրատարակութիւններ լոյս կը տեսնեն», յայտնեց Ր. Տօնապետեան:

Աւարտին խօսք առաւ հատորի հեղինակ Աւօ Գաթրճեան, որ անդրադարձաւ գիրքի ծննդոցին եւ նշեց, որ 17 փետրուար 2018-էն մինչեւ 24 մայիս 2019 «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած 41 յօդուածներու մէկտեղումն ու վերախմբագրումն է այս գիրքը, որուն գաղափարը ծնունդ առաւ 2019-ին` Շահան Գանտահարեանի եւ Յակոբ Բագրատունիի հետ աշխատանքային նիստի մը ընթացքին: Ան դիտել տուաւ, որ հետազօտական-ուսումնասիրական բնոյթ ունեցող աշխատութիւն մը` հոն ներառուած պատմաքաղաքական նիւթերով եւ վերլուծումներով, կցուած լուսանկարներով, կը նպատակադրէ ուսումնասիրել բազմաթիւ արխիւներ. նիւթերու պատրաստութեան ընթացքին ան օգտագործած է տարբեր հեղինակներու աշխատութիւններ, իբրեւ աղբիւր դիմած է սփիւռքահայ եւ հայրենի 44 հեղինակներու: Ըստ անոր, հերոսական մարտնչումներն ու յանդուգն կեցուածքները գիրքին հիմքը կը հանդիսանան, իսկ ուսումնասիրութեան կիզակէտը հանդիսացող գաղափարը կ՛արտացոլայ իւրաքանչիւր նիւթի ու էջի վրայ` 100 դէպքով, 100 դէմքով եւ 100 յուշ-պատգամներով: «Հոն ցայտուն են մեր պատմութեան առաւել կարեւոր իրադարձութիւնները, հարիւրաւոր փորձառութիւնն ու իմաստութիւնը, ձգտումներն ու իտէալները: Ըստ էութեան, «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» հայ ժողովուրդի կեանքի եւ աշխարհազգացողութեան հայելին է, որ, համատեղուելով գիրքին մէջ, կը պահպանուի ու կը հաղորդուի սերունդէ-սերունդ», ըսաւ ան: Ապա հեղինակը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց գիրքի չորս գլխաւոր բաժինները` հարիւր պատմական դէպք, հարիւր դէմք, հարիւր ականաւոր դէմքերու յուշ-պատգամներ, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումին նուիրուած երգեր: Ըստ Գաթրճեանի, գիրքը համայն հայութեան հերոսապատումի պատմութիւնն է: «Նկատի չունինք հայ ազգի միայն մէկ հատուածինը, պատմութիւնը չի կրնար ուրանալ, որ առաջնորդող ուժը ՀՅԴ-ն էր, սակայն խորքին մէջ ամբողջ ազգն էր համախմբուած եւ կ՛ուզէր անկախ Հայաստան ունենալ: Պարզ ու հասարակ հայէն մինչեւ Արամ Մանուկեաններ եւ Թովմաս Նազարբեկեաններ: Այսինքն` հարիւրաւորներու մէջ պէտք չէ տեսնել միայն կարկառուն դէմքերը», նշեց ան:

Հեղինակը յայտնեց, որ այս գործով ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնուի ՀՅԴ մամուլին դերակատարութիւնը, մանաւանդ «Ազդակ»-ին ընդմէջէն հրատարակուած յօդուածներու արխիւացումը, որուն նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակահատուածը վերականգնելն է, եւ ոչ պարզապէս ներկայացնել տուեալ ժամանակաշրջանի դէմքերն ու դէպքերը:

Իր խօսքին վերջին բաժինով Գաթրճեան ըսաւ, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» գիրքին հրատարակութիւնը արգասիքն է երեք ուժերու միաձուլման` առաջին` միտք-գրիչ, երկրորդ` մամուլ, երրորդ` ֆինանսաւորում-ղեկավարում: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ին, յատկապէս գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեանին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու բազմավաստակ անդամ, մտաւորական, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանին, ձեռնարկին ընթացքին գիրքը ներկայացնողներուն եւ խօսք առնողներուն, գիրքի խմբագրութեան աշխատանքը տարած Նորա Բարսեղեանին, էջադրող Գօգօ Հաւանճեանին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ անոր տնօրէնին` Յակոբ Հաւաթեանին, ինչպէս նաեւ ներկաներուն եւ իրեն նեցուկ հանդիսացողներուն:

Ձեռնարկի աւարտին Աւօ Գաթրճեան մակագրեց գիրքէն օրինակներ:

yerakouyn.com/2021/12/08/աւօ-գաթրճեանի-հայաստանի-հանրապետու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail