ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հակահայկական Բանաձեւերը Բարձրացուած են Ատրպէյճանամէտ Մարդոց Կողմէն. Սէյրան Օհանեան

YEVROKHORHRTARAN
22 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

ԵԽԽՎ-ի մէջ յառաջիկային քննարկուող հակահայկական բանաձեւերը բարձրացուած են այն մարդոց կողմէն, որոնք ատրպէյճանամէտ են: Այս մասին, ըստ News.am-ի, այսօր` Յունուար 22-ին, ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը` անդրադառնալով ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանի օրակարգին ընդգրկուած հակահայկական բանաձեւերուն:

«Երկու նախագծեր են, որոնցից մէկը վերաբերում է առաջնագծում իրավիճակի սրմանը, մինչդեռ դրա ակունքներում հէնց Ատրպէյճանն է կանգնած: Միւսը սոցիալական խնդիր է` վերաբերող ջրային տնտեսութեանը, ինչն այսօր գտնւում է ԼՂՀ ղեկավարութեան ուշադրութեան կենտրոնում, ջրամբարը պատշաճ կերպով օգտագործւում է»,- ըսած է նախարարը:

Անդրադառնալով այն դիտարկան, թէ արդեօք նաեւ ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան աշխատանքի թերացման պատճառով չէ, որ այդ բանաձեւերը ընդունուած են համապատասխան յանձնաժողովներու մէջ, Սէյրան Օհանեան արձագանգած է. «Մեր պատուիրակութիւնը, կարծում եմ, իր հնարաւորութեան շրջանակում այսօր աշխատում է, դեռ աւելին` կցուած են այդ աշխատանքին նաեւ այլ ներկայացուցիչներ»:

Նշենք, որ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանի օրակարգին ներառուած են Ռոպերթ Ուոլթըրի «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներու մէջ» ու Միլիցա Մարգովիչի «Ատրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները միտումնաւոր զրկուած են ջուրէ» զեկոյցներուն հիման վրայ պատրաստուած երկու բանաձեւերու նախագիծերը:

Դեռեւս անցած տարեվերջին Հայաստանի պատուիրակութեան ներկայացուցիչները արտաքին գործոց նախարարի, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներու ժամանակ աշխոյժօրէն կը քննարկէին այս զեկոյցներու օգտին քուէարկութիւնը տապալելու քայլերը: Այդ նպատակով կը նախատեսուէր, որ պատուիրակութեան անդամներն ու առանձին պատգամաւորներ պիտի գործուղուին տարբեր երկիրներ` դիւանագիտական կապերը օգտագործելով յանուն այդ նպատակի:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail