Թուրքիոյ Մէջ Վրդովմունքով Կը Լուսաբանեն Ֆրանսայի Նախագահի Թեկնածուներուն Հայանպաստ Յայտարարութիւնները

Թուրքիոյ Մէջ Վրդովմունքով Կը Լուսաբանեն Ֆրանսայի Նախագահի Թեկնածուներուն Հայանպաստ Յայտարարութիւնները

14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թրքական լրատուամիջոցները ակնյայտ վրդովմունքով կը լուսաբանեն Ֆրանսայի մէջ ընթացող նախընտրական պայքարի ծիրէն ներս նախագահի թեկնածուներուն հայանպաստ եւ հակաթուրք յայտարարութիւնները։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով superhaber.tv-ն եւ yeniakit.com.tr-ը։

«Եթէ ան գայ իշխանութեան, երանի պիտի տանք Մաքրոնին․ նման շեշտադրումով հրապարակման մէջ թրքական «Superhaber TV» լրատուամիջոցը անդրադարձած է Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու մտադրութիւն ունեցող ծայրայեղ աջակողմեան ուժերու ներկայացուցիչ Էրիկ Զեմուրի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր կատարած այցին։

Հրապարակման մէջ կը նշուի, որ Զեմուրը այդպիսով կ՝ուզէ շահիլ ֆրանսահայ ընտրողներուն համակրանքը։ Թրքական լրատւութիւնը հեգնանքով ներկայացուցած է Զեմուրի խօսքը այն մասին, որ Հայաստանը հնագոյն քրիստոնէական հող է եւ եթէ չըլլար քրիստոնէութիւնը, չէին ըլլար Եւրոպան եւ Ֆրանսան։

«Մաքրոնի մրցակիցն ալ «Թուրքիոյ» թշնամին կ՝երեւի» վերնագրով այլ հրապարակման մը մէջ՝ թրքական իշխանամէտ «Yeni Akit» թերթը անդրադարձած է Մաքրոնի ամենաուժեղ մրցակիցներէն մէկը համարուող Վալերի Բեգրեսի յայտարարութեան, ըստ որուն՝ իրենք ո՛չ կ՝ուզեն ԱՄՆ-էն կախուած մնալ, ո՛չ ալ Թուրքիոյ կողմէ պատանդ առնուած։

«Մինչ Ֆրանսայի մէջ կը մօտենայ նախընտրական շրջանը, նախագահի թեկնածուները, որոնք իրենց ընտրողներուն խոստանալու ոչինչ կը գտնեն, կը փորձեն իշխանութեան գալ Թուրքիոյ դէմ թշնամութիւն դրսեւորելու միջոցով»,- նշած է թրքական թերթը։

HAMLET MARTIROSYAN – ARMENIAN is the origin of the human race, at least 50,000 years old

yerakouyn.com/2021/12/14/թուրքիոյ-մէջ-վրդովմունքով-կը-լուսաբա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail