Ձեր Աթոռին 110 Տարի Առաջ Հայ Նստած Էր. Փայլանը՝ Չաւուշօղլուին
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն (HDP-ԺԴԿ) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսած է այդ երկրին մէջ տիրող ազգայնականութեան, խտրականութեան, հարեւաններու նկատմամբ եղած թշնամանքի մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով ankahaber.net-ը։
Փայլանը նշած է, որ դարեր շարունակ Հռոմի, Բիւզանդիոյ, Սելճուկեան ու Օսմանեան պետութիւններու մէջ ժողովուրդները ձեւով մը կրցած են այս տարածաշրջանին մէջ միասին ապրիլ։
«Բայց անկէ ետք՝ արդէն 150 տարի ազգայնականութեան հիւանդութիւնը ներթափանցած է այս տարածաշրջան: Առանձնաշնորհեալութեան հիւանդութիւնը ներթափանցած է:
Այդ ժամանակ ըսին, թէ մենք թուրք ենք: Շատ լաւ, բարով եկած էք, բայց չէ՞ որ այստեղ ալ (մինչեւ թուրքերուն գալը-խմբ.) ժողովուրդներ կային: Միասին ապրեցանք, միասին քաղաքակրթութիւն հիմնեցինք: Կը հպարտանանաք ճարտարապետ Սինանի ստեղծագործութիւններով: Սինանը կեսարիացի հայ էր: Ինչ ըրած ենք, միասին ըրած ենք: Յետոյ ազգայնականութեան ու առանձնաշնորհեալութեան հիւանդութիւնը եկաւ»,- ընդգծած է Փայլանը:
Ան յիշեցուցած է, որ Գիրգոր Զոհրապը, որ Օսմանեան խորհրդարանի ամպիոնէն կը խօսէր միասին ապրելու եւ հաւասար իրաւունքներու մասին, դաժանաբար սպանուեցաւ կոտորածի ժամանակ: Հայ պատգամաւորին խօսքով՝ հայ եւ յոյն ժողովուրդները դաւաճանուած են:
Փայլանը շեշտած է, որ թուրքերու պատմութիւնը առանց հայերու եւ քիւրտերու հնարաւոր չէ շարադրել: Նոյն կերպով ալ հնարաւոր չէ հայերու պատմութիւնը առանց թուրքերու եւ քիւրտերու պատմել: Ապա դիմած է դահլիճին մէջ նստած արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին՝ յիշեցնելով, որ անոր տարիներ շարունակ կոչ կ՝ընէ ամպիոնէն ժողովուրդին դիմելու ժամանակ՝ ազգակիցներ բառին փոխարէն օգտագործէ հայրենակիցներ/քաղաքացիներ բառը:
«Ձեր աթոռին 110 տարի առաջ հայ նստած էր, ես ալ տեսականօրէն կրնամ նստիլ ձեր աթոռին: Ձեզի համար հաճելի՞ է, որ ես ելլեմ ըսեմ՝ ազգակիցներուս համար այս կամ այն բանը կ՝ընեմ: Հաճելի չէ: Այս երկիրը ոչ թէ ազգակիցներ, այլ քաղաքացիներ ունի»,- ըսած է Փայլանը թուրք նախարարին:
yerakouyn.com/2021/12/14/ձեր-աթոռին-110-տարի-առաջ-հայ-նստած-էր-փայլ/