
22 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է «նախագահական կլոր սեղան», որուն մասնակցած են շարք մը թուրք գրողներ ու ակադեմիկոսներ: Ըստ Ermenihaber.am-ի, թրքական «Sondakika.com» լրատուակայքը կը տեղեկացնէ, թէ հանդիպման ընթացքին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ այլ օրակարգային խնդիրներէ բացի քննարկուած է նաեւ վերջերս 1.128 թուրք գիտնականներու կողմէ ստորագրուած խաղաղութեան կոչ պարունակող յայտարարութիւնը:
Ըստ աղբիւրին` թեմային վերաբերեալ Էրտողանը ըրած է հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. «Անոնք կ՝ըսեն. «Պետութիւնը կոտորածներ կը կազմակերպէ, հարկադիր տեղահանութիւններ կ՝ընէ»: Անոնք կը փորձեն զուգահեռ անցնել հայերու տեղահանութեան հետ: Ատիկա ոչ կառուցողական, ոչ բարեացակամ մօտեցում է, որ կրնայ միջազգային ասպարէզի մէջ Թուրքիան դժուար կացութեան մէջ դնել, աջակցիլ ահաբեկչութեան»:
Յիշեցնենք, որ քրտական հարցի խաղաղ լուծման կողմնակից, քրտաբնակ շրջաններու մէջ յայտարարուած պարէտային ժամի դէմ բողոքող վերոնշեալ թուրք գիտնականներ վերջերս հանդէս եկած էին յայտարարութեամբ, որ մեծ իրարանցում առաջացուցած էր Թուրքիոյ մէջ: Յայտարարութիւնը կը կրէր «Մենք այս մեղքին յանցակից չենք դառնար» կարգախօսը: Անիկա կը պահանջէր՝ վերջ տալ այդ շրջաններուն մէջ պարէտային ժամերուն ու բնակչութեան իրաւունքներու ոտնահարումներուն եւ բռնութիւններուն:
Յայտարարութեան պատճառով թուրք գիտնականներու նկատմանբ սկսած էր հետաքննութիւն, որուն ծիրէն ներս արդէն ձերբակալուած էին տասնեակ մարդիկ: Իշխանամէտ թերթերը այդ յայտարարութիւնը անուանած էին դաւաճանութիւն, իսկ զայն ստորագրած գիտնականները մեղադրած աւելի վաղ Հայոց Ցեղասպանութեան համար հայերէն ներողութիւն խնդրելու ստորագրահաւաք-արշաւին մասնակցելու մէջ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com





