ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Յայտարարութիւնը Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ Շարլ Միշելի, Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հանդիպումին Ընդառաջ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ընթացիկ վեհաժողովի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի ու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի առաջնորդներու հանդիպումին վերաբերեալ:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը եւ եւրոպական երկիրներու մէջ գործող իր յանձնախումբերը, իբրեւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահին կոչ կ՛ուղղեն.
– վերահաստատելու Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն եւ հիմնարար սկզբունքներուն, ներառեալ Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը,
– որդեգրելու յստակ դիրքորոշում Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան նկատմամբ ազրպէյճանական շարունակուող սադրանքներու անընդունելիութեան վերաբերեալ,
– կոչ ուղղելու Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` անյապաղ եւ ամբողջութեամբ դուրս բերելու իրենց զինուած ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն,
– կոչ ուղղելու Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ձեռնամուխ ըլլալու հայկական բնակավայրերու շուրջ, այդ կարգին` Արցախի մէջ, ապառազմականացուած անվտանգութեան գօտիի ստեղծման,
– արձանագրելու, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման որեւէ հոլովոյթ չի կրնար պարտադրուիլ ուժի կիրարկումով, մարդու իրաւունքներու ոտնահարումով` ի հաշիւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան եւ
– կանխորոշելու Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը` ազրպէյճանական պահանջներու շրջագիծին մէջ,
– ճնշում գործադրելու Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ` անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները եւ պահուող անձերը,
– ընդգծելու, որ 2020-ի պատերազմի հետեւանքով ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ վերահսկուող Լեռնային Ղարաբաղի բնակավայրերու բնիկ հայ բնակչութեան ցեղային զտումները հանդուրժելի չեն,
– փաստելու, որ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ազրպէյճանի բռնապետական վարչակարգին կողմէ սանձազերծուած պատերազմը, վարձկան-ահաբեկիչներու տեղակայումով, չի կրնար յանգեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով յատուկ կարգավիճակ ունեցող որեւէ փոխադրամիջոցի կապի սահմանումին` ի հաշիւ Հայաստանի անվտանգութեան եւ տնտեսական շահերուն,
Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ ճնշում գործադրելու` դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացման եւ/կամ ոչնչացման քաղաքականութիւնը,
– Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղելու` դադրեցնելու հայատեացութեան եւ պատերազմական հռետորաբանութեան քաղաքականութիւնը:
ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
14 դեկտեմբեր 2021
aztagdaily.com/archives/532242