Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Փաշինեանի, Ալիեւի Եւ Միշելի Եռակողմանի Հանդիպումը
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Երէկ` երեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2021-ին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եռակողմանի հանդիպումը:
Այս հանդիպումին նախորդած էին Նիկոլ Փաշինեանի, ինչպէս նաեւ Իլհամ Ալիեւի առանձին հանդիպումները Շարլ Միշելի հետ:
Հանդիպումէն առաջ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած էր վարչապետ Փաշինեանը` յայտնելով, որ Ազրպէյճան կը փորձէ փակուղի մտցնել շրջանային հաղորդակցութեան միջոցներու բացման հարցը: «Ազրպէյճանի նախագահին փորձերը շրջանային հաղորդակցութեան միջոցներու բացումը զուգահեռել Լաչինի միջանցքին հետ` որեւէ աղերս չունին մինչեւ այսօր այդ նիւթով տեղի ունեցած քննարկումներուն, ստորագրուած յայտարարութիւններուն հետ եւ անընդունելի են Հայաստանի համար: Այս դիրքորոշումը յստակ պիտի արտայայտեմ այսօր նախատեսուած եռակողմանի հանդիպումին ընթացքին», յայտարարած էր Փաշինեան:
Եռակողմանի հանդիպումէն առաջ Հայաստանի վարչապետը առանձին հանդիպում ունեցած է Շարլ Միշելին հետ, որուն ընթացքին ան շնորհակալութիւն յայտնած է Շարլ Միշելին` 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ներդրուող հետեւողական ջանքերուն համար:
«Զրուցակիցները անդրադարձած են այսօր նախատեսուած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումին եւ կարեւոր նկատած են երկխօսութեան շարունակութիւնն ու ամրապնդումը: Կողմերը արդիւնաւէտ բանակցութիւններու յոյս յայտնած են, ինչ որ պիտի նպաստէ կայունութեան եւ խնդիրներու համապարփակ լուծման», նշուած է վարչապետի աշխատակազմին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին, Նիկոլ Փաշինեանն ու Շարլ Միշելը անդրադարձած են նաեւ 15 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան 6-րդ վեհաժողովի օրակարգին եւ քննարկուելիք հարցերուն: Կողմերը կարեւոր նկատած են Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն փոխադարձ գործակցութեան զարգացումն ու ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրականացումը` ի նպաստ մեր երկրին մէջ հաստատութենական բարեփոխումներու կեանքի կոչման ու ժողովրդավարութեան ամրապնդման:
Հայաստանի վարչապետը եւ Շարլ Միշելը անդրադարձ կատարած են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:
www.aztagdaily.com/archives/532245