Կարօ Փայլան Հարցագիրով Դիմեց այժմեան Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարին
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ԱՅԺՄԵԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Կարօ Փայլան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
«Ակօս»ի այս շաբաթուայ թիւին մէջ հրատարակուած յօդուած մը յստակօրէն կը նկարագրէ Թուրքիոյ քրիստոնէական պատմամշակութային արժէքներու հանդէպ պետութեան մերձեցումները։ Արդարեւ 100 տարուայ հասնող պատմութեան մը ընթացքին երկրի մէջ պետական կամ շրջանային մարմիններու որոշումով գետնին հաւասարուեցան բազմահազար եկեղեցիներ։ Անոնցմէ յատուկենտ մնացած նմոյշներ այսօր ալ աչքի փուշ դարձած են այս աւանդական մտայնութեան տէր գործիչներու համար։
Այս տեսակի նմոյշ մըն է Էրզրումի Ազիզիյէ գաւառի Սալթուքլու թաղի մէջ գտնուող եւ 231 տարուայ անցեալ ունեցող Սուրբ Մինաս Հայկական եկեղեցին։ Եկեղեցին իր դիրքին բերմամբ մնացած էր քաղաքաշինական նախագծի մը ճիշդ կեդրոնը։ Անխնամ ու անմխիթար վիճակի մէջ գոյութիւնը շարունակող եկեղեցին յաճախ թիրախ կը դառնայ գանձախոյզերու կամ բարբարոսներու պատճառած վնասներուն։
Թէեւ եկեղեցին Յուշարձաններու Խորհուդի կողմէ գրանցուած է իբրեւ պահպանութեան արժանի կառոյց, սակայն քաղաքապետարանը նոյն տարածքը երկար տարիներ օգտագործած է նաեւ թափածոներու վայր ըլլալով։
Խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան այս հաստատումները կատարելէ ետք Մշակոյթի Նախարարութեան կ՚ուղղէ հետեւեալ հարցումները.
1 Ինչո՞ւ չէք պաշտպաներ Էրզրումի Հայոց Սուրբ Մինաս Եկեղեցին։
2 Ինչո՞ւ համար անտարբեր մնացիք եկեղեցին շրջապատող շինութիւններուն հանդէպ։
3 Եկեղեցին վնասող գանձախոյզներուն դէմ հարցաքննութիւն մը կատարուա՞ծ է։
4 Ձեր նախարարութեան կողմէ ինչո՞ւ չեն պահպանուիր Էրզրումի քրիստոնէական շինութիւնները։
5 Այս տեսակի շինութիւններու լիակատար ցուցակ մը պատրաստա՞ծ էք։
«Ակօս»ի աշխատակից Արիս Նալճը կապ հաստատած է եկեղեցւոյ օրինական սեփականատէր Ահմետ Սապրի Էրկինի եւ քրոջ փրոֆ. Ճէյտա Էրկինի հետ։ Արիս Նալճը սեփականատիրոջ հետ ունեցած զրոյցով կը հաստատէ թէ եկեղցւոյ կալուածաթուղթը անցեալին գրանցուած է իրենց մեծ հօր Սեմիհ Քոպալի եւ ապա ժառանգաբար մօր Մելիհա Քոպալին։
29 Մարտ 2015-ին մայրերնուն մահէն ետք ժառանգութեան ճամբով եկեղեցւոյ սեփականատէր դարձած են ինք եւ քոյրը։
Ահմետ Սապրի Էրկին կը պատմէ թէ քաղաքապետարանը առաջին անգամ 2010-ին փորձած է եկեղեցին փլել պատճառաբանելով թէ ան կրնայ վնաս պատճառել շրջակայքին։ «Մենք իսկոյն շարժման անցանք եւ 29 Յունիս 2010-ին յաջողեցանք եկեղեցին իբրեւ մշակութային ժառանգութիւն արձանագրել» ըսաւ Ահմետ Սապրի Էրկին։
yerakouyn.com/2021/12/15/կարօ-փայլան-հարցագիրով-դիմեց-թուրքիո/