Ակնարկ. Նախկին Պաշտօնեային Զգուշացումները` Միացեալ Նահանգներու Գերատեսչութիւններուն
17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«Ազատութիւն» կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Ժիրայր Լիպարիտեան հետեւեալ խօսքերը ըսաւ. մէջբերումը` բառացի: «Ես հանդիպել եմ ԱՄՆ պետքարտուղարութեան վերջերս, տարիներ չէին խօսել հետս, վերջերս ուզեցին խորհրդակցիլ, եւ Անվտանգութեան խորհրդին ասեցի` դուք սխալ էք անում, երբ ձեր դեսպանը Երեւանում յայտարարում է, որ սթաթուսը չէ լուծուած: Ասեցի` դուք ուզում էք հարցի մէջ մտնել, բայց չէք հասկանում` ի՞նչ կը նշանակէ. մենք խոցելի իշխանութիւններ ունենք, կ՛ուզեն մի բան գտնել ու կառչիլ, չէ՞. Ղարաբաղում եւ այստեղ. բայց դուք սխալ յոյսեր մի՛ տաք, որովհետեւ դուք ոչ մի ձեւով պիտի չպաշտպանէք անկախութեան պահանջը: Պահանջելո՞ւ էք. ո՛չ, պահանջելու չէք. եթէ չէք պահանջելու, զգուշ եղէք, թէ ինչպէ՛ս կը խօսիք»:
Այստեղ խնդիրը այն չէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կամ Անվտանգութեան խորհուրդին հետ Լիպարիտեան վերսկսած է խորհրդակցութիւն ունենալ տարիներու առկախումէն ետք, ինչպէս ինք կ՛ըսէ, ի վերջոյ Միացեալ Նահանգներու համապատասխան գերատեսչութեան իրաւունքն է իր քաղաքացիներէն այս կամ այն փորձագէտը հրաւիրել խորհրդակցութեան:
Ուշագրաւ են քանի մը այլ կէտեր:
Լիպարիտեան խորհուրդ տուած է Միացեալ Նահանգներու պետութեան համապատասխան պաշտօնեաներուն` կարգավիճակի մասին չխօսիլ: Աւելի՛ն, անոնց ուշադրութեան յանձնած է, որ իրենց դեսպանը սխալ կ՛ընէ, երբ Երեւանի մէջ յայտարարութիւններ կը կատարէ եւ անտեղի կը յուսադրէ հայկական կողմը:
Պաշտօնական Ուաշինկթընի ներկայացուցիչը բնականաբար յուսադրելու կամ չյուսադրելու մղումէն չէ, որ կը կատարէ իր յայտարարութիւնը: Հետեւաբար սխալ ըրած ըլլալու մատնանշումը քաղաքականօրէն բաւական անհասկնալի կ՛ըլլայ ոչ միայն իր զրուցակիցներուն, այլ նաեւ նման յայտարարութեան հետեւողներուն համար:
Եթէ Միացեալ Նահանգներու պետական շահերէն կը բխի այդ մասին հրապարակային ձեւով արծարծելը եւ, օրինակի համար, ուղերձ յղելը, որ հարցին հանգուցալուծումը Անգարայի եւ Ռուսիոյ համատեղ համաձայնութեան սահմաններուն մէջ չի տեղաւորուիր, այդ պարագային յուսադրել -չյուսադրելը կամ հայկական կողմին համար ինչպէս ընկալելի դառնալը այնքան երկրորդական հարցի մը կը վերածուի, որ քաղաքականօրէն կրնայ նաեւ զարմանալի թուիլ Լիպարիտեանի մտահոգութիւն փոխանցելը: Դեռ չենք խօսիր ամերիկեան յայտարարութիւններուն մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահական ձեւաչափի վերագործարկման նախադրեալներ բովանդակող այս մօտեցումին մասին:
Քաղաքականօրէն այլ նախնականութիւն մը կայ Լիպարիտեանի մօտեցումին մէջ: Սթաթուսը կամ կարգավիճակը, անկախութեան ճանաչումը պայմանաւորելը հեռու է առաջադրանքներու համատեղելիութենէն: Կարգավիճակը չի նշանակեր անկախութիւն կամ ինքնորոշման իրաւունքի իրացում: Կարգավիճակը վտանգաւոր բառ է այս պարագային, եւ պատահական չէ, որ Մոսկուան ու Ուաշինկթընը, որոնք կը ճանչնան Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, կ՛օգտագործեն կարգավիճակ բառը: Մշակութային կամ այլ տիպի ինքնավարութիւնն ալ կարգավիճակ կ՛ենթադրէ. երկուքն ալ կապ չունին անկախութեան կամ ինքնորոշման միջազգային իրաւունքին հետ:
Եւ վերջապէս, որքան հարազատ կամ իրատեսական է Լիպարիտեանի թելադրանքը` «Զգուշ եղէք, թէ ի՛նչ կը խօսիք»: Նոյնիսկ եթէ այս յորդորը նոյն հարազատութեամբ չէ փոխանցուած ամերիկացի պաշտօնեաներուն եւ ներքին լսարանին համար կ՛օգտագործուի, ապա առաջին նախագահին խորհրդականը այդ պարագային եւս քաղաքական տրամաբանութեան վերաբերող հարցադրումներ կը ստեղծէ լսարանը յարգելու տեսակէտէն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ անվտանգութեան աշխատակիցներուն զգուշացում թելադրելը, սխալ կ՛ընէք ըսելը, դաս տալը, թէ ի՛նչ պէտք չէ խօսին, դժուար մեկնաբանելի է: Միայն վերադաս պաշտօնեայ մը կրնայ նման ոճով եւ բառամթերքով թելադրանք կատարել:
Լիպարիտեանի զգուշացման այս կոչը եթէ հաշուի առնուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդի պաշտօնեաներուն կողմէ, այդ պարագային յուսադրելու կամ չյուսադրելու մտահոգութենէն անդին կ՛անցնին մեկնաբանութիւնները:
Բայց քաղաքականօրէն անհեռատեսական չէ, որ կարելի է ենթադրել, թէ կարգավիճակը խնդիրը պիտի շարունակեն արծարծել թէ՛ Մոսկուան եւ թէ՛ Ուաշինկթընը:
«Ա.»
www.aztagdaily.com/archives/532445