Ուքրանիոյ Լարումը. Կամ` Ո՞վ Պիտի Վճարէ «Պայրաքտար»-ներու Գինը – ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

National Hero of Armenia and the Artsakh Republic Monte Melkonian

Ուքրանիոյ Լարումը. Կամ` Ո՞վ Պիտի Վճարէ «Պայրաքտար»-ներու Գինը – ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեծ լարում կայ Ուքրանիա-Ռուսաստան սահմանային գօտիին:

Ահռելի կուտակումներ` երկու կողմերէն, բայց մանաւանդ` ռուսաստանեան կողմէն, որ պիտի փորձէ անպայման խուսափիլ ռազմական գործողութեան որեւէ բեմագրութենէ:

Խնդիրն այն է, որ Մոսկուա մեծ ճնշումներու տակ յայտնուած է, եւ արեւմտեան պլոքը կարծես նախազգալով, որ մնացեալ թէժ գօտիներուն մէջ ռուսաց վիճակը աւելի «յարմարաւէտ» է, ապա եկած է այն եզրակացութեան, որ առկայ գործընթացներուն զուգահեռ ամէնէն նպատակայարմարն է Ռուսաստանը նեղի դնել կամ նոյնիսկ «հարուածել» Ուքրանիոյ սահմաններուն:

Անշուշտ այս բոլորէն առաջ արդէն իսկ նկատելի սկսած էր դառնալ, որ Ուքրանիոյ «հարցը» դարձեալ պիտի «տաքնայ»: Ու այդ առումով ալ ամէնէն կարեւոր նախանշանը Թուրքիոյ նախագահին` ՄԱԿ-ի ամպիոնէն հնչեցուցած յայտարարութիւնն էր Խրիմի մասին:

Ի դէպ, առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիա «խօսափող»-ի դերով հանդէս կու գար եւ ըստ պահանջի կը շահարկէր Խրիմի «քաղաքակրթական պատկանելիութեան» խնդիրը:

Ո՞վ կար այդ խօսքերուն ետին, եթէ ոչ` Արեւմուտքը, եւ ուշագրաւն այն էր, որ Էրտողան իրեն վստահուած «առաքելութիւն»-ը կը կատարէր ոչ թէ ի սպաս Արեւմուտքին, այլ` իր շահերուն, Մոսկուային կամացուկ մը բացատրելով, որ Սուրիոյ մէջ ցանկացած մեծ զարգացումի կամ ռուսական հարուածի դիմաց իրենք ձեռնածալ պիտի չմնան եւ անշուշտ շահարկումի տանին Խրիմի հին-նոր խնդիրը:

Այս բոլորէն անդին` անցնող օրերուն ուշագրաւ կը դառնար «Պլումպըրկ» գործակալութեան հրապարակած լուրը, թէ Թուրքիոյ կողմէ Ուքրանիոյ վաճառուած «Պայրաքտար»-ներուն իսկական թիւը գաղտնի կը պահուի: Գործակալութիւնը մասնաւորապէս կը գրէր. «Թուրքիան Պայրաքտար TB2» ԱԹՍ-ներ վաճառած է Ուքրանիոյ աւելի շատ, քան հաղորդուած է, եւ ապագային կրնան ըլլալ նոր մատակարարումներ»:

Խօսքը քանի մը տասնեակ սարքերու մասին է: Յառաջիկային կը նախատեսուի եւս 24 անօդաչու թռչող սարք մատակարարել Ուքրանիոյ:

Ուքրանիա Թուրքիոյ հետ պայմանագիր կնքած է 2018-ին, եւ ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, «Պայրաքտար TB2» վեց անօդաչու թռչող սարք եւ երեք կառավարման կայան գնելու շուրջ: Մատակարարումը աւարտած է 2019-ի նոյեմբերին: Պայմանագրի գումարը կազմած է 69 միլիոն տոլար»:

Սա անշուշտ խնդրի երեւելի կողմն է, ու երբեք չի բացառուիր, որ թրքական ԱԹՍ-ներու հանրագումարը շատ աւելի բարձր ըլլայ, քան ինչ հրապարակուած է` հիմնուելով Թուրքիոյ կառավարական աղբիւրներուն վրայ :

Ամէն պարագայի բոլորին յայտնի է, որ «Պայրաքտար»-ը, որուն յաջողութեան մեծ «գործօն» հանդիսացաւ մեր երիտասարդ ու արի զինուորներուն եւ կամաւորներուն գարուն կեանքը, այսօր կը շարունակէ մնալ զէնքի միջազգային շուկայի «թրենտ»-ին մէջ:

Ամիսներ առաջ էր, շատ լաւ կը յիշեմ, որ թրքական թուիթերեան հարթակին վրայ սկսան տարածուիլ քարտէսներ, ուր կարմիրով կը նշուէին այն երկիրները, որոնք մեծ փափաք ունէին «Պայրաքտար» գնելու:

Արաբական Թունուզէն մինչեւ ափրիկեան երկիրներ, մինչեւ Ուքրանիա` կառավարութիւններ իրենց առջեւ դրած էին «Պայրաքտար» գնելու օրակարգը, անշուշտ միշտ ալ ի մտի ունենալով, որ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին այդ հրէշաւոր զէնքը դարձաւ հաւասարակշռութեան` առանց անոր ալ խոցելի գետինը աւելի յարել դէպի ազրպէյճանեան կողմը:

Հետեւանքները շատ լաւ գիտենք այդ եղածներուն ու գիտենք նաեւ, որ Եռաբլուրի մէջ հանգչող մեր հերոս տղաներուն մեծ մասը զոհ դարձած է այդ քայքայիչ զէնքին:

Ճիշդ է` մեզմէ շատ-շատերը կը խորշին այդ թեման բանալէ, ու մենք տակաւին ոչ մէկ լուրջ աշխատանք տարած ենք քննելու համար պարտութեան ռազմական պատճառները, որոնք քաղաքական պատճառներու եւ դիւանագիտական սխալներու ու սայթաքումներու կողքին կը կազմեն աղէտալի պատերազմին մեծ հանրագումարը:

Վերադառնալով սպասուած զարգացումներուն` ապա այստեղ հարկ է անպայման շեշտադրել, որ Ռուսաստան այսօր ունի պաշարման տակ ըլլալու ընդհանուր վիճակ մը, որուն դիմաց ալ, կը հաւատամ, Փութին կրնայ երթալ մեծ զիջումներու:

Ինչ կրնայ տալ Մոսկուան Արեւմուտքին` դեռ պարզ չէ, սակայն բացայայտ է, որ ամերիկեան կողմին համար, մասնաւորապէս այս փուլին, հիմնական առանցք կը հանդիսանայ ամէն ինչ ընել, որպէսզի Ռուսաստան աւելի չմերձենայ Չինաստանին:

Մնացածը փոքր մանրամասնութիւններու տեսքով եղած պայմաններ են, որոնք կը սկսին Սուրիոյ կազի պաշարներու խնդրէն, կ՛անցնին Անգարային նոր զինատեսակներ չվաճառելու պայմանէն ու կը հասնին մինչեւ Ուքրանիա, ուր ինչպէս անցնող տարիներուն, այսօր եւս հնարաւոր է ոտքի հանել ընդհանուր համաձայնութիւններու նոր եզրագիծ մը:

Հիմա գլխաւոր հարցը այն է, թէ Վլատիմիր Փութին ինչպէ՛ս պիտի հակադարձէ յառաջիկայ զարգացումներուն:

Եւ արդեօք իրեն համար նպատակայարմա՞ր է մտնել ռազմական նոր «արկածախնդրութեան» մը մէջ, որուն վնասները շատ աւելի մեծ կրնան ըլլալ, քան` իր կանխատեսումները:

Ու մանաւանդ այն պահուն, երբ ինք ունի տնտեսական բաւական ծանր մարտահրաւէրներ ու նաեւ առնուազն Սուրիոյ եւ Կովկասի մէջ յայտնուած է ածուխներուն տակ առկայ կրակները հանգեցնող ու նաեւ խաղաղութիւնը (համեմատական) ապահովողի համոզիչ դերին մէջ:

Սուրիոյ մէջ Ռուսաստան «գործընկերութիւն» կ՛ընէ Էրտողանի հետ, ու այդ կշռին միջոցով ալ կը փորձէ պահպանել Հարաւային Կովկասի ընդհանուր դրութիւնը:

Եթէ Սուրիոյ պարագային արեւմտեան պլոքը ոչ այնքան «երջանիկ» է Ռուսաստանի դերէն, ապա պատկերը նոյնը չէ Հարաւային Կովկասին համար, ուր Մոսկուա, շնորհիւ նաեւ իր խաղաղապահ ուժերուն, կարողացաւ միջազգային մակարդակի բարենիշ մը ստանալ:

Անշուշտ մեզի համար այս զարգացումները մեծ կարեւորութիւն ունին:

Ի վերջոյ Հայաստանը Ռուսաց հաւատարիմ գործընկերն է ու նաեւ մեր մտքերուն մէջ փորագրուած կը շարունակէ մնալ, որ ամբողջ 44-օրեայ պատերազմին Ռուսաստան չյաջողեցաւ (չկրցաւ կամ չուզեց այդ մէկը իրեն համար ալ դեռ յստակ չէ) առնուազն կասեցնել ընթացող արիւնահոսութիւնը …

Պատկերացուցէք, որ փողոցին մէջտեղ, բոլորին առջեւ ձեր արի, բայց լաւ զէնքեր չունեցող ընկերը, հաւատարիմը եւ տեղ մըն ալ «գաղափարակից»-ը գրոհի ենթարկուած է:

Իր վրայ յարձակողը ունի ամէն հնարաւորութիւն ու շնորհիւ իր առաւելութիւններուն ալ ան գետին կը տապալէ ձեր ընկերը եւ կը սկսի աջ ու ահեակ հարուածներ տալ անոր:

Ձեր ընկերը արիւնլուայ է, ու դուք արագ քայլ մը ընելու փոխարէն` կը շարունակէք դիտել տեսարանը, մինչեւ որ ան շնչասպառ ըլլայ…

Այս չէ՞ր արցախեան պատերազմի ընդհանուր պատկերը:

Մեծ հաշուով` ա՛յս էր, եւ նոյնիսկ եթէ մէկդի դնենք գործող իշխանութիւններուն ապիկար քայլերը, մեր պարտութիւնը, մանաւանդ խայտառակ կերպով մեր կրած պարտութիւնն ու թրքական զէնքին եւ «Պայրաքտար»-ին ճամբով մեր ապրած արիւնահոսութիւնը երբեք ալ չեն բխիր Ռուսաստանի շահերէն:

Այսօր նոյն այդ «Պայրաքտար»-ները հասած են ռուսաց սահման ու հարցումը, որ լսելի կը դառնայ` Մոսկուա պիտի պատասխանէ՞ այս սպառնալիքներուն …

Կամ թէ իր վճարելիք մեծ գինին (ի դէպ, Հարաւային Կովկասի մէջ ռուսական ամէն միջամտութիւն, նոյնիսկ ցաւագին, կրնայ կանխել Ուքրանիոյ ճամբով Ռուսաստանը «պաշարել»-ու բոլոր միտումները) համար լռէ ու անցնի այլ օրակարգերու:

Map of the Ancient World Rome and Armenia – showing neither today’s Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

www.aztagdaily.com/archives/532430

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail