Խմբագրական – Յարաբերութիւններու (Ան)Կարգաւորում. «Հայրենիք»
17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Խմբագրական
Բեմահարթակներէն կրկին կը խօսուի հին թնճուկին մասին։
Թնճուկ կամ կնճռոտ հարց ըսելով՝ ի մտի ունինք ՀԱՅ – ԹՈՒՐՔ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆը:
Անգամ մը եւս, ըստ սովորականին, լուրը հրապարակ նետուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ եւ տարածք գտաւ: Մե՛րթ սուլթանամէտ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան եւ մե՛րթ անոր հլու կամակատարը՝ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, ամիսներէ ի վեր այդ հարցը կ’արծարծէին։ Սակայն, իրականութեան մէջ, «բանն ինչումն է»-ն՝ երխօսութիւնը չէ, այլ այդ առաջին քայլէն անդին՝ տիրող մթնոլորտն է հարցը։
Պարզ ու մեկին. Հայաստանն ու Թուրքիան ահաւասիկ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած յստակ քայլեր ձեռնարկելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն եւ այդ գծով երկուստեք յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելու ընթացքի մէջ են:
Ներազգային գետնի վրայ, «ալիք» մը գործի լծուած է այս ուղղութեամբ, եւ ճիշդն ու սխալը, պաղն ու տաքը իրար խառնելով, կը յանդգնի դրական աչքով դիտել յարաբերութիւններու կարգաւորման ծրագիրները։
Թէ այդ վերլուծաբանները իրենց կարծիքները ի՞նչ պայմաններու հիմամբ կամ ի՞նչ ճնշումներու տակ կ՛արտայայտեն, կը մնայ մեծ հարցականը։
Իրականութեան մէջ, նկատի ունենալով քաղաքական բեմահարթակին վրայ յետ պատերազմեան շրջանին ստեղծուած կացութիւնն ու պատկերը, կը սպասուէր, որ այսպիսի դժնդակ իրավիճակի մը մէջ գտնուինք։
Չթողունք այն տպաւորութիւնը, թէ կը կրկնենք վարչապետ Փաշինեանը տապալելու յանկերգը, այլ պարզապէս կը յիշեցնենք, կը վերյիշեցնենք եւ կը կրկնենք, թէ երբ պատերազմը կորսնցուցած ղեկավարութիւն մը կառչած մնայ իր պաշտօնին, դէպքերու հանդէպ ճիշդ զգացողութիւնն ու քաղաքական ողջմիտ եւ արդար տրամաբանութեան հասկացողութիւնն ալ կը կորսուի, ահա այսպէս՝ երկիրը կը մնայ կաշկանդուած ու պատանդ՝ անկարողութեան մատնուածի «ելոյթներուն»:
Յստակ է, որ համեմատած մղոններ հեռու գտնուող բարեկամ պետութիւններուն (անշուշտ կասկածելի է, որ Հայաստանի լիարժէք բարեկամ երկիր մը գոյութիւն ունի ), սահմանակից երկիրներու հետ յարաբերութիւն մշակելը շատ աւելի կարեւոր է եւ կենսական։ Սակայն, նո՛յնքան բնականաբար, շա՛տ աւելի դժուար է բարեկամութեան էջ բանալ դրացիներու հետ, մանաւանդ երբ սահմանակից երկիրները ո՛չ միայն հարցեր ունին քեզի հետ, այլ առանց այլեւայլի թշնամի են եւ դեռ տարի մը առաջ, մահասփիւռ ու աւերիչ պատերազմ մղած ու յաղթական դուրս եկած են, այդ պատերազմին «թափօններ»-ը կը մնան օդէն կախուած…։
Յետ-պատերազմեան ողբալի կացութիւնը քանդած է նաեւ դիւանագիտութիւնը եւ այդ բնագաւառէն ներս սեղանի վրայ քննուելիք հարցերու գործելակերպը։ Այնպիսի կացութիւն մը ստեղծուած է, որ դէմ դիմաց նստող կողմերը իբրեւ հաւասար չեն ներկայացուիր։ Թէ՛ հող, թէ՛ արժանապատուութիւն եւ թէ՛ դիւանագիտութիւն կորսնցուցած Հայաստանը, իբրեւ պարտեալ, ձեռքերը կապուածի դրութեամբ կը յայտնուի յաղթականին կամ յաղթականներուն՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դիմաց։
Արցախը իրողապէս եւ, ըստ երեւոյթին՝ իրաւապէս դուրս նետուած է բանակցութեանց սենեակներէն: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման մասին ալ ո՛չ մէկ խօսք կայ հայ – թուրք երկխօսութեան օրակարգին վրայ։ Այս պայմաններուն մէջ, Արեւմտահայաստանի հողերու մասին խօսիլը, բնականաբար, անհեթեթ է եւ դժբախտաբար՝ անտեղի։
Հարցը ճապաղած եւ դուրս եկած է իր ուղիէն. այս գծով իր լուրջ մտահոգութիւններ յայտնեցին դիւանագիտական ոլորտէն ներս փորձառութիւն ձեռք ձգած բազմաթիւ անձնաւորութիւններ։
Փաստօրէն, Թուրքիոյ եւ անոր հովանին վայելող Ատրպէյճանի համար, Արցախի հարցը լուծուած է։ Հիմնահարց գոյութիւն չունի։ Հետեւաբար, աւելի դիւրին է… «մանիպուլացիա»-ի անցնիլը։
Այո՛, թշնամին լաւապէս կազմակերպուած է այս ոլորտէն ներս ալ, մինչդեռ հայրենի կողմը անկազմակերպ ու անկարգ է, այնքան, որ այս երկխօսութիւնը, յարաբերութիւններու կարգաւորումէ աւելի, ա՛նկարգաւորումի կրնայ յանգիլ…։
Դիւանագիտական սեղանին վրայ հող կորսնցնելը շատ աւելի մահացու է, քան ռազմաճակատի վրայ։ Դժբախտութիւն է նաեւ այն, որ այս կործանարար ուղին ցոյց տուող ընդդիմադիր ճակատին կրկնակի ահազանգերը կը մնան, կը ձգուին անարձագանգ, սակայն կարելի չէ ընդունիլ, որ նման անտարբերութիւն կրնայ շարունակուիլ, պիտի շարունակուի, որովհետեւ աւելի լաւ է շուտ, քան ուշ նոյնինքն իշխանաւորներու խմբակէն ալ իմաստանալու հրաւէրներուն անսացողներ պիտի ըլլան եւ պիտի միանան ահազանգողներուն, հայրենիքի շահերուն պաշտպան ձեռքերը պիտի միանան իրարու, պիտի որոնեն եւ գտնեն անարգել անկումը կասեցնելու եւ վերականգնելու հնարքները:
yerakouyn.com/2021/12/17/յարաբերութիւններու-անկարգաւորում/