Ակնարկ. Անգարան Պաշտօնապէս Առաջադրեց Առաջին Նախապայմանը

Ակնարկ. Անգարան Պաշտօնապէս Առաջադրեց Առաջին Նախապայմանը

20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, կատարած է յայտարարութիւն, ուր կ՛ամփոփուին հետեւեալ կէտերը.

Ա.- Բոլոր քայլերը Անգարան կը համակարգէ Պաքուին հետ:

Բ.- Սահմանի բացման որոշումը Թուրքիան կը կատարէ Ազրպէյճանի հետ համաձայնելէ ետք միայն:

Գ.- Թուրքիան Հայաստանին կը կատարէ առաջարկ` Ազրպէյճանի հետ համընդգրկուն խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու: Թուրքիան միջնորդի դեր կը կատարէ այդ պայմանագիրի կնքման:

Դ.- Սահմաններուն բացումը կ՛առնչուի Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին:

Երեւան-Անգարա երկխօսութեան մեկնարկի նախօրէին ասիկա պաշտօնական Անգարայի կողմէ յայտարարուած առաջին նախապայմանի բանաձեւն է: Շատ պարզ է ըսուածը: Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը ի հեճուկս Ազրպէյճանին պիտի չըլլայ: Ըստ էութեան, Պաքուն ներգրաւուած պիտի ըլլայ երկխօսութեան եւ ապա` բանակցութիւններուն:

Պաքուի համաձայնութենէն ետք է միայն, որ Թուրքիան համաձայն պիտի ըլլայ իր փակած սահմանը վերաբանալու: Իսկ Պաքուն իր համաձայնութիւնը պիտի տայ միայն այն ատեն, երբ կնքած է խաղաղութեան համընդգրկուն պայմանագիրը` Հայաստանի հետ:

Այսինքն` կը նշանակէ, որ սահմանը կը բացուի` Արցախը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ճանչնալու Երեւանի համաձայնութենէն ետք միայն: Իսկ Անգարան պատրաստ է միջնորդի դեր ստանձնելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համաձայնագիրի կնքման բանակցութիւններուն:

Այսքան պարզ: Անգարան կը շարունակէ փոխկապակցուած ընկալել Երեւան-Անգարա եւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:

Երկխօսութիւնը չսկսած այս նախապայմանը արծարծելը կը նախանշէ, որ յաջորդ նախապայմանները կարգով կը բերուին երկխօսութեան սեղան. գուցէ նաեւ անկէ առաջ:

Թուրքիոյ նախապայմանային յանկերգը անակնկալ չէ անշուշտ. մտահոգիչը այլ երեւոյթի կը վերաբերի: Թէ՛ Ռուսիոյ դաշնութիւնը եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգները ողջունած էին երկխօսութեան մեկնարկին վերաբերող պաշտօնական յայտարարութիւնները: Ողջունումներուն մէջ տեսանելի չէր առանց նախապայմանի կէտը:

Չաւուշօղլուի յայտարարութեան մէջ կայ յղում երկու պետութիւններու գերատեսչութիւններուն: Թուրք նախարարը հաստատելէ ետք, որ երկխօսութեան գործընթացը պիտի համակարգուի Պաքուի հետ, անմիջապէս կ՛աւելցնէ, որ գործընթացին կ՛աջակցին Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիոյ դաշնութիւնը: Ըսել կ՛ուզէ, որ Ազրպէյճանի հետ համակարգուելուն, այսինքն` հանգուցալուծումներու փոխկապակցուածութեան իրենց համաձայնութիւնը տուած են Ուաշինկթընն ու Մոսկուան:

Երեւանի հակազդեցութիւնը ուղղակի ի պատասխան Անգարայի ներկայացուցիչին առայժմ չկայ: Ինչ որ կրնայ մտաբերել տալ, որ երկխօսութեան գործընթացին նախապայմանային ըլլալու իրողութիւնը աւելի տեսանելի է եւ թէկուզ առայժմ թէական, ունի նաեւ հաւանութիւնը երկու միւս պետութիւններուն:

Պատահական չէ, որ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան եւ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու վերսկսման գործընթացները պիտի ընթանան զուգահեռ: Այս արդէն հակամարտութիւններու փոխկապակցուածութեան իրականութիւնը կը շեշտէ. ինչ որ Անգարայի վաղեմի մօտեցումն է:

Չաւուշօղլուի յայտարարութենէն առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահը ըսած էր, որ Երեւանը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մեկնարկին` առանց որեւէ նախապայմանի, եւ ատիկա կը բխի Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն: Թուրքիոյ պաշտօնական այս յայտարարութեան Երեւանի կողմէ անարձագանգ մնալը խիստ տարակուսելի կը դարձնէ Երեւանի դիրքորոշումը:

«Ա.»

Armenian Kingdom of Cilicia – 1080–1375 – Royaume arménien de Cilicie – 1080-1375 – Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութիւն – 1080–1375

www.aztagdaily.com/archives/532737

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail