Իշխան Սաղաթէլեան. «Հայաստանի, Արցախի Եւ Սփիւռքի Մէջ Պէտք Է Ձեւաւորուի Համազգային Դիմադրութիւն»

Իշխան Սաղաթէլեան

Իշխան Սաղաթէլեան. «Հայաստանի, Արցախի Եւ Սփիւռքի Մէջ Պէտք Է Ձեւաւորուի Համազգային Դիմադրութիւն»

20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: < Արտերկրի անկախ հայերը խստիւ կը դատապարտէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ ազգային ժողովի վերջին օրերու կեցուածքները >

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ներկայացնող որեւէ անձ Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով նախատեսուած ընթացակարգերու խախտումով չի կրնար ստորագրել քաղաքական կամ ռազմական բնոյթի որեւէ փաստաթուղթ. այսպիսի ցանկացած համաձայնութիւն ի սկզբանէ առ ոչինչ է», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան` նոյեմբեր-դեկտեմբեր 2021 ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ՀՅԴ եւ անոր կազմած դաշինքներու ցուցակներուն մէջ ընդգրկուած քաղաքացիներու եւ աջակիցներու հետ հանդիպումին ժամանակ:

«Ասիկա թող իմանան բոլորը: Նիկոլ Փաշինեանը չունի լիազօրութիւն ժողովուրդին կողմէ Հայաստանը նոր զիջումներու տանելու», արձանագրեց Իշխան Սաղաթէլեան:

«Հայաստանի եւ հայութեան կողմէ կենսական զիջումներ ենթադրող որեւէ գործընթացի վերջնարդիւնքը հայոց պետականութեան փլուզումը պիտի ըլլայ», ըսաւ ան: Հայաստանի, իբրեւ ազգային եւ ինքնիշխան պետութեան զարգացման երաշխիքը անոր աշխարհաքաղաքական նշանակութեան եւ սերունդներու իրաւունքներու պահպանումն ու ամրապնդումն է:

«Արցախի, Հայաստանի գոյութեան ու անվտանգութեան հիմնահարցերը փոխկապակցուած են, արցախեան տագնապի արդարացի լուծման ու կայուն խաղաղութեան ապահովման երաշխիքը ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան, ինքնորոշման իրաւունքի անվերապահ կիրարկումն է` բացառելով Ազրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի որեւէ կարգավիճակի ամրագրում: Անհրաժեշտ է ամրագրել Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու` Հայաստանի յանձնառութիւնը», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան համոզում յայտնեց, որ պետութեան անկումը կասեցնելու միակ տարբերակը կը մնայ կազմակերպուած ներկայութիւնը փողոցին մէջ:

Իշխան Սաղաթէլեան փաստեց, որ այս իշխանութիւնը աղէտաբեր է Արցախի եւ հայութեան համար. պարտութեան եւ պատերազմի խորհրդանիշ ուժը չի կրնար ապահովել խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ բարեկեցութիւն:

Ստեղծուած իրավիճակէն ելքը ՀՅԴ-ն կը նկատէ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ համազգային դիմադրութեան ձեւաւորումը:

– < Թուրքիոյ հանրապետութեան պետական ռեժիմի պաշտօնեաները եւ քոչուոր թափառաշրջիկ թուրքերը >

www.aztagdaily.com/archives/532765

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail