Չէք Կրցած Հասկնալ Թէ Քիւրտը, Հայը, Յոյնը Կամ Ասորին Անտեսելով՝ Թրքական Պատմութիւնը Կարելի Չէ Հիւսել. Փայլան Դատապարտեց Ազգայնականութիւնը
23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան՝
ելոյթ ունենալով Մշակոյթի Նախարարութեան պիւտճէի քննարկման ընթացքին՝ դարձեալ ցնցիչ տպաւորութիւն գործեց։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ակօս»-էն։
«Չէք կրցած ազգերու կամ կրօններու զանազանութեան իրողութիւնը իւրացնել եւ քաղաքացիներու միջեւ հաւասարութիւն ապահովել։ Քիչ առաջ ելոյթ ունեցան Ազգային Շարժում Կուսակցութեան ներկայացուցիչները եւ յաճախ շեշտադրեցին «ցեղակիցներ» եզրը։ Մի՛ մոռնաք որ ես ալ ցեղակիցներ ունիմ, բայց ձեզի կը դիմեմ «եղբայրներ» կոչելով։ Միատարրութեան լուծման վայրը Թուրքիան է։
Ազգայնականութիւնը կը ծնի ազգայնականութիւններ։ Յոյն կամ հայ ազգայնականութիւնը հակադարձն է թուրք ազգայանականութեան։
Անոնք իրար կը սնուցանեն։ Մշակոյթին ծագած հողերուն ժառանգորդներն ենք։ Հողամշակումը այս հողերուն վրայ առաջին անգամ գործածուեցաւ։ Քաղաքաշինութեան առաջին փորձերը այստեղ կատարուեցան, իսկ մենք այսօր դատապարտուեցանք դուրսէն ցորեն, ոսպ կամ սիսեռ ներածելու։ Արդեօք բնաւ մտածեցի՞ք այս մասին։ Աշխարհի ամենախոր պատմութիւն ունեցող երկրին վրայ կ՚ապրինք, բայց կարծես թէ այդ մշակոյթը ստեղծողները լուսնէն եկած ըլլային։ Այսօր քանի մը հազար տարուայ անցեալ ունեցող հնագիտական վայրերու մէջ պեղումներ կը կատարենք։ Այդ պեղումներէն դուրս եկած մարդոց մնացորդացի ուսումնասիրութիւնը կ՚ապացուցէ, թէ բազմահազար տարիներ առաջ այդտեղ ննջողը եւ այսօր այդ վայրը պեղողը նոյն տոհմային պատկանելութիւնը կը կրեն։
Հռոմէն, Բիւզանդիոնէն, Սելճուքեան Պետութենէն կամ Օսանեան Կայսրութենէն ի վեր յաջողած ենք միասին ապրիլ։ Իսկ վերջին 150 տարուան ընթացքին գոյացած հիւանդագին մտայնութիւնով՝ միատարրութիւն քարոզեր ենք։ Յանկարծակի կերպով յայտնաբերեցիք թէ թուրք էք, Կեդրոնական Ասիայէն եկած էք։ Է՛, ինչ ըսենք բարի գալուստ ձեզ։ Բայց յիշեցէք, թէ նախքան ձեր գալը, մենք հոս էինք արդէն։ Այստեղ միատեղ մշակոյթ մը կերտած էինք։ Դուք հիմա պարծանք կը զգաք Սինանի կամ Պալեաններու ճարտարապետական կոթողներով։ Բայց երբեք չէք ուզեր յիշել, թէ Սինան կամ Պալեանները հայ ճարտարապետներ էին։
Ժողովուրդներու Ժողովրդական Կուսակցութիւնը բազում ինքնութիւններ կ՝ընդգրկէ իր մէջ։ Բազմազգի է, բազմամշակոյթ եւ բազմակրօն։ Երանելի երեւոյթ պատիւ կը զգամ։ Մեր առաջարկածը՝ բոլոր տարբերութիւնները պահպանելով հանդերձ՝ միասնութիւն մը կազմել է։ Քաղաքացիական հաւասար իրաւունքներու վրայ հիմնուած միասնութիւն մը։ Իսկ ի՞նչ կը պարտադրէք։ Յարգելի Մշակոյթի Նախարարը ի՞նչ կը պարտադրէ։ Թուրք Լեզուական Կաճառ, Թուրք Պատմութեան Կաճառ։ Չէք կրցած հասկնալ թէ քիւրտը, հայը, յոյնը կամ ասորին անտեսելով, անգոյ համարելով թրքական պատմութիւն մը հիւսել կարելի չէ։ Անշուշտ հակառակն ալ կարելի չէ։ Հայուն պատմութիւնն ալ միւսները անտեսելով չենք կրնար պատմել։ Մենք պարտաւոր ենք երկրին, Անատոլիային կամ Միջագետքի պատմութիւնը ուսումնասիրելու։
Նոյն սխալը գործեց նաեւ Արտաքին Գործոց Նախարարը։ Ես զինք բազմիցս զգուշացուցած էի –Երկրի մը ցեղակիցները չէ, այլ քաղաքացիները կը յիշուին-ըսելով։ Իսկ ինք դարձեալ թերեւս 15-20 անգամ շեշտեց ցեղակիցներ եզրը։ Ձեր զբաղեցուցած աթոռին վրայ ուղիղ 110 տարի առաջ հայ նախարար մը նստած էր։ Պահ մը ենթադրեցէք որ այդ նախարարը ետ գայ ու ձեր բառերով -Ցեղակիցներուս համար այս ըրի, այն ըրի-ըսէ։
Եգէական մշակոյթը ամբողջութիւն մըն է։ Միջագետքի կամ Հայակական Լեռնադաշտի մշակոյթը նոյնպէս։ Աշխարհի կարեւորագոյն մշակոյթներու ժառանգորդներն ենք։ Այս հարցը լուծելը մեր դիմաց յայտնուած կարեւորագոյն խնդիրն է»։
yerakouyn.com/2021/12/23/չէք-կրցած-հասկնալ-թէ-քիւրտը-հայը-յո/