«Թեհրան Պիտի Չհանդուրժէ Շրջանին Մէջ Որեւէ Տարածքային Փոփոխութիւն» Կ՛ըսէ Իրանցի Երեսփոխանը

Map of Armenia - The Roman-Parthian War 58-63 CE – World History Encyclopedia

«Թեհրան Պիտի Չհանդուրժէ Շրջանին Մէջ Որեւէ Տարածքային Փոփոխութիւն» Կ՛ըսէ Իրանցի Երեսփոխանը

23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

22 դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպում ունեցած է Իրանի խորհրդարանի Իրան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի անդամներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը:

Հանդիպումին սկիզբը Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան մնայուն յանձնախումբի անդամ Մահմուտ Ահմատի Պիղաշ շնորհակալութիւն յայտնած է Գրիգորեանին հանդիպումի կարելիութիւնը ընձեռելուն համար:

Իր կարգին, Գրիգորեան ողջունելով Պիղաշը, ընդգծած է, որ Հայաստան-Իրան բարեկամական յարաբերութիւնները վերջին շրջանին աշխուժ կերպով կը զարգանան:

Մահմուտ Ահմատի Պիղաշ իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է Իրանի համար Հարաւային Կովկասի դերը: Ան մասնաւորաբար ընդգծած է, որ շրջանային կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը, սահմաններու անխախտելիութիւնը Իրանի համար կարմիր գիծեր են, եւ Թեհրան շրջանին մէջ որեւէ տարածքային փոփոխութիւն պիտի չհանդուրժէ:

Արմէն Գրիգորեան այս ծիրին մէջ նշած է Հայաստանի կարմիր գիծերը, ինչպէս նաեւ ընդգծած Հայաստանի կողմէ նախապէս յառաջ քաշուած «խաղաղութեան դարաշրջան» սկսելու հրամայականը, որ նաեւ կը համընկնի Իրանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն հետ: Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը նաեւ կարեւոր նկատած է Երեւան-Նախիջեւան-Ճուլֆա երկաթուղիի գործարկումը` ընդգծելով, որ ատիկա շրջանի երկիրներու տնտեսական զարգացման պիտի յանգեցնէ:

Հանդիպումի աւարտին զրուցակիցները կարեւոր նկատած են տարբեր ոլորտներու մէջ փոխադարձ գործակցութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը:

Թեհրան Պիտի Չհանդուրժէ Շրջանին Մէջ Որեւէ Տարածքային Փոփոխութիւն

www.aztagdaily.com/archives/533124

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail