Լեն Ուիքսի` «Արդեօ՞ք Ազրպէյճանցիներն Են Իրականացրել Աղտամի (Խոջալու) Արիւնահեղութիւնը Սեփական Ժողովուրդի Հանդէպ» Յօդուածի Հեղինակին Մասին
22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 –
«Ազդակ»-ի 18 դեկտեմբերի թիւով հրատարակած էինք «Արդեօ՞ք ազրպէյճանցիներն են իրականացրել Աղտամի (Խոջալու) արիւնահեղութիւնը սեփական ժողովրդի հանդէպ» խորագրեալ Լեն Ուիքս ստորագրութիւնը կրող խիստ հետաքրքրական վերլուծականը: Ստորեւ յօդուածագրին մասին ամփոփ ծանօթագրութիւն մը:
«Ա.»
Աւստրալիացի/նորզելանտացի Լեն Ուիքս ունի օդային կառավարման, օդանաւային անվտանգութեան հաշուեքննութեան եւ կառավարման, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու փորձառութիւն` աշխատելով Նոր Զելանտայի, Օմանի (Պարսից Ծոցի առաջին պատերազմի ժամանակ) եւ Թայլենտի մէջ (ՄԱԿ-ի մէջ): Լեն Ուիքս ՄԱԿ-էն հրաժարած է, երբ իրեն ըսուած է, որ այլեւս չի կրնար աջակցիլ Հայաստանին` իր գործի ժամերէն դուրս:
Ան Հայաստանի տարբեր բնագաւառներու մէջ աշխատանք կը տանի եւ տարբեր նախաձեռնութիւններու հեղինակ է, ունի «Ծագումը: Բացայայտում» խորագրեալ վէպ, որուն ճամբով ան աշխարհը կը ծանօթացնէ հայոց պատմութեան:
Ան նաեւ ունի երկու արտօնագիր եւ մեծ հետաքրքրութիւն վերականգնող ուժանիւթին նկատմամբ` ուղղահայեաց առանցքի հողմային ջրանիւի եւ կանաչ ջրածնային համակարգի նոր նախագիծերով, որոնք նախատեսուած են ծովու ջուրը բնածուխէ զերծ կացուցելու համար:
Այժմ Լեն Ուիքս երկու պետութիւններու օդանաւային եւ յատուկ նախագիծերու յատուկ խորհրդական է:
Իր անձնական կեանքին մէջ ան մարդկային իրաւունքներու պաշտպան գործիչ է, կեդրոնացած է ցեղասպանութեան իրազեկման վրայ: Ան Հայաստանի մէջ կառուցած է շինութիւն մը` իբրեւ իր հիմնադրած բարեսիրական ծրագիրի («Որդեգրիր մի գիւղ») հիմք: Յայտնենք, որ այդ ծրագիրին նպատակն է համակարգուած ձեւով, առանց միջնորդի, սփիւռքը կապել հայկական գիւղերուն` օգնելու գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, կրթութեան, մարմնակրթութեան եւ ծառայութիւններու բնագաւառներուն մէջ:
Լեն Ուիքսի եւ անոր կնոջ` Արմինէ Յակոբեանի վերջին ծրագիրներէն է Արենիի բացօթեայ մշակութային թանգարանի կառուցումը` նպատակ ունենալով հայկական մշակոյթի կարեւորագոյն տուեալները ամփոփել հոն եւ ցոյց տալ զբօսաշրջիկներուն: Թանգարանը կը կառուցուի իբրեւ հին գիւղ, որուն իւրաքանչիւր տան մէջ արհեստ մը պիտի ներկայացուի:
www.aztagdaily.com/archives/532956