Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս Իա. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքի Պատգամը` Ս. Ծննդեան Եւ Ամանորի Առիթով
24 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՍՓԻՒՌՔ:
Ողջոյն եւ աստուածաւանդ օրհնութիւն
Պատուական եղբարց մերոց
Արհի. Արհի. արքեպիսկոպոսաց, եպիսկոպոսաց, հոգեշնորհ քահանայից եւ հաւատացեալ ժողովրդեանս,
Պատուական եղբարք եւ սիրեցեալ որդեակք ի Քրիստոս,
2020-21 թուականը տարեգրութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ համայն մարդկութեան պայքար ի դէմս համավարակի եւ անոր բերած դժուարութիւններուն: Ասոր պէտք է աւելցնենք այն վտանգաւոր ազդակները, որոնք կը ջանան քայքայել աստուածաստեղծ մարդկային կերպարը եւ անոր կազմած ամէնէն նուիրականը` ընտանիքը: Իսկ հայոց համար այս ամէնուն գումարուած էր յետպատերազմական անկայուն վիճակը, հազարաւոր զոհերու մխացող ցաւը, անտուն մնացած մեր հայրենակիցները: Հայրապետական աթոռիս օրրան Լիբանանի մէջ սաստկացող աղքատութիւնը եւ օրը-օրին ապրող զրկեալ ժողովուրդը:
Այս նոյն տարուան սեպտեմբեր 24-ին արհիապատիւ սիւնհոդոսական հայրերը ինծի վստահեցան չափազանց ծանր եւ քաղցր լուծ` զիս ընտրելով ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց: Ստանձնելով այս պատասխանատու առաքելութիւնը` գոհութիւն կը յայտնեմ Հօրը, Տիրոջը երկնքի եւ երկրի եւ կը կնքեմ մեր խօսքն ու առաքելութիւնը Տէրունական պատգամով. «Եկէ՛ք ինծի, դուք բոլորդ, որ յոգնած ու բեռնաւորուած էք, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի: Առէ՛ք իմ լուծս ձեր վրայ, եւ սորվեցէ՛ք ինձմէ, որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, ու հանգիստը պիտի գտնէք ձեր հոգիներուն: Որովհետեւ իմ լուծս քաղցր է եւ բեռս` թեթեւ» (Մատթէոս ԺԱ, 28-30): Ընտրելով Քրիստոսի խօսքը իբրեւ բնաբան` մեր փափաքն եւ մաղթանքն է, որ ամէնքս միասին հետեւինք Բարի Հովիւին եւ անոր հեզ եւ խոնարհ տիպար օրինակով ամէնքս մեր կարգին գործենք:
Յիրաւի, ամէնքս մեր կարգին հովիւ ենք, հովիւներ եկեղեցւոյ, հովիւներ ընտանիքի, եւ մեր աչքերուն առջեւ ունենալով Բարի Հովիւը, պիտի ուղղուի մեր ընթացքը դէպի Քրիստոսի ճշմարիտ լուսաշող եկեղեցի: Այնտեղ է, որ պիտի գտնենք մխիթարութիւն, եւ իբրեւ Քրիստոսի կենդանի մարմնի անդամներ մէկը միւսին օգնելով, անսալով իրար պիտի յաղթահարենք փորձութիւն եւ դժուարութիւն:
Մեր Փրկիչի Սուրբ Ծննդեան նախաշեմին ուրախակից ըլլանք Աստուածամօր եւ «գալուստը արքային ի յերկնից» փրկարար այս աւետիսը ընդունինք: Հօր սէրէն մղուած մարդացած Աստուածորդի մանկան վստահինք մեր ամէն ցաւ եւ ուրախութիւն:
«Հօրմէ ծագեցար արարածները լուսաւորելու. փառք քեզի Տէր, արդարութեան արեգակ» (Օրհ. ԴԿ. կանոն Աստուածայայտնութեան առաջին օրուան):
Մինչ բոլորիդ` արհիապատիւ եղբարցդ եւ սիրելի զաւակացդ մեր սրտագին շնորհաւորանքները կը յղենք, մեր խնդրանքն է առանձնակի գուրգուրանքով այս գալիք տարուան ընթացքին փայփայել ու պանծացնել ընտանիքը եւ անոր սուրբ գաղափարը: Միասնական եւ սուրբ ընտանիքներով է, որ պիտի կազմենք առողջ հասարակութիւն եւ կարողանանք դիմագրաւել գալիք մարտահրաւէրները:
Կը վստահեցնեմ ձեզի իմ անդադրում աղօթքը առ Աստուած, որպէսզի բոլորին վրայ հեղու իր առատ երկնային շնորհները, որոնց իբրեւ գրաւական բոլորիդ, հայրական սիրով կը շնորհեմ մեր հայրապետական օրհնութիւնը:
Տուեալ ի պատրիարքարանէս, որ ի Պէյրութ, Լիբանան, ի 23 դեկտեմբեր, յամի Տեառն 2021, ի Ա. ամի հայրապետութեան մերոյ:
ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
www.aztagdaily.com/archives/533209