Ազրպէյճանի Բողոքագիր` Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածու Վալերի Փեքրեսի Արցախ Այցելութեան Առիթով
24 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«Ֆրանս Թէ.Վէ.»-ի մեկնաբան Ժիւլիեն Նենի «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու Վալերի Փեքրես չորեքշաբթի, 22 դեկտեմբերին այցելած է Արցախ, ուր հանդիպում ունեցած է տեղւոյն քաղաքական գործիչներուն հետ: Ըստ անոր, անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով, Հայաստան գտնուող ֆրանսական լրատուամիջոցներուն մեծ մասը, ներառեալ «Ֆրանս Թէ.Վէ.»-ն, չէ անդրադարձած այցելութեան:
Վալերի Փեքրեսի այս այցելութիւնը ընդվզումը յառաջացուցած է Պաքուին, որ բողոքագիր յղեց Փարիզին` Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնին յաւակնող Փեքրեսի Ստեփանակերտ այցելելուն պատճառով: Այս լուրը հաղորդուեցաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Ֆրանսայի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը կանչուած է նախարարութիւն «եւ անոր յանձնուած է բողոքի գիրը»: «Նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու եւ այլոց ընկերակցութեամբ կատարուած այդ այցելութիւնը ուղղուած է Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան դէմ, կը հանդիսանայ երկրի ազգային օրէնսդրութեան խախտում», կը նշուի պաշտօնական Պաքուի յայտարարութեան մէջ:
Վալերի Փեքրեսն ու անոր հետ Արցախ այցելած անձերը նաեւ ներառուեցան Ազրպէյճանի «Սեւ ցանկ»-ին մէջ:
www.aztagdaily.com/archives/533242