Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայկական Եկեղեցիներու Կալուածագիրներ Կը Հրապարակուին

Osmanian gaysroutyan mech
23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Հայաստանի ազգային արխիւը հրատարակութեան կը պատրաստէ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական քանի մը եկեղեցիներու կալուածագիրները:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսի դիւանի ֆոնտին գրագրութիւնները ուսումնասիրելու ատեն  Հայաստանի ազգային արխիւի աշխատակիցները գտած են այս բացառիկ ու արժէքաւոր կալուածագիրները, որոնք Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւններուն կողմէ տրուած փաստաթուղթեր են, եւ որոնք կ՛արձանագրեն ու մանրամասնօրէն կը նկարագրեն, թէ տուեալ եկեղեցին ի՞նչ կալուածներ ու ի՞նչ սեփականութիւն ունեցած է:

«Նշւում է գաւառը, գիւղը, վայրը, կալուածքը, նշուած է՝ որտե՞ղ է գտնւում, սահմանները, ի՞նչ կայ տուեալ մարգագետնի 4 կողմում», բացատրած է Հայաստանի ազգային արխիւի գիտահետազօտական աշխատանքներու բաժինի վարիչ Գոհար Աւագեան:  Գտնուած շուրջ 200 կալուածագիրները կը պատկանին միայն քանի մը եկեղեցիներու։ Կալուածներէն իւրաքանչիւրին՝ արտի, հողատարածքի, խանութի ու նոյնիսկ բաղնիքի համար առանձին փաստաթուղթ պատրաստուած է: Սեփականութեան նման վկայականներ ունեցած են մեր բոլոր եկեղեցիները, բայց անոնցմէ շատերուն մասին առայժմ տեղեկութիւններ չկան:

«Այս եզակի նմուշները գաղթի ժամանակ փրկել եւ Մայր Աթոռ է հասցրել Բայազետի քահանան: Ազգային արխիւի կազմած գրքում կը լինեն բնագրերի լուսանկարները, եւ դրանց կարճ բովանդակութիւնը հայերէն եւ ռուսերէն, հնարաւոր է՝ նաեւ անգլերէն: Առանձին մի թղթածրարում Բայազետի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցու կալուածագրերն են: Եկեղեցին արդէն գոյութիւն չունի, բայց դրա սեփականութիւնը, ըստ կնիքով հաստատուած փաստաթղթերի, անառարկելի եւ անժամկէտ է:

Բայազետի եկեղեցու կալուածքն է օսմաներէն, որի հայերէն թարգմանութիւնը մենք ունենք: Գրուած է, որ արեգակի նման պարզ եւ յաւերժ է այն, որ այս տարածքը վերաբերում է, այսինքն՝ պատկանում է հայ եկեղեցուն», դիտել տուած է Գոհար Աւագեան:

Ըստ անոր՝ փաստաթուղթերը հրատարակութեան նախապատրաստելու ընթացքին դժուարութիւններու հանդիպած են, մանաւանդ տեղանունները օսմաներէն թարգմանելու իմաստով: Հոն նշուած է նաեւ կալուածին արժէքը: «Պէտք է մի քիչ աւելի խորը ուսումնասիրել, համեմատել, թէ այդ գումարը հիմա որքա՞ն է կազմում, հողն ի՞նչ արժեր: Հաշուի առնելով, որ այդ 150-170 կալուածագրերը վերաբերում են ընդամէնը մի քանի եկեղեցու ու եթէ դրանք նաեւ միւս եկեղեցիների վրայ, բաւականին լուրջ թիւ է ստացւում», նշած է Աւագեան:

Եկեղեցիներու կալուածագիրները իրաւական հիմք ունեցող փաստաթուղթեր են: Հեղինակները յոյս ունին, որ հրատարակութենէն ետք գիրքը մասնագէտներու համար ուսումնասիրութեան կարեւոր նիւթ կ՛ըլլայ։

http://asbarez.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail