Թրքական Բանակը Ճարապլուսի Մօտ Հատած Է Սուրիական Սահմանը

TURKAGAN PANAGE
23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Ճարապլուս- («Russia Today»)- Այսօր առաւօտ կանուխ թրքական բանակի զինուորներ թուրք- սուրիական սահմանը անցնելով մտած են սուրիական Ճարապլուս քաղաքը, իրենց հետ տանելով մեծ թիւով զրահապատ մեքենաներ: Տեղական աղբիւրներէն այս մասին հաղորդող «Ռուսիա Թուտէյ»ը կը յիշեցնէ նաեւ, որ Ճարապլուս քաղաքը կը գտնուի «Տահէշ»ի զինեալներու ենթակայութեան տակ:

Նոյն աղբիւրները նշած են, որ Ճարապլուս մուտք գործելու գործողութեան ժամանակ, թուրք սահմանապահները սահմանի ամոբողջ երկայնքին վրայ գտնուող քաղաքի լոյսերը անջատած են, կանխելու համար իրադարձութեան մասին տեղեկութիւններու տարածումը:

Աղբիւրին համաձայն, սուրիական Ճարապլուս մտած մեքենաներուն մէջ կան երկու ինքնաշարժներ, որոնք զրահապատուած են տոշքա 23 գնդացիրով, ինչպէս նաեւ շարք մը 5,14 գնդացիրներով բեռնաւորուած ինքնաշարժներ: Այդ զրահապատ մեքենաներու պարունակութիւնը տեղադրուած է քաղաքի ելեքդրական փուռին եւ գիւղատնտեսական դրամատան մէջ, եւ այլ ինքնաշարժներ ուղարկուած են Քէրքէմիշի մէջ գտնուող թրքական բանակի ռազմական կայանատեղին:

http://arevelk.am

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail