Թուրքիան մեր հողերուն մէկ մասը բռնագրաւած է, թրքացման քաղաքականութիւն կը վարէ եւ Սուրիոյ քանդումին մէջ շահ ունի – կ՛ըսէ Մըքտատ
30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: < Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում >
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, որ Թուրքիան բռնագրաւած է սուրիական հողերուն մէկ մասը, թրքացման քաղաքականութիւն կը վարէ եւ Սուրիոյ քանդումին մէջ շահ ունի:
«Սուրիան պիտի ազատագրէ թէ՛ Իտլիպը, թէ՛ ալ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ հիւսիսային շրջանները, եւ թրքական վարչակարգը կը խոչընդոտէ Ասթանայի հոլովոյթն ու Սոչիի համաձայնութեան գործադրումը` հակառակ անոնց դրական ըլլալուն», ըսաւ Մըքտատ:
«Ամերիկեան բռնագրաւումն ու անոր աջակցութիւնը վայելող «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր» միլիսը կը շարունակեն գողնալ Ժազիրա շրջանին մէջ Սուրիոյ հարստութիւնները` քարիւղը, ցորենն ու բամպակը: Այդ հարստութիւնը սուրիացի ժողովուրդին կը պատկանի: Այս անջատողական միլիսին արարքները մերժելի են, եւ Սուրիան չի կրնար հանդուրժել իր հողերէն ոչ իսկ մէկ հատիկի անջատումը, եւ անոնք պէտք չէ գրաւ դնեն Ուաշինկթընի վրայ, որովհետեւ այս սիրելի հողը բոլոր սուրիացիներուն է», աւելցուց ան:
Մըքտատ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմտեան երկիրներու սուրիացի ժողովուրդին դէմ հաստատած տնտեսական քայլերը անօրինական են, եւ անոնց նպատակը այդ երկիրներու օրակարգերուն իրագործումն է. երբ Սուրիոյ թշնամիները ահաբեկչութեան եւ սպանութեան ճամբով ձախողած են իրենց նպատակները իրագործել, դիմած են քաղաքական լուծումի խոչընդոտման, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատման մէջ շահ չունին:
www.aztagdaily.com/archives/533490