ՕԹԱՆ-ը Վտանգաւոր Սադրանքներ Կը Կազմակերպէ ՀԱՊԿ-ի Անդամ Երկիրներու Սահմաններուն Մօտ – Կ՛ըսէ Զաս
30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՕԹԱՆ-ին ուղղուած անվտանգութեան երաշխիքներու մասին Ռուսիոյ առաջարկներէն ետք արեւելեան Եւրոպայի ուղղութեամբ լարուածութիւնը պէտք է նուազի: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս:
Գործակալութեան համաձայն, ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին, մէջ արեւմտեան սահմաններուն վրայ տիրող կացութիւնը «հեռու է կայուն ըլլալէ»:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին համաձայն, ՕԹԱՆ-ի զինուորական ենթակառոյցներու համալրում տեղի կ՛ունենայ, ներառեալ յարձակողական առաջադրանքներ կատարելու համար նախատեսուած զօրամիաւորումներու, ինչպէս նաեւ թշնամական հռետորաբանութեան ուժեղացում, նոր պատժամիջոցներու հաստատում, ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու սահմաններուն մօտ վտանգաւոր սադրանքներու կազմակերպում:
«Այդ կացութիւնները չեն կրնար չմտահոգել եւ, ի հարկէ, անոնք չեն մնար առանց կազմակերպութեան ուշադրութեան… Կը կարծեմ, որ Հիւսիսատլանտեան դաշինքին կատարուած Ռուսիոյ առաջարկներէն ետք ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ արեւելեան եւրոպական ուղղութեամբ լարուածութիւնը պիտի նուազի», ըսած է Զաս:
«Ոչ ոք պատերազմ կ՛ուզէ», ընդգծած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 17 դեկտեմբերին երկու փաստաթուղթ հրապարակած է ՕԹԱՆ-ին կատարուող անվտանգութեան առաջարկներու մասին, որոնցմէ մէկը կը նախատեսէ, որ դաշինքը երաշխիքներ տրամադրէ, որ պիտի չընդլայնի արեւելեան, այսինքն` Ուքրանիոյ ուղղութեամբ:
www.aztagdaily.com/archives/533591