ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Հրար Մարուխեան – Հրայր Մարուխեանի վերջին ուղեւորութիւնը դէպի ԵՐԿԻՐ՝ – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Գարտէզ-Հայաստան մեծ Հայք, փոքր Հայք, Կիլիկիա - Map Armenia Greater Armenia, Small Armenia, Cilicia – Carte Arménie Grande Arménie, Petite Arménie, Cilicie

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Հրար Մարուխեան – Հրայր Մարուխեանի վերջին ուղեւորութիւնը դէպի ԵՐԿԻՐ՝ – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

04 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ: < mer-oughin >

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ: – Կարդալ նաեւ՝:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ներկայացնում ենք Նազարեթ Բերբերյանի գրառումը ՀՅԴ-ի տասնամյակների բազմահմուտ առաջնորդ և նվիյալ՝ Հրայր Մարուխյանի մահվան 23-րդ տարելիցի առիթով։

Այս տողերը, որոնցում միախառնված է ափսոսանքը, ցավը, հիասթափությունը, հպարտությունն ու կամքը ևս մեկ անգամ գալիս են հիշեցնելու ոչ վաղ անցյալի ևս մի կարևոր պատառիկի մասին, որը կարող էր հիմքը դառնալ մի մեծ, շատ մեծ վերածննդի։

Եվ կարելի է էմոցիայից բացի հստակորեն արձանագրել մի շատ մեծ սխալ, որ արվեց ՀՀ առաջին նախագահ Լևոն Տեր-Պետրոսյանի կողմից։ Մի կողմ թողնենք Դրոյի գործը, 31-ը կամ այլ հայտարարված երևույթներ; Դրանք բոլորն էլ հետևանքներ են։ Հետևանք այն բանի, որ ՀՀ նախագահը բավարար կամք չունեցավ, որ մի կողմ դնի աշխարհի բոլոր կանոններն ու նորմերը և ընկերանա, բարեկամանա ՀՅԴ հետ։ Որովհետտև եթե կարողանար անթիվ միջոցներով ոչ թե վտարելու, այլ ձեռք մեկնելու, օգնելու և եղբայրանալու ՀՅԴ հետ, մեր ճակատագիրը գուցե լրիվ այլ լիներ։ Դրանով նա կօգներ և՛ իրեն, և՛ հայրենի իշխանության կարոտ ՀՅԴ-ին և հայ ժողովրդին։ Ու միգուցե այդժամ ՀՅԴ-ն ևս ավելի պինդ մնար և ավելի մեծ թափով իր ուժը ծառայեցներ իր մեծ գաղափարին։ Բայց ոչ։ Անհեռատեսությունը կրկին հային հանեց հայի դեմ և եղավ այն ինչ եղավ։ Մինչդեռ կարելի էր օգտագործել պատմական պահը և Հայսատանին կարոտ մնացած ՀՅԴ-ն կապել հայրենիքին, ոչ թե վռնդել։ ՀՅԴ միջոցով նաև Սփյուռքը դարձնել ՀՀ մեծ դաշնակից ու ընկեր, այլ ոչ թե պառակտել Սփյուռքն ու կասեցնել քաղաքական մեր մշակույթի ծննդաբերությունը, որին Հայաստանում հաջորդեց մենատնտեսությունը, կաշառակերությունը, կուսակցությունների այլափոխումն ու այլասերումը։


Յուշատետր

24 Դեկտեմբեր 1998.
Հրայր Մարուխեանի վերջին ուղեւորութիւնը դէպի ԵՐԿԻՐ՝
Հայաստանէն վտարումի եւ Հայրենիք վերադարձի դառն պատմութիւն մը

Ն․ Պէրպէրեան

22տարի առաջ, Դեկտեմբեր 24ի այս օրը, Հայաստան տարուեցաւ անկենդան մարմինը Դաշնակցութեան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն եւ անմոռանալի ցենզաւորներէն Հրայր Մարուխեանի։

Աւելի ճիշդ՝ հայրենի հայութիւնը գրկաբաց ընդունեց «տուն դարձ»ը իր գաղափարապաշտ զաւակներէն եւ դաշնակցական ղեկավարի ոգեշնչող աւանդը պայծառացուցած նուիրեալներէն Հրայր Մարուխեանի:

24 Դեկտեմբեր 1998ի երեկոյեան ուշ ժամերուն, «Զուարթնոց» օդակայանը եւ անկէ մինչեւ Երեւան երկարող ճամբան պերճախօս վկան դարձան հայոց ժամանակակից պատմութեան մեծագոյն անարդարութիւններէն ու անիրաւութիւններէն մէկը սրբագրելու մեր ժողովուրդին հաւաքական վճռականութեան.-
Հազարաւոր դաշնակցականներ եւ համակիրներ փութացած էին Զուարթնոց՝ դիմաւորելու եւ իր յաւիտենական հանգիստին արժանացնելու համար Ազգի եւ Հայրենիքի արժանաւոր նուիրեալը։
Այդպիսո՛վ՝ Հրայր Մարուխեանը արժանացնելով պայքարի դաշտին վրայ ինկած հերոսի«վահանի վրայ տուն դարձ»ի փառքին, հայրենի հայութիւնը իր հատու պատասխանը տուաւ եւ փակեց ամօթալի էջը վերանկախացեալ Հայաստանի անդրանիկ նախագահին կողմէ 29 Յունիս 1992ին գործուած ազգային-քաղաքական սայթաքումին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչն ու փոխ-ներկայացուցիչը՝ Հրայր Մարուխեանն ու Հրաչ Տասնապետեանը իրենց պաշտած Հայրենիքէն վտարելու անարժան հրամանագրին։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի անիրաւ ու ամօթալի այդ հրամանագրին օրինակով՝ վերանկախացեալ Հայաստանը վարակած կուսակցական անհանդուրժողականութեան դառն վէրքն ու արատը յուշելու եւ վերջնականապէս սրբագրելու առաջադրանքին կը ծառայէ յուշատետրի այսօրուան լուսարձակը։

Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքը եւ յատկապէս ինք՝Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեան բնաւ չհաշտուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի համազգային բարձրագոյն դիրքին եւ պաշտօնին ներհակ ու անյարիր, այդօրինա՛կչարաշահման դէմ։
29 Յունիս 1992ի այդ «արտաքսում»էն մինչեւ 17 Յուլիս 1994ի ուղեղի կաթուածով մահաքունի մատնուիլը, Հրայր Մարուխեան ամէն առիթով, յանուն Դաշնակցութեան, ողջախոհութեան ու գործակցութեան ձեռք երկարեց հակադաշնակցական մոլուցքով կուրցած Հայաստանի անդրանիկ՝ Մարուխեանի իսկ բառերով ԱԶԳԸՆՏԻՐ նախագահին, բայց ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ այդ ձեռքը միշտ ալ կախուած մնաց… օդին մէջ, ընդառաջում չստացաւ։

Այդպէ՛ս, Հայաստանի նախագահին հրամանագրով «պատժուած» եւ ճակատագրի դաժան հարուածի հետեւանքով չորս տարի անկենդան ուղեղով շնչելէ ետք, 21 Դեկտեմբեր 1998ին, մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի մեծավաստակ ներկայացուցիչը։

Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան դատին իր գերագոյնը զոհաբերելու Ուխտին հաւատարմագրուած «Անկեղծ Զինուոր» էր ընկեր Հրայր, որ գրեթէ կէս դար ամբողջ, հայ քաղաքական մտքին առջեւ, դաշնակցականի իր յանդուգն կամքով ու աներեր հաւատքով, Հորիզոն բացաւ, Ուղի հարթեց, Պայքար կազմակերպեց եւ կռանեց Հաւաքական Կամքը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ բովանդակ Պահանջատէր Հայութեան։
Իր անսպառ եռանդին, գաղափարական ինքնահաւատարմութեան, մարտունակ կամքին եւ հայութեան հաւաքական ուժը կազմակերպականօրէն հզօրացնելու իր անսպառ յանդգնութեան համար էր, որ Դաշնակցութիւնը աւելի քան 25 տարի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչի բարձրագոյն պատասխանատուութեան արժանացուց Հրայր Մարուխեանը, իսկ հայ ժողովուրդը Ազգային Ղեկավարի պատուանդանին բարձրացուց տարաբախտ մեր ընկերոջ։

Հրայր Մարուխեան ծնած էր Դեկտեմբեր 19ին, 1928 թուին, Իրանի Քերմանշահ քաղաքը: Աւարտած էր Իրանի պետական համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժինը՝ մեքենագիտական բնագաւառէն ներս։

Հ.Յ.Դ. շարքերուն միացած էր Թեհրանի մէջ: Նախ անդամակցած էր Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան եւ ապա անցած կուսակցական շարքերը: Կուսակցական իր գործունէութենէն անկախ, եղած էր Թեհրանի «Արարատ» Մարզական Միութեան հիմնադիրներէն եւ տարիներ վարած էր միութեան նախագահի պատասխանատուութիւնը:

1963ին Հրայր Մարուխեան մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. 18րդ Ընդհանուր Ժողովին, իբրեւ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ: Այս ժողովը յատկանշական էր Դաշնակցութեան ղեկավար մարմնին մէջ իր կատարած սերնդափոխութեամբ: Այդ ուղիով ալ Հրայր Մարուխեան, 35 տարեկանին, ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ:

1964ին ընտանեօք փոխադրուեցաւ Լիբանան, ուր տեղափոխուած էր (շուրջ 40 տարի Գահիրէ կեդրոնանալէ ետք) Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նստավայրը: Հրայր Մարուխեան իր կարգին Պէյրութ տեղափոխեց իր անձնական գործը։ 1967ին վերընտրուեցաւ Բիւրոյի անդամ: Ատենի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ատուր Գապաքեանի մահէն ետք զայն փոխարինեց մինչեւ այդ Բիւրոյի պաշտօնավարութեան շրջանին աւարտը, իսկ 1972ին՝ Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդհանուր Ժողովին վերընտրուելով Բիւրոյի անդամ, ստանձնեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը, որ այնուհետեւ – մինչեւ իր եղերական մահաքունը – շարունակաբար վստահուեցաւ Հրայր Մարուխեանի։
Այդ շրջանէն սկսեալ թափ առաւ Հրայր Մարուխեանի ղեկավար դերակատարութիւնը ինչպէս Դաշնակցութեան, նոյնպէս եւ Սփիւռքի հայութեան քաղաքական ինքնակազմակերպման ու յեղափոխական զարթօնքին աշխուժացման մէջ։

1975ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով եւ Բիւրոյի որոշումով, 1975ի վերջերը, Հրայր Մարուխեան փոխադրուեցաւ Աթէնք, Յունաստան, Դաշնակցութեան համահայկական գործունէութիւնը անարգել շարունակելու յանձնարարութեամբ: Աթէնքէն ծաւալած իր գործունէութեան առաջին տասնամեակը յատկանշուեցաւ Հայ Դատի ուժական պայքարին շղթայազերծումով, որ իր վճռորոշ անդրադարձը ունեցաւ Հայ Դատի ի նպաստ քաղաքական լոպիինկի աշխուժացման եւ կազմակերպական հզօրացման վրայ։ Գաղափարական, կազմակերպական եւ քաղաքական այդ զարթօնքի երեք ուղղութիւններով՝ առաջնորդող դեր կատարեց ընկեր Հրայրը։

1988ի Օգոստոսին գումարուած Հ.Յ.Դ. 24րդ Ընդհ. ժողովին, Արցախեան Շարժման ամբողջապէս նուիրուելու Դաշնակցութեան Կամքը ազդարարելով, Հ.Յ.Դ. որոշեց կազմակերպական եւ քաղաքական իր գործունէութիւնը հունաւորել «Դէպի Երկիր» եւ Հրայր Մարուխեան անձամբ ղեկավարեց Դաշնակցութեան հայրենիքի մէջ վերընձիւղման կազմակերպական ու քաղաքական աշխատանքները։ Իբրեւ այդպիսին՝ մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ, իսկ Դաշնակցութիւնը վերածուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի կազմակերպականօրէն ամէնէն կուռ, քաղաքականօրէն ամէնէն գործունեայ եւ ազգային-ազատագրական շարժման նորօրեայ զարթօնքին ամէնէն մարտունակ կազմակերպութիւնը:

Դաշնակցութեան այդ յաջողութեանց համար Հրայր Մարուխեան անձամբ ծանր գին վճարեց 29 Յունիս 1992ին, երբ Հայաստանի նախագահի իր իրաւունքները չարաշահելով՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պատկերասփիւռի տխրահռչակ իր ելոյթով, Հրայր Մարուխեանը Հայաստանի Հանրապետութենէն արտաքսելու հրամանագիրը յայտարարեց:

Հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական այդ օրերուն, երբ ատրպէյճանցի հրոսակներ սկսած էին գրաւել Շահումեանն ու Մարտակերտը, Դաշնակցութիւնը որոշեց ենթարկուիլ անարդար այդ հրամանագրին ու իր Բիւրոյի ներկայացուցիչին ու փոխ-ներկայացուցիչին յանձնարարեց հեռանալ երկրէն՝ առաջքը առնելու համար ներ-հայկական որեւէ զինեալ բախումի, որուն թակարդը լարելու սկսած էին հակահայ թշնամի ուժեր:

Այդ առումով ալ Հրայր Մարուխեանի գաղափարական ԿՏԱԿը եղաւ աչքի լոյսի պէս գուգուրալ Հայաստանի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ու ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ համազգային ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆվրայ։
Յաջորդ երկու տարիներուն, Հրայր Մարուխեան քաղաքական գետնի վրայ ղեկավարեց Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հայավնաս քաղաքականութեան դէմ ուղղուած Դաշնակցութեան գաղափարական անհաշտ պայքարը:

17 Յուլիս 1994ի Հրայր Մարուխեանի անդամալուծութենէն ետք ալ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հակադաշնակցական մոլուցքը շարունակուեցաւ եւ, Դեկտեմբեր 1994ին, արգիլուեցաւ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ:
Հրայր Մարուխեանի անկենդան գոյութեան այդ չորս տարիներուն, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի քաղաքական կեանքին զարգացումները եկան փաստելու, որ Հրայր Մարուխեանի ղեկավարութեամբ Դաշնակցութեան բռնած ուղին ճիշդ էր: Ի վերջոյ հայրենաբնակ ժողովուրդի բողոքի ու քաղաքական ընդվզումի լայն ալիքի ճնշման տակ, քաղաքական բեմէն հրաժարականով հեռացաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ նորընտիր նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան վերահաստատեց օրինականութիւնըՀայաստանի մէջ Դաշնակցութեան ազատ գործունէութեան:

Բայց տարաբախտ Հրայր Մարուխեան ի վիճակի չեղաւ վայելելու յաղթանակը ատենի Դաշնակցութեան ընտրած եւ անձամբ ի՛ր առաջնորդած ազգային-քաղաքական ուղիին:

21 Դեկտեմբեր 1998ին Հրայր Մարուխեան արձակեց իր վերջին շունչը, մայր հայրենիքէն հեռու՝ Աթէնքի մէջ: Դեկտեմբեր 24ին իր անշնչացած մարմինը ամփոփող դագաղը փոխադրուեցաւ Երեւան: Հրայր Մարուխեան թաղուեցաւ Երեւանի Թոխմախ գերեզմանատան քաղաքային պանթէոնին մէջ, ոչ շատ հեռու Հայաստանի անկախութեան հիմնադիրներէն՝ Արամ Մանուկեանի գերեզմանէն:
Կը յիշենք այս բոլորը եւ կը խոնարհինք Անձին ու Գործին առջեւ Հայու եւ Դաշնակցականի անձնուէր, այլեւ առինքնող մարմնաւորումը հանդիսացող Հրայր Մարուխեանի։

Եւ որքան տարիները թաւալին, այնքան կը պայծառանայ բաց ճակատը հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան Յանդուգն Կամքին, որ ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ անունով իր անջնջելի դրոշմը դրաւ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի նորօրեայ վերածնունդին վրայ։

mer-oughin.am/2021/12/25/հուշատետր-հրար-մարուխեան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail