Ի Խնդիր Մարդկային Գոյութեան Նորոգութեան` Ս. Ծննդեան Լոյսը Ընդունինք Մեր Հոգիներուն Մէջ

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

Ի Խնդիր Մարդկային Գոյութեան Նորոգութեան` Ս. Ծննդեան Լոյսը Ընդունինք Մեր Հոգիներուն Մէջ

06 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ. հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս, տան աւետիս աշխարհի»:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ահաւասիկ, անհունին լուսամուտը դարձեալ կը բացուի մեր դիմաց, որպէսզի կեանքի նորոգութեան բաղձանքով, Նոր տարի մը դիմաւորենք մեր առօրեային մէջ, եւ ի խնդիր մարդկային գոյութեան նորոգութեան` Ս. Ծննդեան լոյսը ընդունինք մեր հոգիներուն մէջ:

Արդարեւ, երբ ամբողջ աշխարհը կ՛անցնի արտասովոր հարցերու ու խնդիրներու բովէն, երբ ազգովին դարձեալ կը գտնուինք նոր կորուստներու եւ սպառնալիքներու դիմաց, երբ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը իրենց գոյութեան ամէնէն դժուարին պահերը կ՛ապրին, Հայ եկեղեցւոյ շարականին բառերը խորհրդաւոր թելերով մեր հայեացքը կը տանին դէպի անհունը, ուրկէ Աստուծոյ լոյսը աշխարհ կու գայ` սրբութեան կնիքով վերանորոգելու անորոշութեան մատնուած մեր կեանքը:

Ս. Ծնունդը տօնն է մարդկային գոյութեան նորոգութեան: Աստուած է նորոգողն ու հրաշագործը, եւ մարդկային հոգին է այդ շնորհքը ընդունողը:

Ս. Ծնունդը յայտնութիւնն է նոր կեանքին: Սակայն, այդ նոր կեանքը պայմանաւորուած է մեզմով եւ կրնայ բարգաւաճիլ ու կատարելագործուիլ մեր իրականութեան մէջ միայն այն ատեն, երբ մենք հաւատքով Աստուծոյ հետ կը ստեղծենք սերտ յարաբերութիւն: Ուստի, աստուածայինը փնտռող հոգիները միայն կրնան ընդունիլ երկինքէն երկիր եկող լոյսին շնորհքը եւ այդպիսով նաեւ զգալ, որ Աստուած մեզի կու գայ` լուսաւորելու եւ ոգեւորելու համար խաւարին մատնուած մարդկային մեր կեանքը:

Հետեւաբար, նուիրական այս առիթով պէտք է սիրոյ սերտ կապ հաստատենք մեր Արարիչին հետ եւ հաւատքի ճիգով ալ մեր գիտակցութեան մէջ նոր հորիզոններ բանանք, որպէսզի Քրիստոսի ծնունդին մէջ կարենանք տեսնել նաեւ մեր սեփական անձին ծնունդը եւ տեսնել ու զգալ նաեւ, թէ ինչպէ՜ս Արարիչը սիրեց մարդը, երբ անոր վրայ տեսաւ Իր հաստատած շունչին դրոշմը:

Պատմութեան ընթացքին, մարդը յաճախ մոլորած է եւ հեռացած իր Արարիչէն ու մեղքին պատճառով այլասերած, անառակ դարձած եւ աւերած է իր կեանքը: Այսուհանդերձ, նախախնամութեան տնօրինումով, ան չէ կորսնցուցած կրկին բարձրանալու, աճելու եւ մեծնալու, շինելու եւ ստեղծագործելու իր կարողութիւնն ու կամքը: Այդ իսկ պատճառով, Քրիստոս, որ պատմութեան ընթացքին մէկ անգամ ծնաւ մարմնով, ամէն օր կը յայտնուի մարդուն, որպէսզի զայն սրբէ եւ եդեմական դրախտի շքեղ մեծութեան վերադարձնէ, ուր, ինչպէս Աստուածաշունչը կ՛ըսէ, մարդը կ՛ապրէր անցաւ եւ անմահ կեանքով` զերծ ամէն տեսակի կարիքներէ ու կարօտէ:

Ս. Ծնունդը, Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած եզակի շնորհք մըն է: Աստուած երկինքէն երկիր կու գայ, որպէսզի մարդը կարենայ սրբութեան շնորհքով վերանորոգուիլ եւ տեսանելիէն անդին, նաեւ նայիլ անտեսանելիին եւ շօշափել ու ապրիլ յաւիտենականը: Ուստի, մեր անձերուն մէջ Աստուծոյ շունչէն ու լոյսէն մասնիկներ որոնելով, փորձենք յատակէն վեր բարձրանալու ճիգ կատարել ու մեր ապրած միջավայրին մէջ ալ հաւատքի եռանդ զետեղել: Մասնաւորաբար մեզ կազմալուծող կեանքի ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ, պէտք չէ տարակուսինք Աստուծոյ ամենազօր մեծութեան վրայ եւ պէտք չէ կորսնցնենք երկնային լոյսը:

Ս. Ծնունդը երկնաւոր լոյսին պարգեւը մեզի բերող առիթ է: Ահաւասիկ, մեր Փրկիչը մեզի կու գայ` մեզ սփոփելու, յուսադրելու, գալիք մրրիկներուն դէմ մեզ պաշտպանելու եւ իր հովանին մեր վրայ տարածելով, մեզ իր փրկաւէտ տապանին տանելու առաջադրանքով: Մեր Փրկիչը մեզի կու գայ աստուածային մեծութեան շնորհքին մեզ տանելու ծրագիրով: Ուստի, երկնային լոյսէն զրկուած ըլլալու զգացումով, հաւատքով դառնանք Աստուծոյ, որպէսզի յանուն վաղուան մեր գոյութեան, նոր իրագործումներու հրայրքը վերադարձնենք մեր կեանքին:

Մասնաւորաբար ներկայ համատարած ողբերգական պայմաններուն մէջ, պէտք է յիշենք, որ երկինքին չեն նայիր աշխարհէն յուսահատած ըլլալու պատճառով, այլ երկնային լոյսը աշխարհին բերելու հաւատքով: Ուստի, աստղազարդ տիեզերքի մը տեսարանը պարզելու համար մեր հոգեկան աշխարհին մէջ, պէտք է հաւատքի ճիգով երկնային լոյսը փնտռենք եւ հոգիի աչքերով մեր Աստուածը տեսնելով, աշխարհի մէջ ուրիշ աստուածներ չշինենք մեզի համար:

Ներկայ անկումային պայմաններուն մէջ, նաեւ պէտք չէ առիթ տանք, որ մեր ազգային կորովը քայքայուի, մեր ժողովուրդին գիտակցութիւնը պղտորի, մեր ազգային հաւատքը շիջի: Այսօրուան անբաղձալի պայմաններէն դուրս գալու տենչով, հաւատքով կուրծք տանք մեզ կազմալուծող վիճակին, կենդանի պահենք իրերօգնութեան ոգին եւ զոհողութեան արարքներով պահպանենք մեր եկեղեցական ու համայնական կեանքը, պաշտպանենք տեսակաւոր կարիքներու մէջ գտնուող հայ անհատն ու հայ ընտանիքը, վառ պահենք մեր ժողովուրդին մօտ ազգային մեծ երազներու տեսիլքը եւ համատարած անկումային պայմաններուն մէջ ալ ձգտինք ստեղծել գեղեցիկ եւ երախտիքի արժանի ընտիր նոր գործեր: Արդարեւ, պէտք չէ մոռնանք, որ դարաւոր տագնապներու ու փոթորիկներու բովէն անցած մեր ժողովուրդը, իր հաւատքին ու հոգեկան ամրութեան շնորհիւ, միշտ յաջողած է ոտքի կանգնիլ եւ իր գոյութեան համար գտնել լուսաւոր ուղի:

Ուստի, աւելի խաղաղ եւ արդիւնաւոր ապագայի մը տենչով, փառք տանք Աստուծոյ, որ իր անուան զօրութեամբ, միշտ կը պահէ եւ կը պահպանէ մեր ժողովուրդին զաւակները եւ առիթ կ՛ընծայէ, որ մեր կեանքին մէջ յայտնուող դժուարութիւնները փոշիանան եւ աճի աստուածային հրաշագործ ոգին:

Շնորհաւոր Նոր տարի: Թող համայն աշխարհին համար 2022 թուականը ըլլայ օրհնաբեր ու բոլորիս դիմաց բանայ լայն ու պայծառ ուղիներ:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս:

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ

www.aztagdaily.com/archives/534041

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail