Ակնարկ. Թուրանական Գարուն Կամ Ուքրանիա 2
10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ղազախստանի իրադարձութիւններու քաղաքական տարատեսակ ընթերցումներն ու մեկնաբանութիւնները` յաճախ հակասական, երբեմն իրար լրացնող, այնուամենայնիւ պատահարներուն բուն շարժառիթները չեն կրնար տեղադրել յստակ շրջագիծի մէջ:
Թուրանական գարունի տեսութիւնը կը շրջագայի միջազգային վերլուծաբանութեան մէջ. յետխորհրդային հանրապետութիւններու մէջ գործող եւ չհեռացող ղեկավարներու փոփոխութեան գործընթացին մէջ իրադարձութիւնները մեկնաբանելու երեւոյթները ուշագրաւ են: Ռուսական ազդեցութեան պայքարի ղազախստանեան գործողութիւնը եւս տեսանելի է: Անշուշտ` իշխող հարստապետական կարգերուն դէմ ժողովրդային ընդվզումի զանգուածայնացումը հիմնական ենթահողն է: Տակաւին` Արեւմուտքի դիրքորոշումը եւ յատկապէս հակաժողովրդավար վարչակարգի տապալման եւ հետեւաբար ռուսական խաղաղապահութեան մերժումը գործընթացներու վրայ ազդելու համար յայտարարուած օրակարգեր են:
ՀԱՊԿ-ի հայաստանեան նախագահութիւնը ազդեցիկ գործօն չէ: Չափազանցուած են եւ քարոզչական հիմնաւորուածութեամբ բացատրուող` ՀԱՊԿ-ի մեքանիզմները առաջին անգամ ըլլալով Երեւանի կողմէ բանեցուած ըլլալու յայտարարութիւնները: Աներկբայ է այստեղ ռուսական պատուէրը, չըսելու համար` հրահանգաւորումը: Եւ պարզ է, որ Երեւանը չէր կրնար այլ բան ընել:
Երկրորդական հանգամանք ունի նաեւ պաշտօնական Նուրսուլթանի դիրքորոշումը արցախեան 44 օրեային նկատմամբ. նաեւ` Ալիեւի ուղղուած նամակը կամ Ազրպէյճանին յղուած շնորհաւորանքները: Ներկայ պայմաններուն մէջ Երեւանը չունի այդ հարցերը արծարծելու կարելիութիւն կամ անոնց պատճառով առնուազն քննելի դարձնելու ուժ ուղարկելու կամ չուղարկելու ընտրանքները: Որոշումը բացառապէս Մոսկուային կը պատկանի:
Տարընթերցումներ, աւելի ճիշդը` տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կան խաղաղապահ առաքելութիւն ուղարկելու իրաւականութեան շուրջ: Մէկ կողմէ կ՛ըսուի, որ ՀԱՊԿ-ը կը միջամտէ, եթէ իր կազմակերպութեան անդամ պետութեան սահմաններուն նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարուի, հետեւաբար ՀԱՊԿ-ի գործառոյթը չունի կանոնադրական հիմք, միւս կողմէ կը շեշտուի, որ արտաքին թափանցումով ահաբեկչական գործողութիւններ սկսած են ՀԱՊԿ-ի անդամ Ղազախստանի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հաստատութիւններուն դէմ: Տրամագծօրէն հակոտնեայ դիրքերու վրայ են Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը առաջին հերթին. մանաւանդ, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէ, որ անհրաժեշտութիւն չկար ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան: Ամերիկացի նախարարը կ՛ըսէր, որ Մոսկուան կը փորձէ յետխորհրդային երկիրներու վրայ ազդեցութեան ոլորտը վերականգնել: Վերականգնելը արդէն կորսնցուցած ըլլալու փաստի մասին կը խօսի:
Զգուշ է Անգարան: Անոր արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէ, որ Թուրքիոյ համապատասխան գերատեսչութիւնները պիտի քննարկեն Ղազախստանին օժանդակելու միջոցները: Առայժմ չկայ որեւէ պաշտօնական հակադրութիւն ռուսական զօրքերու Ալմաթի տեղակայման: Ղազախստանի մէջ Անգարան ունի ենթահող ազգաբնակչային զանգուածի առումով, եւ Ղազախստանը ի վերջոյ թուրանական ցեղի երկիր է:
Ուշագրաւ է սակայն Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, որ Ղազախստանի դիմելը ՀԱՊԿ-ին անընդունելի է այն պատճառով, որ միջպետական այդ կազմակերպութեան նախագահը Հայաստանն է: Այս բանաձեւին մէջ կ՛ամփոփուի Անգարայի ամբողջ ուղղութիւնը: Զուտ հայկական գործօնով պայմանաւորելով դիմումին անընդունելիութիւնը` նախկին դիւանագէտը ծխածածկոյթ կը յառաջացնէ:
Նոյն յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ղազախստանը թրքական աշխարհի ամէնէն կեդրոնական երկիրն է. ըստ էութեան, համաթրքական ծրագիրի գաղափարախօսութիւնն է, որ լուսարձակի տակ կ՛առնուի: Հայաստանի նախագահութիւնը շատ երկրորդական նշանակութիւն ունի այստեղ. սլաքը հիմնովին եւ ուղղակի ուղղուած է Մոսկուային, որ խորքային առումով կը ղեկավարէ ՀԱՊԿ-ն: Իսկ այս բաղադրիչը կը խօսի արդէն ռուս-թրքական մրցապայքարի, շահերու բախման նոր ռազմավարական կէտի մասին:
Թրքական ոչ պաշտօնական մեկնաբանութեան համաձայն, ուրեմն, ռուսական զօրքեր կը տեղակայուին թրքական աշխարհի ամէնէն կեդրոնական երկրին մէջ:
Թուրանական գարուն, ռուսական ազդեցութեան վերականգնման փորձ, Ուքրանիա 2 եւ ռուս-թրքական շահերու բախման նոր կէտ: Ահա մինչ այժմ երեւցած նոր ուղղութիւնները Ղազախստանի մէջ:
«Ա.»
aztagdaily.com/archives/534092