Հայաստանը Պիտի Կազմակերպէ ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ. 100 Հայ Խաղաղապահներ Հասած Են Ղազախստան

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

Հայաստանը Պիտի Կազմակերպէ ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ. 100 Հայ Խաղաղապահներ Հասած Են Ղազախստան

10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Շաբաթ, 8 յունուար 2022-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւի առաջարկը` ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստ կազմակերպելու մասին:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ հայկական կողմը` իբրեւ ՀԱՊԿ-ի գործող նախագահ, պիտի զբաղի այդ տեսաժողովին կազմակերպումով:

Աւելի կանուխ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի զինուած ուժերը ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժերու կազմին մէջ մեկնեցան Ղազախստան` մասնակցելու կացութիւնը հանդարտեցնելու ջանքերուն:

«Հիմք ընդունելով ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի 4-րդ յօդուածին համաձայն սահմանափակ ժամանակահատուածով Ղազախստանի Հանրապետութիւն ՀԱՊԿ-ի հաւաքական խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու վերաբերեալ որոշումը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խաղաղապահ գործունէութեան մասին պայմանագիրի դրոյթներուն համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժերու կազմին մէջ Ղազախստանի Հանրապետութիւն գործուղած են խաղաղապահ ստորաբաժանում (թիւով` 100 զինուոր): Առաքելութեան ընթացքին Հայաստանի զինուած ուժերու խաղաղապահ ստորաբաժանումը պիտի իրականացնէ բացառապէս ռազմավարական նշանակութեան շէնք-շինութիւններու եւ ենթակառուցուածքներու պահպանութեան գործառոյթներ», յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

www.aztagdaily.com/archives/534125

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail