Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան Հիմնադիր, Մեծ Վարպետ Կարօ Քեպապճեանի Յիշատակին Նուիրուած Ուու Շու-Քոնկ Ֆուի Մրցաշարք
10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆ:
Լիբանանի Ուու շու-քոնկ ֆուի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 8 յունուար 2022-ին, «Անթունիէ Պաապտա» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր, մեծ վարպետ Կարօ Քեպապճեանի յիշատակին նուիրուած մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ Լիբանանի զանազան ակումբներէ 43 մարզիկներու:
Բացման խօսքը արտասանեց ֆետերասիոնի անդամներէն Նաում Սաատէ: Ան Կարօ Քեպապճեանի հակիրճ կենսագրականը ներկայացնելէ ետք անդրադարձաւ Լիբանանի Ուու շու-քոնկ ֆուի ֆետերասիոնի հիմնադրութեան մէջ մեծ վարպետին բերած ներդրումին, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ փոխատենապետութեան պաշտօնին միջոցով Լիբանանի Ուու շու-քոնկ ֆուի մարզաձեւի տարածման եւ բարելաւման իր կատարած աշխատանքներուն մասին: Նաում Սաատէ ըսաւ, թէ Լիբանանի Ուու շու-քոնկ ֆուի ֆետերասիոնը` գիտակցելով այս իրողութիւններուն, որոշած է «Մեծ վարպետ Կարօ Քեպապճեան»-ի բաժակի մրցաշարք կազմակերպել` իբրեւ յարգանք անոր յիշատակին:
Ֆետերասիոնին խօսքը ուղղեց նախագահ Ճորճ Նըսէյր, որ անդրադառնալով Կարօ Քեպապճեանի մարզական առաջին փորձառութենէն մինչեւ անոր վաղահաս մահը կատարած աշխատանքներուն, բարձր գնահատեց մեծ վարպետին կերտած մարզական ճանապարհը եւ Լիբանանի մարզական կեանքին անոր բերած մեծ ներդրումը: Ան յայտնեց, որ ֆետերասիոնին որոշումով «Մեծ վարպետ Կարօ Քեպապճեան» բաժակի մրցաշարքը պիտի կազմակերպուի տարեկան դրութեամբ: Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Կարօ Քեպապճեանի մարզական կեանքի երկարամեայ բարեկամներէն եւ ֆետերասիոնի նախկին անդամ Միշել Հաուի:
Հայ սեւ գօտիներու միութեան վարչութիւնը յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Լիբանանի Ուու շու-քոնկ ֆուի ֆետերասիոնին` շնորհակալութիւն յայտնելով մրցաշարքի կազմակերպութեան համար: Իր կարգին, ֆետերասիոնն ալ յուշանուէր մը յանձնեց Հայ սեւ գօտիներու միութեան վարչութեան:
Մրցաշարքի աւարտին Հայ սեւ գօտիներու միութեան վարչականները մետալներ յանձնեցին մրցաշարքի Ա., Բ. եւ Գ. դիրքերը գրաւող մարզիկներուն: Առաջին դիրքը գրաւեց Անթունիէ Պաապտա, երկրորդ դիրքը` Այնճարի Հայ սեւ գօտիներ, իսկ երրորդ` Սքուեր Ֆիթ: Մեծ վարպետ Կարօ Քեպապճեանի անունը կրող այս մետալները պատրաստուած եւ տրամադրուած էին Հայ սեւ գօտիներու միութեան կողմէ: