Netflix-ի Դրուագաշարը Աղմուկ Բարձրացուցած է Թուրքիոյ Մէջ․ Ցուցադրուած Քարտէզով Հայաստանը Եղած է Պատմական Սահմաններով
10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ամերիկեան «Netflix» ընկերութեան կողմէ ցուցադրուող դրուագաշարերէն մէկուն մէջ օգտագործուած քարտէզը աղմուկ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ։ Այնտեղ Հայաստանը ներկայացուած է իր պատմական սահմաններով՝ ներառելով Թուրքիոյ ներկայ տարածքը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
Թրքական ծովային եւ համաշխարհային ռազմավարութիւններու կեդրոնը (Turk DEGS) այդ մասին առաջինը գրառում ըրած է Twitter-ի էջով։ Գրառման մէջ նշուած է, որ 2-րդ աշխարհամարտի մասին պատմող դրուագաշարին մէջ Թուրքիոյ տարածքները ներկայացուած են իբրեւ հայկական։ Ատիկա համարուած է Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան թիրախաւորում։
Թեմային անդրադարձած է նաեւ թրքական իշխանամետ «Yeni Akit» թերթը։ «Ստորութիւն Netflix-էն, որ թշնամաբար տրամադրուած է Թուրքիոյ դէմ։ Տեսէ՛ք, թէ ինչպէս ներկայացուցած է Թուրքիոյ տարածքները» գլխագրով յօդուածին մէջ կը նշուի, որ բազմաթիւ քաղաքացիներ դժգոհութիւն յայտնած են «Netflix»-ի այդ գործելաոճէն։ Անոնք կը պահանջեն, որ Թուրքիոյ ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան գերագոյն խորհուրդը (RTUK) գործի անցնի եւ ամենածանր պատժամիջոցները կիրառէ «Netflix»-ի դէմ։
yerakouyn.com/2022/01/10/netflix-ի-դրուագաշարը-աղմուկ-բարձրացուցած-է/