Հզօր Հայաստան Եւ Հզօր Սփիւռք – ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

National Hero of Armenia and the Artsakh Republic Monte Melkonian

Հզօր Հայաստան Եւ Հզօր Սփիւռք – ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական ամանորեան գիրով 2022 տարին կը հռչակէ «Սփիւռքի տարի»:

1988-ին ծայր առած ղարաբաղեան պահանջատիրական շարժումը, որ հետագային վերածուեցաւ Խորհրդային Միութենէն անջատման ու անկախութեան շարժման եւ հնարաւոր դարձուց Արցախի հայութեան ինքնորոշման ու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի տարածքի ընդարձակման, յանգեցաւ հայկական երկու անկախ պետութիւններու ստեղծման: Շատ բնական մղումով մը, պատմակշիռ այս դէպքերը սփիւռքի ազգային կառոյցներուն ու ժողովուրդին ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, յաճախ մոռցնել տալով կամ յետին մակարդակ մղելով նոյնինքն սփիւռքի հարցերը:

Սփիւռքը յարատեւ փոփոխուող, տեղ մը նոր կազմաւորուող, այլ տեղ` անշքացող, տեղ մը բազմամարդ դարձող, ուրիշ տեղ նօսրացող երեւոյթ է: Իր հիմնական բաղադրութեամբ հետեւանք` անցեալ դարասկիզբի Ցեղասպանութեան, սփիւռքը մեծ տեղաշարժեր վկայեց Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Պալքանեան երկիրներու հայկական կազմակերպ գաղութներու պարպումով, Հայաստան ներգաղթով, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու քաղաքական վերիվայրումներուն հետեւանքով այդ շրջաններու հայութեան դէպի Արեւմուտք տեղաշարժով, Հայաստան ներգաղթողներու մեծ թիւի մը դէպի Ամերիկա արտագաղթով, Հայաստանի անկախութենէն ետք այնտեղէն կատարուած նշանակելի արտագաղթով ու դադար չառնող տեղաշարժերով ստեղծուեցաւ վեհափառ հայրապետին բնորոշումով` «աւանդական, խորհրդային ու հայաստանեան սփիւռքներու աններդաշնակ խառնուրդ մը»: Քիչ մը անդին, վեհափառը իրաւամբ կը հաստատէ, որ «սփիւռքը տարբեր մտածողութիւններու հանդիսարան է, երբեմն զիրար հակասող ու երբեմն համընկնող` յաճախ պայմանաւորուած թէ՛ ներհայաստանեան եւ թէ՛ տեսական ընկերա-քաղաքական ազդակներէ»:

Խառնիճաղանճի վերածուած արտակեդրոն այս զանգուածը կը ներկայացնէ հայութեան ստուար մեծամասնութիւնը` աւելի քան երկու երրորդը: Կասկածէ դուրս է, որ Հայաստանի գոյութեամբ պայմանաւորուած է հայկական սփիւռքի գոյատեւումն ու հայեցի ապրելակերպը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է շահախնդիր հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ սփիւռքի մէջ միասնականութեան ստեղծման ու կազմակերպ գոյութեան նկատմամբ: Օժանդակէ անոր ինքնուրոյն եւ ներդաշնակ նկարագիրին կազմաւորման: Միւս կողմէ, սփիւռքը ինք եւս, իր բազմազան կազմակերպութիւններով ու կառոյցներով պէտք է ձգտի ազգային գաղափարներու շուրջ միաւորել տարբեր մտածողութեան տէր ու ապակեդրոն տրամադրութիւններով ապրող զանգուածները:

Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով սփիւռքի էութեան շուրջ կարեւոր քննարկումներ կատարուեցան: Նորահաս երիտասարդութեան համար հայապահպանումը միայն լեզուի, ազգային բարքերու ու մշակոյթի պահպանումով անբաւարար էր: Սկիզբ առաւ սփիւռքի հայութեան քաղաքականացման գործառոյթը, որ ի վերջոյ յանգեցաւ թէ՛ համասփիւռքեան կառոյցներու ստեղծումին եւ թէ՛ Հայ դատի աւելի գործնական, նոյնիսկ ուժային հետապնդման ձեռնարկումներուն: Քաղաքական հոլովոյթները, տեղաշարժերը, Հայաստանի ու Արցախի անկախութիւնը, անապահովութեան պայմաններուն մէջ յառաջացած տնտեսական տագնապները շեղեցին նորահաս երիտասարդութեան ուշադրութիւնը դրական այդ մարտահրաւէրներէն ու զայն դարձուցին ազգային երեւոյթներու նկատմամբ անտարբեր: Անտարբերութեան բնորոշ արգասիքներէն մէկն ալ մշակութային որակաւոր ստեղծագործութիւններու նահանջն է, նկատելի թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛, դժբախտաբար, նաեւ Հայաստանի մէջ:

Սթափուելու ժամանակն է: Մեզ պարուրող ընկճախտէն պէտք է դուրս գանք ու լծուինք հայ ժողովուրդի ողջ կարողականութեան զօրաշարժին` ի սպաս Հայաստանին, Արցախին ու աշխարհացրիւ հայութեան:

Վեհափառ հայրապետին հետ կրկնենք. «Հզօր Հայաստան – հզօր սփիւռք տեսլականը պէտք է դառնայ ազգային ռազմավարութեան հիմքը եւ նպատակակէտը»:

yerakouyn.com/2022/01/10/հզօր-հայաստան-եւ-հզօր-սփիւռք-տիգրան-ճի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail