Ամեն Ընտրություն Իր Հետևանքն Ունի – Վիգէն Յովսէփեան
20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՍՓԻՒՌՔ:
Վիգէն Յովսէփեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ներկայիս, ՀՀ իշխանութիւնները անգամ մը եւս կը գտնուին յարաբերաբար տկար դիրքերու վրայ, մասնաւորաբար Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի մէջ Հայաստանի կրած պարտութեան հետեւանքով, ինչպէս նաեւ ՀՀ-ի սահմաններուն վրայ շարունակուող եւ ճգնաժամը խորացնող Ատրպէճանական ոտնձգութիւններուն պատճառով։
Ամեն ընտրություն իր հետևանքն ունի: Շատ կարևոր է, որպեսզի ամեն անգամ ընտրություն կատարելիս մենք առավել սթափ ու հասկանալի պատկերացնենք, թե ինչ է լինելու հարցին այո կամ ոչ պատասխանելու դեպքում: Հատկապես երբ հարցը վերաբերվում է թուրքերի հետ հարաբերությունների հաստատելուն:
Հասկանալի է, որ հայ-թուրքական հարաբերություն ասվածը խիստ անորոշ և հաճախ անընդունելի է մեզ համար՝ հաշվի առնելով, թե ինչպիսինն են եղել դրանք վերջին մի քանի հարյուր տարում: Թերևս մենք ավելի պատրաստված լինեինք այդ հարաբերություններին և ավելի պարզ ու սթափ գնահատեինք իրավիճակը, եթե 1991թ. սկսած մենք մեր ձեռքով չքանդեինք Հայաստանը; Մենք կարող էինք ունենալ պետություն, որը ուժեղ դիրքից կոպիտ կխոսեր Թուրքիայի հետ, այլ ոչ թե այդ հարաբերությունները դառնային այսքան ծանր ու ծամծմված մի երևույթ:
«Շտապ որոշում կայացնելը նման է խակ մրգի, իսկ հայերը խակ միրգ շատ են սիրում»,- ասել է Հայկ Խաչատրյանն իր «Արտավազդ» պատմավեպում:
Մենք ստիպված ենք համաձայնվել այս ամենի հետ, քանի որ անընդհատ մեր շտապողականության և անհեռատեսության պատճառով նորից ու նորից կորցնում ենք ամենաթանկ ժամանակը:
Հազարամյակն անզոր է հետ բերել մեկ ժամում կորցրածը, իսկ մենք հիմա շարունակում ենք կորցնել ժամեր, որ մեզ վրա հետ տասնամյակներ են նստելու:
Իսկ կարո՞ղ ենք գոնե մեկ անգամ մի կողմ դնել մեր կարճատեսի ակնոցն ու աշխարհին նայել պետականամետ մարդու լրջությամբ։
Առաջարկում ենք ծանոթանալ այս գրառմանը, որում խոսվում է հայ-թուրքական հարաբերությունների և դրան ածանցվող երևույթների և ինչու չէ, մեր բարդույթների մասին:
Գրառումն ամբողջությամբ՝ ստորեւ
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ծրագրուած երկխօսութեան մասին յայտարարութիւններ եւ վերլուծումներ են ամէն կողմ: Կարելի չէ այս կարեւորագոյն հանգրուանին, ու այս կարեւորագոյն նիւթին եւ սպասուող եղելութիւններուն մասին որոշ մտորումներ եւ կարծիքներ չունենալ, հակառակ այն իրողութեան որ շատ մը մանրամասնութիւններ կը պակսին մեզի՝ մանրամասնութիւններ, ի դէպ, որոնք կարեւոր են լիարժէք կարծիք ու կեցուածք կազմելու եւ ճշդելու համար, եւ որոնց մասին ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ բացատրութիւններու չգոյութիւնը անհանգստութեան եւ մինչեւ իսկ կասկածներու կ՚’առաջնորդեն։
Ոեւէ հայ անհատ, իրականութիւններէ եւ քաղաքական գործընթացներէ ընդհանրապէս կտրուած պէտք է ըլլայ որպէսզի Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան միանշանակ կերպով հակառակի։ Եթէ գտնուած են քաղաքական ուժեր եւ գործիչներ, որոնք անցեալին վերապահութիւն ունեցած են նման երկխօսութեան հանդէպ, իրենց դիրքորոշումը հիմնած են ոչ թէ ըստ էութեան երկխօսութիւն ունենալու հետ, այլ Թուրքիոյ կողմէ առաջադրուած անընդունելի նախապայմաններուն, ինչպէս նաեւ այդ նախապայմաններուն վրայ գծագրուող երկխօսութեան օրակարգին ուղղութեամբ։ Վստահ եմ որ այսօր ալ տարբեր չէ պարագան։
Սկսինք հաստատելով թէ մեզ բոլորիս համար պարզ է թէ այս երկխօսութիւնը քաջալերող որեւէ գերպետութիւն, իր առաջնահերթութիւններուն մէջ չունի Հայաստանի կամ հայութեան շահերը։ Բնական է որ իրենք իրենց սեփական շահերէն թելադրուած է որ պիտի քաջալերեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւնը եւ մինչեւ անգամ բնականոն յարաբերութիւններու զարգացումը։ Այս իմաստով, անշուշտ որ ակներեւ է թէ նման երկխօսութեան օրակարգ առաջ կը քաշուի միշտ այն պահին երբ Հայաստանը խոցելի վիճակի մէջ կը գտնուի։ 2008-ին, Սերժ Սարգսյանը հազիւ դուրս եկած էր Մարտ 1-ով բնութագրուող ներքին իրադարձութիւններէն, եւ օդի ու ջրի նման կարիքը ունէր միջազգային նեցուկի՝ յատկապէս Արեւմուտքի հետ բարեկամական կապերու, երբ այս վերջինը կը նկատուէր ներքին ընդդիմութեան մօտիկը կամ մինչեւ իսկ հովանաւորը։ Սերժ Սարգսյանի համար հնարքը Թուրքիոյ հետ խօսակցութիւններու պատրաստակամութիւնն էր, երբ ան յընթացս ընդունեց Թուրքիոյ որոշ նախապայմանները, որոնք խնդրոյ առարկայ կը դարձնէին մեր ազգային օրակարգի որոշ երեսներ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը քննարկման մէջ դնող օրակարգը, եւ այդ ժամանակ ականատես եղանք թէ ինչպէս արմատական ընդդիմութիւնը առաջնորդող Լեւոն Տէր Պետրոսեանը մինչեւ իսկ յայտարարեց գործունէութեան դադար՝ չխոչընդոտելու համար ընթացող բանակցութիւնները։
Ներկայիս, ՀՀ իշխանութիւնները անգամ մը եւս կը գտնուին յարաբերաբար տկար դիրքերու վրայ, մասնաւորաբար Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի մէջ Հայաստանի կրած պարտութեան հետեւանքով, ինչպէս նաեւ ՀՀ-ի սահմաններուն վրայ շարունակուող եւ ճգնաժամը խորացնող Ատրպէճանական ոտնձգութիւններուն պատճառով։ Առ այդ, պարզ է եւ ակնկալելի, որ իշխանութիւնները շահագրգրուած ըլլան դիւանագիտական ինչ որ «յաջողութիւն» ձեռք ձգելու առումով, մանաւանդ եթէ այս գործընթացներուն կապուած են խոստումներ, առաջարկներ, օժանդակութիւններ։
Ի տարբերութիւն 2008-2009ի տիրող իրադրութեանց, այսօրուան միակ դրական երեւոյթը – եթէ կարելի է այսպէս գնահատել – այն իրողութիւնն է որ տնտեսապէս ջախջախուող Թուրքիան, իր վրայ կը զգայ ԱՄՆի հետ վատթարացած յարաբերութիւններու հետեւանքները, եւ անմիջական կարիքը ունի միջազգային բեմի վրայ իր համար դրական տեղաշարժերու, դրական քարոզչութեան։ Այս իմաստով, եւ իր վրայ ունեցած պարտադրանքներուն պատճառով, կրնայ ըլլալ որ նախնական փուլերու ընթացքին Թուրքիան ցոյց տայ ճկունութիւն, ու անհեթեթ նախապայմաններով հանդէս չգայ, բայց պէտք է միամիտ ըլլալ համոզուելու համար, թէ ան իրեն յատուկ գոռոզութեամբ եւ ակրեսիւութեամբ (հաւանաբար նաեւ Ատրպէճանի ճնշման տակ) շատ շուտով նոր նախապայմաններ եւ սպառնալիքներ առաջ պիտի չքաշէ։
ՀՀ իշխանութիւնները լաւ պէտք է հասկնան թէ կամայ-ակամայ, իրենք այսօր կոչուած են հայ ազգի համընդհանուր շահերը պաշտպանելու։ Ճիշդ է որ Հայաստանի ոեւէ պաշտօնատար կամ կառավարութիւն ընտրուած է առաւելաբար հետապնդելու ՀՀ քաղաքացիներու շահերը, բայց հայկական իրականութեան մէջ կան հարցեր եւ բնագաւառներ ուր կարելի չէ բաժնել Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան շահերը, հակառակ այն իրողութեան որ ՀՀ իշխանութիւնները ըստ էութեան չեն ստացած սփիւռքահայութեան մանտադը։ Թուրքիոյ նման դարաւոր թշնամիի եւ ոճրագործ պետութեան հետ յարաբերութիւններու հարցը համազգային կարեւորութեան խնդիր է, ազգային շահերու խնդիր է։ Եւ ուրեմն, կարելի չէ սխալիլ, համոզուելու թէ ՀՀ իշխանութիւնները, յատկապէս այս ծիրին մէջ, կրնան պաշտպանել միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու շահերը՝ վերակենդանացնելով այն ապսուրտ համոզումը, թէ հայութեան պարագային կրնայ գոյութիւն ունենալ պետական եւ ազգային շահերու միջեւ տարանջատում, երկուութիւն, կամ աւելի վատը՝ հակադրութիւն։ Եթէ նման համոզումի անհեթեթութիւնն ու վտանգը լիովին պարզ չէր 1990-ականներու իշխանաւորներուն, ապա ուրեմն վերջին երեք տասնամեակներու մեր պատմութեան գլխաւոր դասը պէտք է եղած ըլլայ այն, թէ Հայաստանի պետական շահերը խարսխուած են հայ ազգային շահերու վրայ, եւ հայ ազգային շահերը խարսխուած են նոյն ՀՀ պետական շահերը պաշտպանելու հրամայականին վրայ։ Այսպէս փաստեցին եղելութիւնները, այսպէս փաստեցին մեր թշնամիներու առած քայլերը, այսպէս կը թելադրեն նաեւ հայ ազգի եւ Հայաստան աշխարհի ռազմավարական առաջադրանքները։
Կը մնայ ակնկալել եւ պահանջել որ ՀՀ իշխանութիւնները չսխալին իրենց առաջնահերթութիւնները կազմելու ընթացքին, յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա խօսակցութիւններուն մէջ իրենց ընթացքը ճշդելու ժամանակ։ Այստեղ ու յատկապէս այս համազգային օրակարգի դաշտէն ներս սխալելու եւ փորձառական քայլեր առնելու տեղը չէ։ Կան ժամանակաւոր կամ մակերեսային «յաջողութիւններ», որոնք կրնան վերջին հաշուով աւելի վնասակար ըլլալ, ու խորքային աւելի մեծ հարուած հասցնել ազգին, քան որեւէ պարտութիւն կամ ձախողութիւն։
Հայաստանը թշնամիին դէմ մղուած ճակամարտի մը ընթացքին պարտութիւն կրեց։ Պէտք է վստահ ըլլալ որ ճակատամարտի պարտութիւնը աւելի մեծ եւ ընդհանուր պատերազմին մէջ մեզ պարտութեան չ՚առաջնորդէ, ինչ որ կրնայ իրականանալ միայն եթէ ազգի շահերը ոտնատակ ըլլան չկշռադատուած քայլերով։ Այս իմաստով ՀՀ իշխանութիւնները պէտք է հասկնան թէ Թուրքիոյ հետ խօսակցութիւններու կամ յարաբերութիւններու բարդ կնճիռը այն նիւթն է որուն շուրջ կարելի չէ լռութեան պատ բարձրացնել եւ որուն մասին շատ արագօրէն պէտք է լուսաբանեն հայ ժողովուրդին – ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի-, եթէ նկատի ունենան հարցի տարողութիւնը ու պահի լրջութիւնը։
ՀՀ իշխանութիւնները պարտին շատ արագ պարզել իրենց մօտեցումները բոլորիս, եւ պարտին խօսակցութիւններու մէջ մտնել հայ ազգը կազմաւորող զանազան շերտերու հետ՝ յատկապէս նաեւ սփիւռքահայութեան հետ, նոյնիսկ եթէ երբեմն նման խօսակցութիւնները բարդ կամ անհանգիստ կացութիւններու տեղիք պիտի տան։ Երբ խնդիրը Թուրքիոյ կը վերաբերի, ազգային ճակատը փխրուն չի կրնար մնալ, մանաւանդ ստեղծուած անորոշութեան եւ առաջնահերթութիւններու գծով ստեղծուած մթնոլորտի մէջ, եւ մանաւանդ երբ խօսակիցը շփոթի եւ անորոշութիւններու մէջ կարելիութիւններ պիտի գտնէ։
Այս ուղղութեամբ որեւէ ուշացում, խաղ, կամ վրիպում մեզ լաւ տեղ չի կրնար առաջնորդել, եւ այստեղ բացթողումներու պատասխանատւութիւնը այլեւս թշնամիին կարելի չէ վերագրել։
Գրությունը վերցված է Վիգեն Հովսեփյան ի ֆեյսբուքյան էջից։
mer-oughin.am/2021/12/20/ամեն-ընտրություն-իր-հետևանքն-ունի/