Պարտութեան Համակերպո՞ւմ Թէ Դիմադրութիւն. Սփիւռքեան Մօտեցում – Խ. Տէր Ղուկասեան
11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
Խ. Տէր Ղուկասեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի աղիտալի պարտութիւնը, որուն տարողութիւնը շատ քիչերը կրնային կռահել Արծրունեան «Յաղթելու ենք»ին և Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն տուած հաւաստիացումներուն վստահած Սփիւռքին մէջ, շոքային ազդեցութիւն ունեցաւ նաև աշխարհով մէկ ինքնաբուխ զօրաշարժի ենթարկուած հայութեան վրայ: Նոյեմբեր 9, 2020-ի նուաստացուցիչ Եռակողմ յայտարարութեամբ հաստատուած հրադադարէն տարի մը անցաւ, բայց Սփիւռքը տակաւին չի գիտեր ինչպէս հակազդել, ինչպէս դուրս գալ շոքային իրավիճակէն, ինչպէս վերագտնել զօրաշարժի իր կարողութիւնը:
2021-ին, զարմանքով, անձկութեամբ, ընդվզումով, բայց մանաւանդ անկարող որևէ քայլի, Սփիւռքը ականատես եղաւ հայրենի ներքաղաքական ոլորտի բևեռացման սրումին ու միջազգային բեմին վրայ հայկական դիւանագիտութեան ինքնաչէզոքացման, եթէ ոչ պարզ ու մէկին՝ կամաւոր բացակայութեան: Տեսաւ թէ ինչպէս պատերազմէն անմիջապէս յետոյ, իշխանութիւնը պահելու թէ իշխանութիւնները տուն ղրկելու կառավարութեան և արտախորհրդարանային ընդդիմութեան բախումի մագլցումն ու փոխադարձ անզիջողութիւնը անկարելի դարձուցին ներազգային կենսական համաձայնութիւն մը, այրեցին փոխ-հասկացողութեան ամէն կամուրջ, և ի թերև հանեցին այս ամենաճակատագրական պահուն համար այնքան անհրաժեշտ ազգային միասնականութեան ամէն յոյս: Հակապատկերը այն ինչին Սփիւռքը վկայ եղաւ աւելի քամ երեսուն տարի առաջ Ղարաբաղեան Շարժումով և անկախութեան գործընթացով:
Դժուար է, անշուշտ, առանց համապատասխան հարցախոյզի և ուսումնասիրութեան հաստատել, թէ Սփիւռքը հայրենի քաղաքական դասէն, իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն, կը սպասէր նման խոհեմութեան նշան մը որպէսզի վերականգնէր, և, ինչպէս 1988-ին, հակառակ ամէն դժուարութիւններուն հաւատար պայքարին ու յաղթանակին: Բայց ա՛յդ էր հաւաքական յիշողութեան մէջ այն եղելութիւն/պատկերը որով և լինելութեան նոր հեռանկարներ կը բացուէին, հոգ չէ շատ աւելի երևակայական/հռետորական քան իրական/գործնական: Հայ ըլլալու ճշմարտութիւն մը կար, որ Ցեղասպանութենէն յետոյ աշխարհացրիւ հայութեան ինքնութեան պահպանման վրայ դրուած գրաւը կ’իմաստաւորէր: Արդ, Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն և նուաստացուցիչ պարտութենէն յետոյ ինչպէ՞ս մտածել այդ ճշմարտութեան մասին, ինչպէ՞ս կասեցնել անոր իմաստաթափումը որուն կենդանի պատկերը պատերազմէն մէկ տարի անց տակաւին համեցող շոքային այս իրավիճակն է:
Խորքին մէջ, պատերազմը և պարտութիւնը առանձին չեն բացատրեր Սփիւռքի այս անդամալուծումը: Պարզապէս արագացուցին բացայայտումը այն լուսանցքային («մարգինալ») տեղին որ Սփիւռքին վերապահուեցաւ անկախութենէն յետոյ հայրենի քաղաքական թէ տնտեսական զարգացման որոշումներու կայացման հոլովոյթին մէջ: Անցնող երեսուն տարիներուն փաստօրէն չկար, չեղաւ, Սփիւռքի օրակարգ, կար միայն Հայաստան-Սփիւռք օրակարգ: Հետևանք էր հայրենի քաղաքական ընտրանիի չկամութեան Սփիւռքը ձայնով և քուէի իրաւունքով ներառելու որոշման կայացման պետական համակարգին մէջ: Բայց նաև բարացուցական է Սփիւռքի ձախողութեան՝ ունենալու իր ինքնուրոյն օրակարգը, ի՛ր մօտեցումը, թէկուզ և առաջնահերթութիւն տալով հայրենիքի հետ յարաբերութիւններուն: Պատերազմէն յետոյ ընկերային ցանցերու վրայ քննարկումներուն ընթացքին Սփիւռքին ուղղուած քաղաքավար, հեգնական թէ բացայայտ նկատողութիւնները, որոնց միտք ի բանին այն է, որ հայրենիքէն դուրս ապրողը ոչ իսկ բարոյական իրաւունքը ունի հայրենի իշխանութիւններուն քննադատելու, արտացոլումն է պետական համակարգին մէջ Սփիւռքի վերապահուած լաւագոյն պարագային լուսանցքային տեղին: Միւս կողմէ, եթէ նկատի առնենք, որ ամբողջ տարի մը անցած է և իշխանութիւնները տակաւին հաշուետուութիւն չեն ներկայացուցած Հայաստան Հիմնադրամի հանգանակած գումարներուն իւրացման, հարիւր միլիոն տոլարի երբ, ուր և ինչպէս ծախսուելու մասին, և Սփիւռքը լուռ կը մնայ, թերևս հասկնանք Սփիւռքի անկարողութիւնը իր լուսանցքային կացութենէն դուրս գալու: Օրինակը խօսուն է այն իմաստով, որ Հիմնադրամը այն կառոյցն է, ուր Սփիւռքը պատեհութիւնը ունի թէկուզ և շատ սահմանափակ կերպով մասնակից և ոչ միայն կամակատար ըլլալու ներ-Հայաստանեան գործընթացին, առնուազն վերահսկողութեան իրաւունքն ունենալու հաւաքուած գումարներու ճիշդ գործածման մասին: Բայց, ահաւասիկ, Հիմնադրամը իր աշխատանքները կը շարունակէ որպէս ոչինչ, և ոչ իսկ հանրային բանավէճ սկսած է անոր կառոյցի կամ հաշուետուական մեքանիզմի բարեկարգումի անհրաժեշտութեան մասին… Աւելի՛ն, տարեփակէն առաջ Հիմնադրամի հոգաբարձուներու Նոյեմբերեան հաւաքին, ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան կ’ընդվզէր Հիմնադրամի հանդէպ անվստահութեան արտայայտութիւններուն: Նոյն այդ անձնաւորութիւնը, որ տարի մը առաջ պահանջած էր հաշուետուութիւն, արդէն կը ձայնակցէր վարչապետ Փաշինեանին և Սփիւռքի վրայ բարոյական ճնշում բանեցնելու ճամբով բոլոր քննադատական ձայները լռութեան մատնել կ’ուզէր:
Սփիւռքի երեսնամեայ «մարգինալ»ացման նիւթը բնականաբար բարդ է և առանձին քննարկման կը կարօտի, և այդ քննարկումը այսօրուայ ազգային գոյութենական իրավիճակին մէջ կրնայ լոկ մտամարզանք թուիլ, և մինչև իսկ կաշկանդել Սփիւռքի դեռևս անհրաժեշտ մասնակցութիւնը հայրենիքի վերականգնումին: Այդպէս չէ: «Հիմա ասոր ժամանակը չէ» մօտեցումը ինքնին հարազատ արձագանգն է Սփիւռքին վրայ հոգեբարոյական ուղղակի թէ անուղղակի ճնշումին և Սփիւռքի բարդոյթի զգացումին, զորս պիտի՛ ախտաճանաչել անցնող երեսուն տարիներու քննական/քննադատան վերատեսութեամբ: Բայց, որպէսզի Սփիւռքեան գոյավիճակի սերտօրէն առընչակից այս քննարկումը ինքզինք չխզէ ազգային գոյութենական իրավիճակէն և սխալ չմեկնաբանուի որպէս հայրենաժխտում, թերևս լաւ կ’ըլլայ այն սկսիլ հայրենի պետականութեան և ժողովուրդին դէմ ծառացած երկու այլընտրանքներուն՝ պարտութեան համակերպո՞ւմ թէ դիմադրութիւն, Սփիւռքեան մօտեցման բանաձևման փորձով մը:
Թերևս կրնայ մինչև իսկ հակասական թուիլ մէկ կողմէն կարևորել Սփիւռքեան մտածողութեան ինքնուրոյնութեան անհրաժեշտութիւնը, և միւս կողմէ լուսարձակի տակ առնել քաղաքական երկու այլընտրանք, որոնք Հայաստանի մէջ բանաձևուած են, այն ալ իշխանութիւն/ընդդիմութիւն բաժանման գծի ու քաղաքական պայքարի կտրուածքով: Սփիւռքի ինքնուրոյն մտածողութեան կառուցման նախանձախնդրութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն թէ ընդդիմութեան այլընտրանք մը հրամցնելու չի վերաբերիր: Կը միտի թէկուզ և Հայաստանի մէջ բանաձևուած այլընտրանքներու բանականացման Սփիւռքեա՛ն դիտանկիւնէ, հաստատել Սփիւռքեա՛ն իրաւունք՝ այս բանավէճին մէջ հիմակուհիմակ գոնէ ձայն ունենալու, որքան ալ որ այն հայրենի քաղաքական ընտրանիին համար մնայ բարբառոյ յանապատի…
Աւելցնենք որ Սփիւռքեան դիտարկման ինքնուրոյնութիւնը մէկ կամ միւս այլընտրանքին համաձայն ըլլալու մասին չէ: Այսինքն՝ մարտահրաւէրը այլընտրանքի մը ընտրութիւնը չէ, այլ այլընտրանքներէն որևէ մէկուն զօրակցութիւնը կամ ակտիւ որդեգրումը հիմաւորել Սփիւռքեան գոյավիճակէն մեկնած: Աւելի՛ն, ընկերային ցանցերու վրայ այս խնդրի քննարկումներուն հետևողներուն համար քիչ կասկած կայ, որ Սփիւռքը, իր բազմազանութեամբ, բազմաձայնութեան «անձև ժխոր»ով եթէ կրնանք ըսել յիշելով Սիմոն Վրացեանի «անձև քաոս»ը, որով կը բանաձևէր 1918 Մայիսին անկախութիւն յայտարարած կտոր մը Հայաստանի ներքին կացութիւնը, անմասն չի մնար, չէր կրնար մնալ, այս բանավէճին: Որքանո՞վ, սակայն, Սփիւռքէն հնչած ձայները լոկ արձագանգ են Հայաստանի մէջ զարգացող բանավէճին և արդե՞օք կը յաջողին մէկ կամ միւս այլընտրանքին տալ Սփիւռքեան մօտեցում: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ «Սփիւռքեան մօտեցում»…
«Սփիւռքեան մօտեցում» բանաձևումին մտաւորական հասկացողութեան համար անհրաժեշտ է զուգահեռներ գծել 1921-ի ազգային իրավիճակին հետ: Ամէն տարբերութիւն յարգելով հանդերձ պատմական երկու ժամանակներու միջև, Կարսի ու Մոսկուայի համաձայնագրերը այն ժամանակ յանգեցան անկախութեան կորուստին և Հայաստանի խորհրդայնացման, որ, կարևոր է ի մտի ունենալ, ողջունուեցաւ հայութեան մէկ հատուածին կողմէ: Այսօր անկախ պետականութիւնը վերացման անմիջական վտանգ չի դիմագրաւեր, բայց կարելի չէ ժխտել որ անկախութեան մայրամուտ է, որը, այնուամենայնիւ, որպէս այդպիսին չընկալուիր հայութեան մէկ հատուածին կողմէ: Նոյնպէս, դժուար է այն ժամանակ կայացած Սփիւռքի մը մասին խօսիլ, յղացքն իսկ իր այսօրուայ հնչեղութեամբ շրջաքայութեան չէր դրուած -պիտի սկսէր 1930-ականներուն մամլոյ օրգաններու մէջ: Այնուամենայնիւ, հարիւր տարի առաջ կար աշխարհացրիւ հայութիւն ի դէմս արդէն կազմակերպ համայնքներու և իրենց հայրենիքէն դուրս ապաստան փնտռող Ցեղասպանութենէն վերապրածներու: 1921թուականը ինչ որ իմաստով, ուրեմն, զէրօ կէտ մըն էր այն ժամանակ աշխարհացրիւ հայութեան համար, և մէկ դար անց թերևս նոյնն է պարագան արդէն կայացած Սփիւռքին, Սփիւռքեան գոյավիճակին, համար:
Մոսկուայի և Կարսի պայմանագրերէն հարիւր տարի յետոյ, Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ ռուս-թրքական մեծապետական շահերու համընկնումը կրնայ յանգիլ պատմութեան կրկնումին: Աւելի՛ն, այդ մէկը ազդարարուեցաւ դեռևս Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին, երբ անոր սկիզբի, ընթացքի և աւարտի տարբեր թուականները, յայտարարութիւններն ու որոշումները դիտորդներուն համար բացայայտեցին պատմութեան կրկնումի իրականացման յստակ մտադրութիւն և քաղաքական որոշում, առնուազն թուրք-ազրպէյճանական կողմին մօտ: Կովկասի մէջ իր միակ դաշնակիցին նուաստացուցիչ պարտութիւնը հեռուէն դիտող և բարձրագոյն պետական պաշտօնեաներու բերնով Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան ուղղուած վստահաբար ոչ անդիտաւորեալ նկատողութիւններով, Մոսկուա իր կարգին պատմութեան կրկնումի իր տարբերակը ցոյց տուաւ: Առ այդ, ինչպէս հարիւր տարի առաջ, Հայաստան այսօր ևս միջազգային յարաբերութիւններու օրակարգէն, միջազգային հանրութեան ուշադրութենէն և մինչև իսկ հետաքրքրութենէն չքանալու վտանգին տակ կը գտնուի:
Ազրպէյճանը անխափան կը յառաջանայ Արցախեան հարցը լուծուած համարելու, և հետևաբար՝ կարգավիճակին մասին խնդիրը Մինսքի օրակարգէն դուրս բերելու, Հայաստանէն տարածքներու բռնակցումի, գերիներու վերադարձը մերժելու և Մեղրիի վրայով փանթրքական ծրագրի իրականացման ընթացքք տուող Նախիջևանի հետ միջանցքի իր նպատակներուն ուղղութեամբ: Ազրպէյճանական յառաջխաղացքը կ’իրականանայ որովհետև Հայաստանի մէջ իշխող քաղաքական ուժը կը հաւատայ, որ պարտութիւնը «յաղթանակ»ի պիտի վերածուի «տարածաշրջանային խաղաղ զարգացման դարաշրջան»ի ընթացք տալով: Թէ ճիշդ երբ, ինչպէս և որու թելադրանքով այդ յղացքը բանաձևուեցաւ երևի առանձին ուսումնասիրութեամբ կարելի է պարզաբանել: Յստակ է, սակայն, որ գործնականին մէջ այդ նշանակեց՝ Արցախի հարցին մասին լռութիւն, սահմանազատման և սահմանագծման պատճառաբանութիւններով ազրպէյճանական ոտնձգութիւններու թոյլտուութիւն և մինչև իսկ օրինականացում, բանակի վերակազմակերպութեան և վերազինման օրակարգի բացակայութիւն և միջազգային բեմին վրայ դիւանագիտութեան ամլացում:
Հայաստանի անձնատուութեան անմիջական յաջորդ օրերուն, ԱՄՆ-էն Հայաստան տեղափոխուած և այսպէս կոչուած «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» օրգանական մտաւորականներէն մէկուն վերածուած քաղաքական մեկնաբան մը «բնականոն» համարեց Երևանի մէջ շարունակուող կեանքը: Իր ընթացիկ իմաստով առնուած այդ բնորոշումը առաջին հայեացքով հարազատօրէն կը փոխանցէր իրավիճակը. մարդիկ, բնականաբար, պիտի շարունակէին իրենց առօրեան: Կը մնայ որ այդ բնորոշումը ինքնին այնքան ալ աննպատակ չէր եթէ այն տեղադրենք պատերազմի ահաւոր պարտութեան հոգեբանական ոլորտին մէջ: Անշուշտ անգլերէնով եղած այդ բնորոշումը, հետևաբար ուղղուած մասնաւորաբար Սփիւռքին և աւելի յատուկ՝ Հիւսիսամերիկեան ցամաքամասի համայնքներուն, թերևս առաջին թէկուզ և ակամայ եղած փորձն էր նսեմացնելու ե՛ւ պարտութեան ահաւորութիւնը, ե՛ւ Եռակողմանի Յայտարարագիրը ստորագրող Վարչապետին պատասխանատուութիւնը՝ պատերազմի սկիզբի, ընթացքի և աւարտի վերաբերեալ, առաջին քայլը «նորմալացնելու» պարտութիւնը ոչ թէ որպէս պատուհասային իրադարձութիւն ազգային հաւաքական ճակատագրին համար, այլ սովորական պատահար, ցաւալի անշուշտ, բայց պատահար ամէն պարագայի:
Պարտութեան յայտարարագրի ստորագրութենէն անմիջապէս յետոյ, փոխանակ հրաժարելու և նախանձախնդիր ըլլալու, որ Ազգային Ժողովի իշխանական բացարձակ մեծամասնութիւն եղող Իմ Քայլը խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ հետաքննիչ յանձնաժողով ստեղծուի պատերազմի սկիզբի, ընթացքի և աւարտի պատասխանատուութեանց մակարդակներն ու իւրաքանչիւրին պարագային ապիկարութեան, ձախաւերութեան, սխալ հաշուարկումի թէ նպատակաուղղուած ճակատագրականօրէն սխալ որոշումներ կայացողները ճշդելու և անոնց դէմ դատական գործ սկսելու նպատակով, Վարչապետը բանաձևեց զինք հաշուետուութենէն զերծ պահող «պատասխանատու եմ բայց ոչ մեղաւոր» սոփեստութիւնը և առաջ քաշեց արտակարգ ընտրութիւններու խնդիրը՝ որպէս թէ «ժողովուրդին կամք»ին ձգելով զինք և իր կառավարութիւնը այս պատերազմին համար դատելու որոշումը: Յունիս 20-ի ընտրութիւններուն քուէարկողներու թիւի կէսի մասնակցութեան արդիւնքով ԱԺ-ի մէջ իր մեծամասնութիւնը պահելով, հիմա արդէն իշխող ուժը հետամուտ է պարտութեան համակերպումը ամրագրելու հայ ժողովուրդի հոգւոյն և սրտին մէջ:
Թէ ի՛նչը պատճառ եղաւ, որ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում առաջացուցած արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը ետ կենար կառավարութեան հրաժարականին հասնելու փողոցային զօրաշարժի իր վճռակամութենէն և ընդունէր ընտրութիւններու երթալու իշխանութիւններու խաղը, դեռևս այնքան ալ յստակ չէ: Աւելի՛ն, արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը ձախողեցաւ մէկ և միակ ցանկով մը ընտրութիւններուն ներկայանալ, ձախողեցաւ միչև իսկ Ազգային Ժողովէն ներս իշխող քաղաքական մեծամասնութեան հակակշիռ ստեղծել: Ճիշդ է, հիմա կա՛յ խորհրդարանական ընդդիմութիւն ի դէմս «Հայաստան Դաշինք»-ին և «Պատիւ Ունիմ» խմբակցութիւններուն, և ոչ թէ անցնող երկու տարիներու նման ընդդիմութեան դերակատարութիւնը ստանձնածներուն: Բայց իշխանութիւններու թելադրած ընտրական խաղին մասնակից ըլլալով, ընդդիմութիւնը նաև ակամայ ընթացք տուած է պարտութեան «նորմալացման», որ իշխանութիւնները կ’ուզեն ամրագրել:
Խորհրդարանական ընդդիմութիւն առաւել փողոցային զօրաշարժ իշխանափոխութեան հասնելու համար կը թուի քաղաքական պայքարի հետաքրքրական ռազմավարութիւն մը եթէ միայն կարենայ առաջացնել զանգուածային զօրաշարժ: Ազգային Ժողովի մեծամասնական խմբակցութեան մէջ ճեղք առաջացնելու հաւանականութիւնը գրեթէ անգոյ է, քաղաքական-գաղափարախօսական համոզումներով թէ շահադիտական հաշուարկումներով Քաղաքացիական Պայմանագիրի պատգամաւորներուն հաւատարմութիւնը Նիկոլ Փաշինեանին զօրաւոր կը թուի ըլլալ: Այսինքն՝ Օրէնսդիր Իշխանութեան մէջ ուժային փոփոխութեամբ կառավարութեան անկման հասնիլը իրապաշտ չէ: Կը մնայ փողոցային ճնշումը. Փաշինեանին իշխանութենէ հեռացնել նոյն այն ձևով, որ իշխանութեան հասաւ և ապահովեց ժողովրդային զօրակցութեան օրինականութիւն: Այսինքն ընդդիմութիւնը պէտք է յաջողեցնէ զանգուածային զօրաշարժ, որուն համար առաջին հերթին պէտք է համոզէ վերջին արտակարգ ընտրութիւններուն իշխանութիւններուն չքուէարկած, բայց միևնոյն ժամանակ ընդդիմութեան չվստահող քաղաքացիներուն լայն խաւի մը: Առաւել՝ իր պատգամով կարենայ հասնիլ իշխանութիւններուն քուէարկած բայց արդէն յուսախաբ ընտրողներուն: Այդ ընելու համար ընդդիմութիւնը ունի՞ համապատասխան պատգամ, այլ խօսքով՝ իշխանափոխութեամբ երկիր փրկելու իր հիմնական պատգամը կը հասնի՞ շարքային քաղաքացիի՞ն, կը համոզէ՞:
Խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններով Ազգային Ժողովին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն ապահոված Քաղաքացիական Պայմանագիրը ինքզինք համոզած է, որ վերահաստատած է իր օրինականութիւնը և ժողովուրդէն մանդատ ստացած է յետ-Նոյեմբեր 9-ի իրավիճակը կայունացնելու՝ Եռակողմանի Յայտարարութեան կէտերը հաստատագրող համաձայնագրով մը: Բայց երևի աւելի շուտ քան ուշ անդրադառնան, որ ընտրութիւններուն յաջողութիւնն ու Ազգային Ժողովէն ներս բացարձակ մեծամասնութիւնը պէտք չէ շփոթել անկախ պետականութեան, հայրենիքի և ազգի լինելութեան ճակատագիրը միակողմանիօրէն որոշելու «քարթ պլանշ»ի: Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթը հնգամեայ ժամկէտ մը տուած է իրենց և արդէն մէկ տարին անցաւ առանց որևէ շօշափելի յառաջխաղացքի: Աւելի՛ն, մէկ տարի կորսնցուցին և այդ մէկ տարուայ ընթացքին Ազրպէյճանը փաստեց որ կրնայ լարուած իրավիճակի սթաթուս քուօ-ի վրայ քուէ դնել Հայաստանը տկարացնելու համար այնքան, որ երբ ռուս խաղապահներու ժամանակաշրջանը աւարտի չվերանորոգէ պայմանագիրը և նոր պատերազմ սկսի իր համար շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններով: Այս պայմաններուն մէջ, իշխանութիւններուն կը մնայ մէկ ելք. ընդունիլ այն ինչ որ արտաքին ուժերը, իմա՛՝ ռուս-թրքական համաձայնութիւնը, կը պարտադրեն, և այն ընդունիլ տալ հայութեան, որով և ցոյց կու տան իրենց կարողութիւնը պարտութիւնը «յաղթանակ»ի վերածելու: Արդէն երեք փաստաթուղթ ստորագրած պարտութեան գլխաւոր պատասխանատու վարչապետ Փաշինեան այս ձևով հանդէս կու գայ ե՛ւ որպէս հայ ժողովուրդի «փրկիչ», ե՛ւ խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի թեկնածու -անշուշտ մրցանակը կիսելով Ալիևին հետ…
Ողբերգութեան նման «երջանիկ աւարտ»ի և աղէտի թաւշագոյն «մեթամորֆզման» համար թերևս անհրաժեշտ ըլլայ աւելի ևս ոստիկանացնել ժողովրդավարութիւնը, Ֆրիտըմ Հաուս-ի ցանկին վրայ անկում արձանագրելու ռիսկը առնել խօսքի ազատութիւնը օրինականօրէն առաւել սահմանափակելով, ընդդիմադրութեան առջև ամէն տեսակի արգելքներ դնելով արտագնայ պատուիրականութիւններու մէջ ներառելու, և, հետևաբար, իրենց ձայնը լսելի դարձնելու արտաքին աշխարհի մէջ, անոնցմէ շատերուն քաշքշելով դատարան և, ընդհանրապէս, ընդդիմութեան հետ քաղաքական պայքարը տեղադրելով «Լօուֆէր»ի (“Lawfare” ԱՄՆ-ի ակադեմական Չառլզ Տանլափի (Charles J. Dunlap Jr.) 2001-յղացած բնութագրումն է որ հեղինակը սահմանած է որպէս «օրէնքի գործածութիւնը որպէս պատերազմական գործիք») տրամաբանութեան մէջ… Բայց այս բոլորէն անդին և աւելի կարևոր, իշխանութիւնները պիտի փորձեն պարտութիւնը նախ հայրենի ժողովուրդին, ապա, նաև ինչ որ չափով Սփիւռքի մտքերուն և սրտերուն մէջ «նորմալացնել», վերածել «յաղթանակ»ի, համոզել, որ իրապաշտութիւն է ոչ միայն ընդունիլ պարտադրուած պայմանները այլև՝ համակերպիլ անոնց և համոզուիլ որ «ապագայ կա՛»… Այդ մէկուն համար անհրաժեշտ չէ ոչ ժխտել որ հայկական հողամասեր թիզ առ թիզ կ’անցնին Ազրպէյճանին, ոչ ալ դէպի Նախիջևան միջանցքը համարել փանթրքական սպառնալիք, այլ՝ գտնել անհրաժեշտ ձևակերպումները և զարկ տալ Փի.Ար.ին, որուն ոչ միայն տիրապետել գիտեն, այլ զայն նոյնացուցած են քաղաքականութեան հետ:
Այս է կացութիւնը այսօր, և պիտի ընդունիլ, որ Սփիւռքը, ըստ երևոյթին, ոչինչ կրնայ ընել անոր բարեփոխման դոյզն ներդրում ունենալու համար: Իշխանութիւններու համար այդ ներդրումը անկարևոր է: Ինչպէս, ընդհանրապէս, Սփիւռքեան ներդրումը այնքան ալ կարևոր չէ եղած անցնող երեսուն տարիներուն որևէ իշխանութեան համար, ի բացառեալ պատահական, ad-hoc, հարցերու պարագային: Աւելի կարևոր՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մէջ չկայ ոչ մէկ հայեցակարգ, ուր Սփիւռքը ունենայ լծակներ իր թէկուզ և սահմանափակ մասնակցութիւնը բերելու համար որոշումներու կայացման հոլովոյթին: Ի մասնաւորի Սփիւռքի Նախարարութեան լուծարումէն յետոյ, երբ վերացաւ այն ոլորտը ուր առնուազն կարելի էր յուսալ այս ուղղութեամբ ինչ որ յառաջխաղացք:
Սփիւռքի մէջ ընդդիմութեան զօրակցութիւնն ալ լաւագոյն պարագային խորհրդանշական ու սահմանափակ ըլլալու կոչուած է: Դիւրին չէ ճիգ ընել մէկ կողմէ պետութիւն և իշխանութիւն հասկացողութիւնները իրարմէ զանազանել, միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ ըդդիմութեան պայքարի ոճի ընդօրինակումով բողոքի ցոյց կազմակերպել ՀՀ դեսպանութիւններու թէ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու դէմ, որոնք իրենց էութեամբ պետութեան և ոչ թէ իշխանութիւններու ներկայացուցչական կեդրոններ են: Տակաւի՛ն, այսպէս կոչուած «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» ժողովրդականացած պատկերը հակառուսականութիւնն է, ինչ որ նաև որոշ չափով կը հաստատեն իրենց կարկառուն դէմքերէն թէ Սփիւռքի մէջ անոնց օրգանական մտաւորականներէն շատեր իրենց կենսագրութեամբ և քաղաքական գործունէութեամբ: Բայց իշխանութեան հասած Թաւշեայ նեղ շրջանակը խորքին մէջ իշխանութիւնը պահելու հետամուտ բախտախնդիրներու խումբ մըն է, կամ ալ սորվեցաւ բախտախնդրութիւնը քաղաքական «կատեգորիա»յի վերածել անցնող երեք տարիներուն: Չկայ Փաշինեանի հրապարակային և ոչ մէկ ելոյթ, ուր բացակայի Ռուսիոյ և նախագահ Փութինին շնորհակալ ըլլալու պարտադիր յղումը:
Յստակ չէ եթէ ընդդիմութիւնը հասկցած է, որ իշխանութիւններուն «հակառուսականութիւնը» այլևս ոչ ոքի կը համոզէ: Աւելին՝ ոչ իսկ Մոսկուայի կը նեղացնէ ինչպէս սկզբնական ժամանակներուն, այնքան ատեն որ Փաշինեանը հասկցած է Հայաստանի և իր իշխանութեան վրայ մնալու հարցին կախուածութիւնը Ռուսիայէն, որ արդէն կար և այսօր կարծես բացարձակացած է պատերազմի հետևանքով: Կը մնայ որ ընդդիմութեան համար Փաշինեանի նորագոյն ռուսամէտութիւնը նաև խնդիր է, որովհետև, պարզ է, չի՛ կրնար հրապարակային կերպով ընդդիմանալ անոր, դեր մը, որ համոզուած թէ քաղաքական պատուէրի կարգով ստանձնած են Մայիս 2020-ին ծնունդ առած Ազգային Ժողովրդական Բևեռի մաս կազմող խմբաւորումներն ու հասարակական դէմքերը: Իշխանութիւններու ռուսամէտութեան հետ «մրցակցութիւնը» այսուհետև թերևս փոխադրուի այլ հարթակ՝ Ռուսիոյ հետ «ընդհանուր պետութեան» այլընտրանքին, որը «մտածելու բան է» ըսաւ ընդդիմութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը՝ Հոկտեմբերի սկիզբին իր տուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին: «Ընդհանուր պետութիւնը» կրնայ Հայաստանի Ռուսիայէն կախուածութեան գերագոյն մակարդակը ըլլալ, նկատի ունենալով երկրի տկարութիւնը կրնայ մինչև իսկ մեկնաբանուիլ որպէս կացութեան բանական/տրամաբանական զարգացումի հետևանք: Կասկած չկայ, որ ոմանց համար այդ նկատուի «փրկութիւն» ինչպէս, վերիվարոյ, 1921-ին, եթէ անշուշտ նման տրամադրութիւն կայ Մոսկուայի մէջ -կամ եթէ այդ քայլը պիտանի է Ռուսիոյ, ռուսական մեծ կապիտալին: Բայց այդ արդէն կը նշանակէ, որ անկախութեան «մայրամուտ[ը] որ պէտք է կասեցնել»ը, փոխ առնելով Վահան Յովհաննիսեան ատենին արդէն ահազանգ հնչեցնող յօդուածաշարին խորագիրը, կը բացառուի որպէս քաղաքական կեցուածք ըլլալէ:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն, հոն Սփիւռքը դեռևս Փրոթոքոլներուն ժամանակ ցոյց տուաւ, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքը՝ «յարաբերութիւններ առանց նախապայմաններու» չի՛ կրնար այս կամ այն ձևով Ցեղասպանութեան հարցի անտեսման, լռեցման կամ թրքական ժխտողականութեան համակերպաման համահունչ ըլլալ: Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին վարչապետ Փաշինեան առիթ չփախցուց յիշեցնելու Ցեղասպանութիւնն ու Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը, զգուշացուց, որ պատերազմը կրնայ յանգիլ ոճիրի կրկնութեան: Մէկ տարի յետոյ, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մասին խօսած ժամանակ, Փաշինեան արդէն չի նշեր Ցեղասպանութիւնը: Հարցը մէկ տողով իսկ ի լուր աշխարհի վերյիշեցման կարգով չկայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի իր արձանագրուած ելոյթին մէջ: Ընդդիմութիւնը իշխանութիւններուն կ’ամբաստանէ յատկապէս թուրք-ազրպէյճանական խաղին մէջ ինկած ըլլալու համար, և իրաւունք ունի վերահաստատելու, որ ինչպէս 1990-ականներուն, ինչպէս Փրոթոքոլներուն ժամանակ, ինքնախաբէութեամբ պէտք չէ տարուիլ, որ տնտեսական ենթադրաբար «յաղթող-յաղթող» տրամաբանութիւնը հայ-թրքական յարաբերութիւնները պիտի դնէ նոր մակարդակի մը, ուր թերևս Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցն ալ օր մը կարելի ըլլայ օրակարգի դնել: Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն յետոյ Թուրքիա արդէն Ցեղասպանութեան հարցը լուծուած կը համարէ, այնպէս ինչպէս Ազրպէյճանի համար Արցախի հարցը այլևս գոյութիւն չունի: Երկու պարագաներուն ալ ենթադրութիւնը այն է, որ պատերազմին պարտուած հայկական կողմը այնքան տկարացած է, որ այլևս նման հարցեր օրակարգի վրայ դնելու կարողութիւնն իսկ չունի: Փաշինեանի կառավարութեան լռութիւնը երկու խնդիրներուն նկատմամբ իրենց ենթադրութիւնը հաւաստի կը դարձնէ: Կը մնայ, որ, ինչպէս Արցախի հարցի պարագային, ընդդիմութիւնը նաև պիտի յիշէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մասին անդրադարձող իր հրապարակային յայտարարութիւններուն ժամանակ Ցեղասպանութիւնը նշել, յստակ դարձնելով որ, գէթ ընդդիմութեան համար, «առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ»ը չեն ենթադրեր Ցեղասպանութեան հարցի որևէ ձևի ժխտողականութեան ընդունում:
Սփիւռքը, հետևաբար, պիտի մնայ այնքան զգաստ որքան էր Լևոն Տէր Պետրոսեանի, Թուրք-Հայկական «Հաշտեցման» Յանձնաժողովի թէ Փրոթոքոլներուն ժամանակ, ուշադիր պիտի ըլլայ, որ Ցեղասպանութիւն բառը հնչէ իշխանութեան թէ ընդդիմութեան ոևէ ղեկավարի հրապարակային այն ելոյթներուն, որոնք կը վերաբերին հայ-թրքական յարաբերութիւններուն: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման և արդարահատոյցի պահանջատիրութիւնը Հայ Դատի ողնասիւնը եղաւ և կը մնայ, եղաւ Յիսունամեակով սկսած Սփիւռքի քաղաքականացման մղիչ ուժը: Պետական միջոցներէ զուրկ Սփիւռքին համար, Ցեղասպանութեան ճանաչումը 1980-ականներու առաջին կէսէն սկսած մինչև օրս, միջազգային բեմին վրայ հաւաքական զօրաշարժով արձանագրուած քաղաքական յառաջընթացի մեծ փաստն է, սեփական ուժերու վստահելով հզօր պետութեան մը մարտահրաւէր կարդալու համարձակութիւնը, հայ ըլլալու ճշմարտութեան վկայութիւնը: Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը և արդարահատոյցը չի՛ կրնար անմասն մնալ «պետական մտածողութենէն», թէկուզ և երբ հասկնալիօրէն անոր պահպանումը դիւանագիտական օրակարգի վրայ ենթակայ ըլլայ հասկնալի ամէն զգուշաւորութեան:
Հարիւր տարի առաջ, երկամեայ անկախ պետականութեան և հայ ժողովուրդի լինելութեան ճակատագիրը որոշուեցաւ Կարսի և Մոսկուայի ռուս-թրքական զոյգ համաձայնութիւններով, որոնք պարտադրուեցան հայութեան: Այդ օրերուն, Լենինի գործակից պոլշևիկ հայերը գերադաս համարեցին այսպէս կոչուած «համաշխարհայի յեղափոխութիւնը» և հասկացողութեամբ վերաբերեցան հայ ժողովուրդի ու աշխատաւորութեան իրաւունքները անոր զոհասեղանին դնելու «տրամաբանութեան», դէմ չկեցան Նախիջևանի ու Արցախի կցմանը Խորհրդային Ազրպէյճանին փոխանակ պայքարելու, որ անոնք մաս կազմէին Խորհրդային Հայաստանին: Այդ մէկը հիմնաւորուեցաւ/պատճառաբանուեցաւ խաղաղութեան և «ժողովուրդներու միջև եղբայրութեան» գերադաս նպատակով:
Յաջորդ երկու տասնամեակներուն, ծնունդ առնող և հետզհետէ որպէս Սփիւռք կազմաւորուող աշխարհացրիւ հայութեան մէկ հատուածը, ողջունեց և իրը ըրաւ 1921-ին քարտէզագծուած հայութեան ճակատագիրը և հաւատաց խորհրդային փորձառութեան ապագային: Ուրիշ հատուած մը համակերպեցաւ իրականութեան և լուռ մնաց անկախ պետականութեան հարցով, առանց անպայմանօրէն հրաժարելու Արևմտահայաստանէն թէ Արցախի հայկականութենէն, և նուազ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն: Կար, վերջապէս, երրորդ հատուածը, որ առանց ժխտելու անկախ պետութեան կորուստի իրականութիւնը մերժեց համակերպիլ և դիմադրեց պարտադրուած ճակատագրին: Այս երեք հատուածները անշուշտ յարացուցային իտէալական բնորդներ են, և թէև անոնցմէ իւրաքանչիւրի պարագային կարելի է ղեկավար կազմակերպութիւն մը առանձնացնել, խորքին մէջ այդ հատուածներու սահամանազատումներն ու բաժանման գիծերը երբեք այնքան բացարձակ չեն եղած: Սփիւռքի կառուցումը, հայապահպանումի գաղափարական թէ գործնական հայեցակարգն ու համայնքային կեանքի կազմակերպումը կարելի է ընկալել որպէս 1921-ին պարտադրուած իրավիճակին համակերպման թէ դիմադրութեան այլընտրանքներու տրամախոհական զարգացում: Սկզբնական շրջանին այդ զարգացումը ենթադրեց բախում, երբեմն մինչև իսկ արիւնալի: Բայց մօտեցման ու փոխ-հասկացողութեան պահեր երբեք չբացակայեցան և կարելի է ըսել որ բախումին գերադասեցին Ցեղասպանութեան Յիսուներորդ Տարելիցէն յետոյ:
Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն և պարտութենէն տարի մը անց, ինչպէս հարիւրամեակ մը առաջ, աշխարհացրիւ հայութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի անկախ պետականութեան, պատմական հայրենիքի և ազգային լինելութեան ճակատագիրը արտաքին ուժերու կողմէ որոշուող ծրագրին համակերպելու թէ դիմադրելու այլընտրանքին: Հայրենի իրականութեան մէջ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն քաղաքական մրցակցութենէն ոչ անջատ բայց անորմէ անկախ և առանց անոր պայմանաւորումին, այս այլընտրանքին գիտակցումը կենսական է նաև Սփիւռքին համար: Պատմական պայմանները փոխուած են, Սփիւռքը կայացած գոյավիճակ է, և, մասնաւորաբար, կայ հայրենիքի հետ յարաբերութիւններու երեսունամեայ փորձառութիւն մը, որ այդպէս ալ առանձին քննարկման օրակարգ չեղաւ Սփիւռքի համար: Հետևաբար, ազգային լինելութեան այս ճակատագրական պահուն, Սփիւռքը կրնայ հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման համաձայնագրին համակերպում/դիմադրութիւն այլընտրանքին արձագանգել վերածուելով հայելիի մը, ուր կ’արտացոլուի Հայաստանի ներքաղաքական մրցակցութիւնը և այդ մէկը լաւագոյն պարագային կը մնայ համայնքային առօրեայի «նորմալ»ին զուգահեռ զործընթաց մը, առանց որևէ անդրադարձի, իսկ յոռեգոյն պարագային դուռ բանալ ներ-համայնքային պառակտումի: Կամ ալ, համակերպում/դիմադրութիւն այլընտրանքը կրնայ առիթ ըլլալ ինքնագիտակցութեան և առաջնորդէ Սփիւռքեան գոյավիճակը 21-րդ դարու տեսլականով մտածելու, կազմակերպելու և ինքնուրոյն օրակարգ ստեղծելու: Երկրորդ պարագային է միայն որ «Սփիւռքեան մօտեցում»ը կ’իմաստաւորուի:
yerakouyn.com/2022/01/11/պարտութեան-համակերպո՞ւմ-թէ-դիմադրու/