Հայ Դատը Պաքուն Եւ Անգարան Պատասխանատուութեան Կանչելու Կոչ Կ՛ընէ Ուաշինկթընին

Հայ Դատը Պաքուն Եւ Անգարան Պատասխանատուութեան Կանչելու Կոչ Կ՛ընէ Ուաշինկթընին

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է նամակագրութեան արշաւի մը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի վարչակարգէն եւ օրէնսդիր իշխանութիւններէն պահանջելով հիմնական կերպով փոխել Հարաւային Կովկասի նկատմամբ քաղաքականութիւնը։

Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ նման բարեկարգում մը կենսական է՝ երաշխաւորելու համար Արցախի ապահովութիւնը եւ Հայաստանի գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ պատասխանատուութեան կանչելու Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան՝ իրենց պատերազմական ոճիրներուն եւ շարունակուող բռնարարքներուն համար եւ ամրապնդելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները։ Նաեւ կը շեշտուի, որ ամերիկեան կառավարութեան մօտ պէտք է ամրագրուի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը։

Արդէն իսկ տասնեակ հազարաւոր նամակներ յառաջացուցած այս արշաւին միանալու համար այցելել anca.org/priorities կայքէջը։

Հայ Դատի յանձնախումբը կը շեշտէ Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր գործակիցներուն դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու կարեւորութիւնը։

Նամակին մէջ կը քննադատուի Արցախի եւ Հայաստանի վրայ շարունակաբար յարձակող Ատրպէյճանի բռնարարքները յստակօրէն չդատապարտելու՝ ամերիկեան կեցուածքը եւ իւրաքանչիւր յարձակումէ ետք հաւասարապէս «երկու կողմերուն» յղուած զսպուածութեան անիմաստ կոչերը եւ կը շեշտուին հետեւեալ 7 կէտերու իրագործման կարեւորութիւնը․

– Կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնները․

– Առնուազն 100 միլիոն տոլար տրամադրել Ատրպէյճանի յարձակումներուն պատճառով տեղահանուած մօտաւորապէս 100,000 հայ գաղթականներուն կարիքները հոգալու ջանքերուն համար․

– Պատժամիջոցներ որդեգրել ատրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ․

– Դատապարտել հայ գերիները չվերադարձնելու եւ զանոնք խոշտանգելու՝ Պաքուի կեցուածքը,

– Հետապնդել Անգարայի մեղսակցութեամբ ահաբեկիչներու մասնակցութեան ապահովումը Արցախի պատերազմին, ինչպէս նաեւ անոր ընթացքին ապօրինի զէնքերու օգտագործումը․

– Դատապարտել Պաքուին զինուորական գործողութիւններուն մասնակցելու Անգարայի որոշումը, ինչպէս նաեւ Արցախի անկախութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցման գնով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու թրքական ջանքերը։

– Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ պարտադրել հայկական սրբավայրեր քանդելու անոր քայլերուն համար։

«Ատրպէյճան եւ անոր նպատակներուն իրականացման օժանդակող Թուրքիա յստակօրէն կը ջանան ամբողջացնել առաջին քրիստոնեայ ազգի բնաջնջումը», ամերիկացի ղեկավարներուն հասցէագրուած նամակին մէջ կ՛ազդարարէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։

asbarez.am/411341/հայ-դատը-պաքուն-եւ-անգարան-պատասխանատ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail