Ուժգին Պայթումներ Գամիշլիի մէջ – Նորութիւններ Գամիշլիի Պայթումէն

kamichely-1
24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Քիչ առաջ Գամիշլիի մէջ տեղի ունեցած պայթումի ընթացքին տեղւոյն վրայ զոհուած են երեք քրիստոնեայ, վիրաւորներուն թիւը ճշգրտուած չէ։ Նախնական տուեալներու համաձայն կան հինգ վիրաւորներ, անոնց մէջ եղած է մէկ հայ որ թեթեւ վիրաւորուած է ձեռքէն։ Այս մասին կը ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Գամիշլիի մեր աղբիւրները։

Պայթումը տեղի ունեցած է հեծանիւի վրայ տեղադրուած պայթուցիկ նիւթով։

Նշենք, որ քիչ առաջ առաջ Գամիշլիի “Ուըսթա” քրիստոնէաբնակ թաղամասին մէջ, Զանգոյի դիմաց (նոյն փողոցը ուր օրեր առաջ պայթում եղած էր), ահաբեկչական երկու ուժգին պայթում ցնցեց քաղաքը։

Դէպքի վայրը շրջափակուած է, կան վիրաւորներ եւ խանութները կրած են մեծ վնասներ։

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail