ԿՐՕՆԱՄՈԼ ԹՈՒՐՔԻԱ – Կրօնամոլ դրդումներ կը սպառնան Անիին. «Ակօս»

ԿՐՕՆԱՄՈԼ ԹՈՒՐՔԻԱ – Կրօնամոլ դրդումներ կը սպառնան Անիին. «Ակօս»

12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ԷՐԿԻՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Հանրածանօթ լրագրող Իսմայիլ Սայմազ «Հալք Թվ»ի հա­մացան­ցի էջին վրայ հրա­տարա­կած է գրու­թիւն մը, ուր կը պատ­մէ Անիի պատ­մա­կան մզկնթին պաշ­տա­մունքի բա­ցուե­լու խնդի­րը։

«Հա­յոց թա­գաւո­րու­թեան մայ­րա­քաղա­քը պատ­մութեան մէջ են­թարկուեցաւ Բիւ­զանդիոնի, վրաց իշ­խաննե­րու, սել­ճուկեան թուրքե­րու, մոն­կոլնե­րու, եւ զա­քարեան­նե­րու արշաւանքներուն։ Անին բո­լոր այդ շրջան­նե­րէն հետ­քեր կը պա­րու­նա­կէ։ Մայր եկե­ղեցի­ներ, հե­թանո­սական տա­ճար­ներ, բաղ­նիքներ, իջե­ւան­ներ եւ եր­կու մզկիթ։ Այդ մզկիթ­նե­րէն մէ­կը կը կո­չուի Ապու Մու­համմե­րան, որուն միայն աշ­տա­րակէն բե­կոր­ներ մնա­ցած են մեր օրե­րուն։ Երկրոր­դը Ապու Մա­նու­չէր մզկիթն է, որ կա­ռու­ցո­ւած է Անի քա­ղաքի Սել­չուքնե­րու կող­մէ ար­շա­ւու­մէն ետք 1072 թո­ւին Ապու Մա­նու­չէր Պե­կի կող­մէ։ Ան կը հա­մարո­ւի արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի մէջ առա­ջին թրքա­կան մզկիթ։ Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ սահ­մա­նագիծ հա­մարուող Ար­փաչայ գե­տի եզ­րին խոր ձո­րի մը վրայ կա­ռու­ցո­ւած է եւ որ­քան ալ ան­հա­ւատա­լի թո­ւի կը պատ­րաստո­ւի պաշ­տա­մունքի վե­րաբա­ցուե­լու։ Մշա­կոյ­թի նա­խարա­րու­թեան, գի­տու­թեան, ճար­տա­րագի­տու­թեան եւ թեխ­նո­լոկիայի նա­խարա­րու­թեան եւ Սեր­հատ զար­գացման աժան­սի մի­ջեւ ստո­րագ­րուած ար­ձա­նագ­րութեան մի­ջոցաւ պատ­մա­կան մզկի­թը փո­խան­ցո­ւեցաւ Կարս քա­ղաքի Կրօ­նից Տես­չութեան, այ­սինքն միւֆթիւու­թեան։ Առա­ջին ան­գամ նա­խորդ տա­րուայ 3 Օգոս­տո­սին ազան հնչեց։ Այժմ կը սպա­սուի։ Կրօ­նից Տես­չութեան սոյն ար­ձա­նագ­րութիւ­նը վա­ւերաց­նե­լը եւ իմամ մը նշա­նակե­լը»։

Իս­մա­յիլ Սայ­մազ ապա իր յօ­դուա­ծին կը շա­րու­նա­կէ Կար­սի կու­սա­կալ Թունճէր Թիւրքէր Էօք­սիւզի այս մա­սին տո­ւած բա­ցատ­րութիւննե­րով. «Անին այ­ցե­լող­նե­րը յայտնած էին մզկի­թի մը կա­րիքը։ Այսպէս թէ զբօ­սաշրջիկ­նե­րու, թէ տա­րած­քի բնա­կիչ­նե­րու եւ թէ պաշ­տօ­նէու­թեան պաշ­տա­մունքի կա­րիք­նե­րը ապա­հովո­ւած պի­տի ըլ­լան։ Իսկ բուն նպա­տակն է Անա­թոլիայի առա­ջին թրքա­կան մզկի­թը դար­ձեալ կեն­դա­նաց­նել»։

Իս­մա­յիլ Սայ­մազ մեկ­նա­բանե­լով կու­սա­կալի այս բա­ցատ­րութիւ­նը իրա­ւացի չի գտներ Անիի աւարկնե­րը այ­ցե­լող զբօ­սաշրջի­կին մզկի­թի մը կա­րիք զգա­լու վար­կա­ծը։ Ան դի­տել կու տայ որ Անիի աւե­րակ­նե­րու կից Օճաք­լը գիւ­ղը ար­դէն մզկիթ մը ու­նի։ Պաշ­տօ­նէու­թիւնը այդ գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րէն է եւ եթէ պէտք ու­նին կրնան այս գիւ­ղի մզկի­թէն օգ­տո­ւին։ «Նշեմ որ Ապու Մա­նու­չէր մզկի­թը զուրկ է նա­մազի աղօթ ընե­լէ առաջ անհրա­ժեշտ եղած ապ­տեսթի՝ այ­սինքն ձեռ­քե­րը եւ ոտ­քերը լո­ւալու դրու­թե­նէ»։

Սայ­մազ այս մա­սին կար­ծիքներ ստա­ցած է նաեւ մաս­նա­գէտէ մը։ Այդ մաս­նա­գէտը 2012-էն մին­չեւ 2019 թո­ւական­ներ հնա­գիտա­կան պե­ղումնե­րը ղե­կավա­րած է եւ նպաս­տած է Անիի աւե­րակ­նե­րուն ԵՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ի հա­մաշ­խարհա­յին մշա­կոյ­թի ժա­ռան­գին նե­րառ­ման։ Փամուքքա­լէ Հա­մալ­սա­րանի դա­սական հնա­գիտու­թեան բաժ­նէն փրօֆ. Ֆահ­րի­յէ Պայ­րամ զար­մանք յայտնած է, երբ լսած է թէ մզկի­թին ապա­կի պա­տու­հաններ եւ եր­կա­թէ դուռ շի­նուած, աշ­տա­րակին բարձրա­խօս զե­տեղո­ւած եւ յա­տակին ալ փայ­տէ սա­լիկ եւ գոր­գեր տե­ղաւո­րուած են։

«Ան­կա­րելի է։ Իմ պաշ­տօ­նավա­րու­թեան շրջա­նին շատ դի­մադ­րած եմ այդ պատ­մա­կան կա­ռոյ­ցի պաշ­տա­մունքի վե­րաբա­ցուե­լուն դէմ։ Այդ կա­ռոյ­ցը մեծ թի­ւով այ­ցե­լու­ներ չի կրնար ըն­դունիլ։ Հիմ­քը պա­րապու­թիւններ ու­նի։ Առաս­տաղն ալ յար­մար չէ։ Գի­տէք՝ ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւնը մզկիթ­ներ բա­նալու մեծ ցան­կութիւն ու­նի։ Իմ աշ­խա­տած ժա­մանակ ալ այս ցան­կութիւննե­րը կը յայտնո­ւէին եւ ես ան­պա­տեհու­թիւննե­րը բա­ցատ­րող տե­ղեկագ­րութիւններ գրած եմ։ Այդ ժա­մանակ յե­տաձ­գե­ցին։ Ես վտան­գա­ւոր կը գտնեմ նախ­քան հիմ­քի ամ­րա­ցու­մը նման նա­խաձե­նու­թեան դի­մելը» կ՚ըսէ փրօֆ. Ֆահ­րի­յէ Պայ­րամ։

Ան նաեւ կը զգու­շացնէ թէ կա­ռոյ­ցը ձո­րի եզ­րին գտնո­ւելով լուրջ վտանգնե­րու են­թա­կայ է։ Մտա­հոգու­թիւն կը յայտնէ նաեւ ելեկտրա­կան ցան­ցի հա­մար։ Ար­դէն պատ­մա­կան աւե­րակ­նե­րու նման տա­րած­քին մէջ մզկի­թի մը գո­յու­թիւնը ան­նա­խադէպ է։ Ան­շուշտ որ կա­րեւոր է անոր Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին առա­ջին մզկի­թը ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը ու­թանկիւն աշ­տա­րակը Կեդ­րո­նական Ասիոյ աւան­դութիւնն է։ Մեծ է Անիի պատ­մա­կան նշա­նակու­թիւնը։ Մե­տաք­սի ճամ­բուն կա­րեւոր խաչ­մերկու­նե­րէն մէկն է։ Իր շրջա­նի մեծ քա­ղաքն է Անին։ Բո­լոր այս յատ­կութիւննե­րու հետ­քե­րը կը պա­հէ։ Այդ առու­մով ալ շատ կը ցա­ւիմ այս որոշու­մին համար։

yerakouyn.com/2022/01/12/կրօնամոլ-դրդումներ-կը-սպառնան-անիին/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail