ԵԱՀԿ-ը Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին Քաղաքական Երկխօսութեան Վերադառնալու Կոչ Կ՝ընէ
12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵԱՀԿ գործող նախագահ Զպիկնեւ Ռաուն մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վերսկսած բախումներուն եւ անոնց հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն առնչութեամբ:
«Մենք կոչ կ՝ընենք զերծ մնալու ուժի կիրառումէն եւ շարունակելու վերջերս նախաձեռնած իմաստալից քաղաքական երկխօսութիւնը: Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահող՝ Լեհաստանը յանձնառու է աշխատելու գործընկերներուն հետ՝ վերսկսելու եւ ամրապնդելու ջանքերը՝ ուղղուած տեւական խաղաղութեան հաստատման ու տարածաշրջանին մէջ կայուն զարգացման խթանման։
Մենք այս հարցով կ՝աջակցինք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերուն: Մենք նաեւ կը վերահաստատենք մեր ամուր աջակցութիւնը Լեհաստանի նախագահած ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրշիկի շարունակական աշխատանքին»,- նշուած է ԵԱՀԿ յայտարարութեան մէջ:
yerakouyn.com/2022/01/12/եահկ-ը-հայաստանին-եւ-ազրպէյճանին-քաղա/