Եռաբլուրին Պատգամը (Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան)
12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ապրեցայ իր ամբողջութեամբ։ Պատերազմին ժամանակ հետաքրքրական էր, թէ կեանքը երբեք չկեցաւ։ Մէկ խօսքով, կեանքի պատմութեան սլաքը չկասեցաւ։ Ապրեցանք մեր կեանքերը անհատական, հաւաքական, գաղութային ու տակաւին, փորձեցինք կերտել ինչ որ կարելի էր։ Եթէ այս երեւոյթը թուեցաւ անհասկնալի եւ նոյնիսկ տարօրինակ դուրսի մեր հարազատներուն կամ բարեկամներուն, բայց այդ բոլորը իրական էր։
Այո, կերտեցինք մեր կեանքերը։ Դժուար եւ անապահով վիճակներու մէջ գացինք դպրոց, համալսարան, գործ ու տակաւին, ունեցանք գաղութային կեանք եւ պահեցինք հայկականը լիբանանեան իրականութեան մէջ։ Եթէ ստիպուած էինք յարմարուիլ եւ կամ վերադասաւորել մեր կեանքերը անապահով վիճակներու մէջ ու տեղատարափ ռմբակոծումներուն պատճառով, բայց այդ բոլորը նոյնպէս կեանքի շարունակականութեան մէկ մասն էին։ Երեւի մինչեւ այսօր կը փորձենք ընել նոյնը լիբանանեան անվերջանալի թուացող ու կրկնուող անորոշ եւ տագնապալի օրերուն մէջ։
Նոյեմբեր 2021, Երեւան։
Քառասուն եւ չորս օրերու վրայ երկարած պատերազմէն ետք առաջին անգամն էր, որ հայրենիք կ՛այցելէի։ Եթէ մէկ կողմէ կար կարօտը հողին, երկրին ու բարեկամներուն, բայց նոյնքան՝ մտահոգութիւն եւ անձկութիւն։ Ի՞նչ տեսակ Հայաստան մը պիտի տեսնէի քառասուն եւ չորս օրերու պատերազմէն ետք։
Երեւանի փողոցներուն մէջ կար նոյն աշխուժութիւնը։ Կեանքը իր ընթացքը բռնած էր եւ մարդիկ կը շարունակէին իրենց առօրեան։ Պէտք էր դարձեալ վերյիշէի Պէյրութի փորձառութիւնս։ Իրավիճակը նոյնն էր Երեւանի մէջ։ Կար տարբերութիւն մը սակայն։ Երեւանի մէջ աւերուած շէնքեր ու փողոցներ չկային ինչպէս էր պարագան Պէյրութ։ Պատերազմը Արցախի մէջ էր եւ նիւթական վնասը հոն էր։ Պէյրութի պարագային եթէ տեսանք եւ կերտեցինք կեանքի յառաջխաղացքը, բայց փլատակներու հետքերը միշտ կը յուշէին, թէ պատերազմը անցած էր մեր երկրէն։
Երեւանեան իրավիճակը զարմանալի չթուեցաւ ինծի։ Հայը, հայաստանցին պիտի շարունակէ ապրի ինչպէս ես եւ լիբանանցին։ Եւ շարունակեցինք ապրիլ…։
Հապա պատերա՞զմը։
Եռաբլուր։
Բլուրին վրայ շիրիմները, յիշատակի կոթողները ու տակաւին եռագոյնները ծածկած էին ամէն տարածք։ Քով-քովի մեր տղաքը։ Կը հանգչի՞ն։ Սկսայ անցնիլ իւրաքանչիւր շիրիմի քովէն։ Նկարները՝ մեր մատղաշ, երիտասարդ եւ անուշիկ տղոց։ Հապա տարիքնե՞րը։ Մեծ մասամբ հազիւ նոր իրենց գարուն տարիքը բոլորած։ Նահատակ տղոց հարազատներն ալ կային։ Ուզեցի խօսիլ անոնց հետ մինչ իւրաքանչիւր շիրիմի առջեւէն կ՛անցնէի։
«Եղբայրս է», ըսաւ երիտասարդ աղջիկ մը արցունքները սրբելով։ Այդ շիրիմին քով ուրիշ հայր ու մայր մը կու լային իրենց զաւկին նահատակութիւնը։ Նայեցայ տարիքին։ Հազիւ քսան եւ մէկ տարիքը բոլորած։ Սկսայ մտածել, թէ այս ծնողքը ինչպէ՞ս պիտի մխիթարուի։ Ինչպէ՞ս պիտի կրնան տեսնել յոյսը, որ կեանքը կարելի պիտի ըլլայ շարունակել առանց իրենց երիտասարդ զաւակին։
Խունկը լեցուցած էր Եռաբլուրը։ Ծաղիկները ձեռքս, կը փորձէի զետեղել զանոնք իւրաքանչիւր շիրիմի վրայ։ Կ՛ապրէի հարազատներուն լացը, կսկիծը, ցաւը ու տակաւին երիտասարդ մեր տղոց երազը։ Երազը, թէ անոնք պիտի ապրէին իրենց կեանքերը հայրենի հողին վրայ, պիտի ունենային իրենց ընտանիքը եւ տեսնէին իրենց զաւակները եւ իրենք ալ հպարտանային։ Ցաւը շատ մեծ է…։
Շարունակեցի։ Տարեց կին մը նստած էր քարի մը վրայ եւ կը նայէր հանդիպակած կողմը իր հարազատի շիրիմին եւ անոր վրայ տեղադրուած նկարին։ Աչքերը կարմրած էին։ Յայտնի էր, որ արցունքները չորցած էին։ Իսկ կարմիր աչքերը քիչ մը աւելի կծկուած էին անոր դէմքին վրայ եւ կորած էին անոր նոյնքան տառապած եւ յոգնած մարմնին մէջ։
Չուշացաւ հարցումս։ «Ո՞վ կ՛ըլլայ», հարցուցի յարելով աչքերս շիրիմին վրայ տեղադրուած նկարին։ «Եղբայրս է», ըսաւ տիկինը։ Նայեցայ տարիքին՝ յիսունի մօտ էր։ Ճիշդ է, որ տարիքով աւելի մեծ էր, բաղդատած միւս նահատակներուն, բայց տիկնոջ եղբայրն է եւ երեւի իր միակ ընտանիքը։ Ուրիշը չունէր եւ այլեւս ուրիշ տեղ ալ չունէր երթալու եւ պատճառ ալ չունէր ուրիշ տեղ ապրելու։ Իր միակ հարազատ-ընտանիքն էր իր եղբայրը եւ ան այսօր չկայ։ Եւ ինք մնացած էր մինակ։ Եւ մինակութիւնը պիտի անցնէր իր նոր տան մէջ, Եռաբլուր։ Եղբօրը հետ ըլլալու համար իր այս յառաջացած տարիքին մէջ։
Բաւական երկար նայեցայ կնոջ։ Իր այս տարիքին համար այս ցաւը շատ չէ՞։ Բայց ինչպէս պիտի ամոքէ իր ցաւը։ Ո՞վ է իր ընտանիքը ասկէ ետք։ Ու հապա տո՞ւնը։
«Բաւական սխալներ գործեցինք»։ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն է։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յատուկ հանդիպումի մը ընթացքին, վեհափառ հայրապետը սկսաւ մէկ-մէկ քակել իր սրտին ու մտքին մէջ կուտակուած մտահոգութիւնները։ «Ազգը, պետութիւնը եւ հայրենիքը անցան դժուար պայմաններու մէջէն։ Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս բոլոր անցուդարձներուն նկատմամբ։ Եկեղեցին վեր է ամէն կուսակցութիւններէ եւ խմբաւորումներէ եւ կը գործէ հայրենիքին բարօրութեան համար։ Բայց միեւնոյն ժամանակ եկեղեցին իր ըսելիքը եւ ընելիքը ունի», ըսաւ վեհափառ հայրապետը։
«Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները պէտք է վերականգնել»։ Սփիւռքի աշխատանքներու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հետ բաւական խօսեցանք Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մարտահրաւէրներուն մասին։ «Անհրաժեշտ է, որ մեր տարբերութիւնները եւ տարակարծութիւնները վեր առնենք աւելի ուսանելի ձեւով եւ փորձենք հասարակ յայտարար մը գտնել բոլորին միջեւ», եղաւ ներդրումս։ Սինանեան ունի ծրագիրներ եւ կը փորձէ կամրջել զանոնք սփիւռքի տարբեր գաղութներուն հետ։
Շարունակեցի։ Կ՛ուզէի տեսնել, հանդիպիլ, լսել եւ խօսիլ։
Աննա Չուլեան Ազգային գրադարանի տնօրէնն է, որ աշխուժ աշխատանք կը տանի իր նոր ստանձնած պատասխանատուութեան մէջ։
Աստղիկ Մարապեանը կրթութեան նախարարութեան մշակոյթի եւ ազգային աւանդի պետն է։ Ան կը գիտակցի մշակոյթի մեծ ժառանգին եւ անոր պահպանումին կարեւորութեան եւ զայն հասանելի դարձնելու՝ օտար շրջանակներուն։
Գրիգոր Արշակեանը, Ազգային արխիւի տնօրէն, որ մեծ աշխատանք կը տանի հայ ժողովուրդի պատմութիւնը պահապանելու համար։
Լուսինէ Թանաճեանը եւ Սոնա Ներսիսեանը՝ Սփիւռքի հետազօտութիւններու բաժնի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի երկու երիտասարդ գիտաշխատողները, որոնք մասնագիտական աշխատանք կը տանին հաւաքելու եւ ուսումնասիրելու հայկական Սփիւռքի տուեալները։ «Պէտք է աւելի զիրար ճանչնանք եւ հասկնանք», Լուսինէն է խօսողը։ «Եւ այս տեսակի հանդիպումները մեծապէս կ՛օգնեն, որպէսզի մեր յարաբերութիւնները զարգանան եւ հաղորդակցութիւն ստեղծուի», ըսաւ ան։
Երեւանի մէջ շատ բան կայ ընելու։ Հարցազրոյցներս տեղեկատուութեան եւ հեռատեսիլի ցանցերու մէջէն՝ «Նոյեան Տապան», «Երկիր Մետիա», «Սիվիլնեթ» ու տակաւին։ Ինչքան ուժ եւ կարողականութիւն կայ Հայաստանի մէջ։ Ու տակաւին ներդրում՝ մտքի եւ կարողականութեան եւ նոյնինքն Սփիւռքէն։
Հայաստանը քառասուն եւ չորս օրուայ պատերազմէն ետք։ Կեանքը կը շարունակուի եւ պատմութեան սլաքը կարելի չէ կասեցնել։ Բայց այդ շարունակութեան մէջ կայ ահաւոր ցաւը։ Ցաւը Եռաբլուրին, որ շատ ցայտուն է։ Մեր մատղաշ տղոց եւ անոնց գարուն տարիքի ընդհատումը։ Եւ այս ցաւը չի մոռցուիր։ Պատմութեան եւ կեանքի սլացքին հետ, հայը պիտի շալկէ այս ցաւը։ Եռաբլուրին ցաւը։
Բայց Եռաբլուրի ցաւին մէջ կայ պատգամ։ Եւ պատգամը կու գայ նահատակ տղոց անշնչացած մարմիններէն։ Անոնք կենդանի չեն, բայց իրենց ձայնը լսելի է։ Անոնք կ՛ըսեն՝ «Հայրենիքը պէտք է պահենք։ Հայրենիքը պէտք է կերտենք»։
Անոնք նահատակուեցան, որպէսզի հայրենիքը գոյատեւէ։ Մենք՝ ետեւ մնացողներս, Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, պիտի պահենք եւ կերտենք հայրենիքը։ Եւ զայն պահելու եւ կերտելու համար պիտի վերականգնենք Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք եռակողմանի հաղորդակցութեան կապերը։ Հաղորդակցութեան միջոցաւ է, որ մեր բոլոր տարակարծութիւններուն մէջէն պիտի կարենանք կերտել հասարակ յայտարարը, որ պիտի դառնայ հայուն պատմութեան շարունակականութեան կռուանը։ Այն հասարակ յայտարարը, որ պիտի շինէ մեր «տունը»։
Եռաբլուրին ցաւը պիտի մնայ։ Բայց մեր տղոց անշնչացած մարմինները պիտի հանգչին երբ համաձայնինք միասին կերտել հայրենիքը եւ հայուն պատմութիւնը դնենք շարունակականութեան գործընթացքին մէջ։
Պիտի կարենա՞նք։
Եռաբլուրին ցաւը։ Ու այդ ցաւին պատգամը։
Թէ հայը պէտք է պահէ ու կերտէ։
Պահէ հայրենիքը։ Եւ կերտէ հայուն պատմութիւնը եւ դնէ զայն շարունակականութեան սլացքին մէջ։
Պիտի ու պէտք է որ ընենք։
yerakouyn.com/2022/01/12/եռաբլուրին-պատգամը-դոկտ-հրայր-ճէպէճե/