Կիրօ Մանոյեան. «Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչները Վաղուց Պայմանաւորուած Են Ամէն Ինչ»
17 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 < Արտերկրի Անկախ Հայեր – Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու բանակցութիւններու մասին >
Թուրքիան չի կրնար Հայաստանի հետ առանց նախապայմանի խօսիլ, քանի որ օրեր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին կրկին խօսած էր այն մասին, որ Հայաստանը լաւ կ’ընէ, եթէ ճիշդ գնահատէ իրավիճակը», «ՍփութնիքԱրմենիա»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանը` անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին:
14 յունուարին Մոսկուայի մէջ առաջին անգամ հանդիպեցան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները` Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըճը եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը:
«Պարզ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները երաշխիք տուած են, որ ձեւով մը կը բաւարարեն Թուրքիոյ կողմէ ներկայացուած նախապայմանները: Այն, որ կ’ըսեն նախապայմաններ չկան, մեզ լռեցնելու համար է, սակայն մենք երէկ չէ, որ ծնած ենք: Կը հասկնանք, որ Թուրքիան իր իսկական դիրքորոշումը չէ փոխած եւ ընդամէնը կ’ուզէ ներկայացնել, որ կառուցողական երկխօսութիւն տեղի կ’ունենայ», ըսաւ Մանոյեան:
Ըստ անոր, Հայաստանի իշխանութիւնները չեն կրնար որեւէ` յատկապէս Թուրքիոյ հետ լուրջ եւ կառուցողական բանակցութիւն վարել, քանի որ այն քաղաքական ուժն են, որ պատերազմին պարտուած են: Մանոյեան յիշեցուցած է, որ Թուրքիան Ազրպէյճանի հետ եւ Ազրպէյճանի չափ բռնութիւն կիրարկեց Արցախի մէջ:
Մանոյեան կը կարծէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները վաղուց պայմանաւորուած են ամէն ինչ, եւ 14 յունուարի հանդիպումը ընդամէնը բեմականացում էր: Ասոր վկայութիւնը այն է, որ 2 դրացի պետութիւնները, որոնք առնուազն վերջին 10 տարիներուն ոչ մէկ դիւանագիտական կապ ունեցած են, մէկուկէս ժամուան ընթացքին կառուցողական խօսակցութիւն կ’ունենան, եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու յայտարարութիւններուն շուրջ համաձայնութեան կը հասնին` իրար կրկնող բնագիրներ տարածելով: Աւելի՛ն, Մանոյեանը վստահ է` շարք մը հարցերու շուրջ արդէն իսկ համաձայնութիւն կայ:
Անդրադառնալով բանակցութիւններուն Ռուսիոյ մէջ ըլլալու իրողութեան` Մանոյեան ընդգծեց, որ Ռուսիոյ ներկայութիւնը չենք կրնար երաշխիք նկատել Թուրքիոյ` շրջանին մէջ իր զաւթումն ու ծաւալապաշտութիւնը դադրեցնելու: Միւս կողմէ, Մանոյեան յիշեցուց, որ այնպէս չէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը առաջին պահէն սկսան Մոսկուայի միջնորդութեամբ:
aztagdaily.com/archives/534854