Ինչո՞ւ Սփիւռքի Տարի – Նման հռչակում մը կատարելու լուրջ պատճառներ ունէի, որովհետեւ Սփիւռքը սկսած է ծաւալիլ ու տարածուիլ

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

Ինչո՞ւ Սփիւռքի Տարի – Նման հռչակում մը կատարելու լուրջ պատճառներ ունէի, որովհետեւ Սփիւռքը սկսած է ծաւալիլ ու տարածուիլ

01 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 –

«Ինչո՞ւ «Սփիւռքի Տարի»:

Նման հռչակում մը կատարելու լուրջ պատճառներ ունէի, որովհետեւ Սփիւռքը սկսած է ծաւալիլ ու տարածուիլ:

Հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Սփիւռքի մէջ է:

Սփիւռքը սկսած է մաշիլ ու գունաթափիլ: Սփիւռքը սկսած է անտարբեր ըլլալ ինքն իր նկատմամբ, յուսախաբ ըլլալ Հայաստանի նկատմամբ, յատկապէս` վերջին քանի մը տարիներուն, Արցախի պատերազմէն ետք:

Երիտասարդութիւնը սկսած է հեռանալ մեր կեանքէն, մեր հաւաքական կեանքէն, մեր կառոյցներէն: Օտարին ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ սկսած է դառնալ զգալի:

Մեր շուրջը տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն հետ չենք կրցած քայլ պահել»:

(Մտաւորականներու հաւաք, Անթիլիասի Մայրավանք, 2022)

His Holiness Aram I

Կարպիս Եսայեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail