Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Անընդունելի Նկատեց Ազրպէյճանի Կողմէ Վալերի Փեքրեսի Նկատմամբ Վերաբերումը

Armenia-Yerevan-Ararad

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Անընդունելի Նկատեց Ազրպէյճանի Կողմէ Վալերի Փեքրեսի Նկատմամբ Վերաբերումը

19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան անընդունելի նկատեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կեցուածքը` Ֆրանսայի Իլ տը Ֆրանս կեդրոնական շրջանի ղեկավար, Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածու Վալերի Փեքրեսի հասցէին:

Ըստ «Նուվել Տ՛արմենի»-ին, այս մասին նախարարը խօսած է խորհրդարանին մէջ` երեսփոխաններուն հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին:

Ժան Իվ Լը Տրիան հաստատեց, որ Ալիեւի յայտարարութիւնները ձեւով եւ բովանդակութեամբ անընդունելի են` յայտնելով, թէ այդ մասին ինք խօսեցաւ Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանին հետ:

Յայտնենք, որ այս տարուան սկիզբը Հայաստան եւ Արցախ այցելած Փեքրես Ազրպէյճանի «Սեւ ցանկ»-ին մէջ ներառուեցաւ, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ Ֆրանսայի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը «եւ անոր յղուեցաւ բողոքի գիր»:

Ֆրանսայի Նախագահի Թեկնածուն Բողոք Ներկայացուցած Է Ազրպէյճանի Նախագահին Դէմ` «Մահափորձի Սպառնալիքի»-ի Պատճառով
Ֆրանսայի նախագահի աջակողմեան Հանրապետական կուսակցութենէն թեկնածու Վալերի Փեքրեսին վրդովեցուցած է իր երկրի իշխանութիւններուն արձագանգը Արցախ մեկնելուն վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին կատարած յայտարարութենէն ետք: «Էօրոփ 1» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին, Իլ տը Ֆրանս շրջանի ղեկավարը ըսած է, որ ինք իրաւապահ մարմիններուն բողոք ներկայացուցած է ընդդէմ Ազրպէյճանի նախագահին` «սպանութեան սպառնալիքի» պատճառով:

Դեկտեմբերին Վալերի Փեքրես այցելած էր Հայաստան: Այս ուղեւորութեան ընթացքին ան այցելած էր նաեւ Արցախ:

«Ես Հայաստան գացի, որովհետեւ չափազանց մտահոգուած եմ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն հարցով, եւ որովհետեւ Հայաստանը պաշտպանելը շատ կարեւոր է», ըսած է ան:

Տեղեկանալով այցելութեան մասին` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր յանձնած էր Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարին: Աւելի ուշ, 12 յունուարին,Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեղական պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր, որ եթէ Պաքուն իմանար այս այցելութեան մասին, ապա Փեքրեսին «չէր արտօներ» վերադառնալ Ֆրանսա:

«Կազմակերպուած ճամբորդութիւն էր, որովհետեւ Վալերի Փեքրեսը չկցաւ երթալ ցանկալի ուղեկցութեամբ, անոնք գացին սահմանափակ թիւով: Անոր հետ էին Ֆրանսայի նախկին արտաքին գործոց նախարարը, Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Պառնիէն եւ մէկ երեսփոխան: Անոնք գաղտնի մտած են այնտեղ եւ վերադարձած: Այդ մասին յայտնի դարձաւ անոնց վերադարձէն ետք, որովհետեւ, հաւանաբար, կը վախնային, որ Լաչինի միջանցքին մէջ զանոնք պիտի կանգնեցնենք: Որովհետեւ եթէ իմանայինք, որ անոնք այնտեղ են, հաստատ անոնց վերադառնալ չէինք ձգեր», ըսած էր Ազրպէյճանի նախագահը:

Վալերի Փեքրես Ալիեւի խօսքերը կոչած էր «ցնցող» «Ատիկա ի՞նչ կը նշանակէ: Որ ինքը պիտի խախտէր մէկ այլ պետութեան գերիշխանութի՞ւնը»:

Ֆրանսայի նախագահական թեկնածուն նաեւ դատապարտած է Ֆրանսայի իշխանութիւնները` իրեն չաջակցելու համար: «Նախագահի թեկնածուին չպաշտպանող կառավարութեան խլացուցիչ լռութիւնը վրդովեցուցիչ է», աւելցուցած է Փեքրես:

Կիրակի, 16 յունուարին, աջակողմեան Հանրապետական կուսակցութեան նշանաւոր ներկայացուցիչները «Ժի.Տէ.Տէ.» հրապարակման մէջ հրապարակեցին նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին ուղղուած բաց կոչ մը: Ատոր մէջ անոնք վրդովում յայտնած են Իլհամ Ալիեւի խօսքերուն վերաբերեալ` զանոնք կոչելով «ֆրանսացի քաղաքական գործիչի դէմ ատելութեան կոչ», ինչպէս նաեւ «քողարկուած սպառնալիք մեր ազգին, մեր կառավարութեան եւ անոր ներկայացուցիչներուն դէմ»:

«Կը խնդրենք` Ազրպէյճանի Հանրապետութենէն պահանջել պաշտօնական ներողութիւն, ինչպէս նաեւ անոր բացակայութեան պարագային կարելի եղածին չափ շուտ քննել մեր դեսպանը ետ կանչելու կարելիութիւնը: Ասկէ կախեալ է Ֆրանսայի պատիւը», կը նշուի կոչին մէջ:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն տակաւին չէ արձագանգած հանրապետականներու կոչին: Ֆրանսայի Ազգային ժողովի «Յառաջ հանրապետութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Քրիսթոֆ Քասթաներ երկուշաբթի «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ./Էր.Էմ.Սէ.»-ին ըսած է, որ պետութեան ղեկավարը «պարբերաբար կ՛արձագանգէ իրավիճակներուն, երբ խօսքը կը վերաբերի քաղաքական գործիչներուն ուղղուած սպառնալիքներուն»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան

aztagdaily.com/archives/535112

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail