Ռուբինեան. «Թուրքիոյ Ներկայացուցիչին Հետ Կը Փորձենք Քննարկել Դրական Հարցերը»

National Hero of Armenia and the Artsakh Republic Monte Melkonian

Ռուբինեան. «Թուրքիոյ Ներկայացուցիչին Հետ Կը Փորձենք Քննարկել Դրական Հարցերը»

19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուբինեան

Երէկ` երեքշաբթի, 18 յունուար 2022-ին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտնեց, որ առաջին հանդիպումին միտքեր փոխանակուեցան, թէ ինչպէ՛ս կը տեսնեն գործընթացը` թէ՛ թեքնիք, եւ թէ՛ նաեւ բովանդակային առումով:

«Հիմնականին մէջ ճանաչողական բնոյթ ունէր, եւ հիմնականին մէջ միտքեր փոխանակած ենք այն մասին, թէ ինչպէս կը տեսնենք գործընթացը` թէ՛ թեքնիք, եւ թէ՛ բովանդակային: Փորձ կը կատարուի երկուստեք քննարկել ոչ սուր անկիւններ յառաջացնող հարցերը, այլ` դրական հարցերը», տեղեկացուց ան:

Ռուբինեան յիշեցուց, որ ներկայացուցիչներու հանդիպման արդիւնքներուն մասին երկու կողմերու արտաքին գործոց նախարարութիւնները արդէն մամլոյ հաղորդագրութիւններ հրապարակեցին:

«Հայկական կողմին ցանկութիւնն է, որ ըստ կարելւոյն արագ ներգրաւուինք բովանդակային, այսինքն` էական բանակցութիւններու մէջ, որովհետեւ մենք հետաքրքրուած ենք իրական խնդիրներու լուծումով: Եւ ատիկա նախ եւ առաջ սահմանի բացումն է: Մենք ըսած ենք եւ կ՛ըսենք հետեւեալը` Հայաստանը պատրաստ է առանց նախապայմաններու հասնիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման», նշեց Ռուբինեան:

Ան միեւնոյն ատեն յիշեցուց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Հայաստանի որեւէ իշխանութեան օրով հայկական կողմէն առաջադրուած նախապայման չէ եղած յարաբերութիւններու կարգաւորման համար:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հաստատումը եւս պէտք չէ՞ նախապայման ըլլայ` Ռուբինեան ըսաւ. «Երբ մենք կ՛ըսենք, որ Հայաստան պատրաստ է յարաբերութիւնները կարգաւորել` առանց նախապայմաններու, ատիկա կը նշանակէ, որ նոյնը կ՛ակնկալուի միւս կողմէն: Բանակցութիւններուն ամբողջ իմաստը ի՞նչ է. կայ իրավիճակ, որ մեզի ձեռնտու չէ: Ես կը կարծեմ, որ անիկա ձեռնտու չէ նաեւ Թուրքիոյ: Մենք կ՛ուզենք, որ սահմանը բաց ըլլայ: Եւ մենք պատրաստ ենք բանակցելու անոր շուրջ, բանակցութեան ամբողջ իմաստը այն է, որ երկու երկիրներուն միջեւ կայ խնդիր, եւ ատիկա պէտք է լուծել»:

Ըստ անոր, երկրորդ հանդիպման օրուան եւ վայրին վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չէ բերուած:

These lands belong to Armenia
Wilsonian-Armenia-Միակ եւ անբեկանելի քայլը ՝շախը , որին կհետեվի անառարկելի մատը` հաղթանակը

aztagdaily.com/archives/535111

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail