«Հայասատանը Ունի՞ Տարածքային Պահանջներ». Թուրք Վերլուծաբանի Անդրադարձը Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Վերաբերեալ

Հայասատանը Ունի՞ Տարածքային Պահանջներ

«Հայասատանը Ունի՞ Տարածքային Պահանջներ». Թուրք Վերլուծաբանի Անդրադարձը Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Վերաբերեալ

19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրք փորձառու լրագրող, վերլուծաբան Ճէնք Պաշլամըշը, որ ժամանակին հետեւած է 2008-ին մեկնարկած հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման անյաջող գործընթացին, անդրադարձած է յատուկ ներկայացուցիչներու մոսկովեան առաջին հանդիպման ու հայկական կողմի հնարաւոր «հողային պահանջներուն»: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

«Հայասատանը ունի՞ տարածքային պահանջներ» յօդուածին մէջ ան առանձնացուցած է Հայաստանի ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններու տարածած յայտարարութիւններուն հետեւեալ նախադասութիւնը՝ «Կողմերը համաձայնութեան եկած են լիարժէք կարգաւորման հասնելու նպատակով բանակցութիւնները առանց նախապայմաններու շարունակելու վերաբերեալ»:

Յօդուածի հեղինակը նախ կը նշէ, որ յայտարարութեան ամենակարեւոր կէտը «առանց նախապայմաններու» ձեւակերպման շեշտադրումն է։ Ապա կը պնդէ, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման յետագայ փուլերուն Թուրքիոյ համար խնդրահարոյց պիտի ըլլայ 2 թեմա՝

1. Հայաստանի հողային պահանջատիրութիւն

2. Հայոց Ցեղասպանութիւն

«Մարդոց գլուխներուն մէջ ամենամեծ խառնաշփոթը կ՝առաջացնէ Հայաստանի՝ տարածքային պահանջներ ունենալ կամ չունենալու հարցը»,- կը գրէ Ճէնք Պաշլամըշը եւ այդ ծիրէն ներս կը յիշէ Երեւանի մէջ 2008-ի վերջը արտասահմանեան լրագրողներու հետ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը։ Այդ ժամանակ ան նոյն թեմայով հարց ուղղած էր Սերժ Սարգսեանին: Եւ Պաշլամըշը կը յիշէ, որ Սարգսեանը նոյնիսկ զարմացած էր, թէ ինչու այդ տեսակէտը տարածուած է՝ շեշտելով որ ոեւէ հայ պաշտօնեայ տարածքային պահանջներու մասին երբեւէ որեւէ յայտարարութիւն չէ ըրած:

Ըստ Պաշլամըշի՝ ցեղասպանութեան թեմայով ալ Սարգսեանը ըսած էր, որ դէմ չէ 2 երկիրներու միջեւ յանձնաժողովներ հիմնելուն, սակայն կը կարծէ, որ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որ սկիզբը բացուին սահմանները եւ հաստատուին դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Այնուհետեւ օրակարգ գան տարբեր տեսակի համատեղ յանձնաժողովներ ու ենթայանձնաժողովներ հիմնելու հարցերը:

Գալով այն հարցին, թէ Թուրքիոյ մէջ ինչպէս կ՝ընկալուի «հողային պահանջներու» թեման՝ յօդուածագիրը կը նշէ, որ Թուրքիոյ մէջ այդ հարցին մասին խօսելու ժամանակ սովորաբար ուշադրութիւն կը դարձնեն 2 փաստաթուղթի՝ ՀՀ Սահմանադրութեան եւ Անկախութեան հռչակագրին:

«ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ Թուրքիայէն տարածքային պահանջներու մասին ուղիղ ոչինչ կ՝ըսուի: Սահմանադրութեան 13-րդ կէտին մէջ, սակայն, այսպիսի նախադասութիւն կայ՝

«ՀՀ զինանշանն է. կեդրոնը, վահանի վրայ, պատկերուած են Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով եւ պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւններուն զինանշանները»:

Այսինքն,- կ՝եզրակացնէ յօդուածին հեղինակը,- ՀՀ պետական զինանշանին վրայ Արարատ սարն է, որուն նկատմամբ հայերը հաւակնութիւններ ունեն»։

Իսկ Անկախութեան հռչակագրէն թուրք վերլուծաբանը կը մէջբերէ 11-րդ յօդուածը, ուր կ՝ըսուի. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար կը կանգնի 1915թ. Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»:

Այստեղ ալ հեղինակին համար խնդրայարոյց է «Արեւմտեան Հայաստան» արտայայտութիւնը, որ ըստ անոր՝ կ՝ընդգրկէ Օսմանեան Թուրքիոյ արեւելեան շրջանը՝ ներառեալ Արարատ լեռը: Այսպիսով, ըստ Պաշլամըշի, Անկախութեան հռչակագրին մէջ անուղղակի կերպով փաստօրէն հողային յաւակնութիւն ներկայացուած է Թուրքիոյ։

«Գնդակը Երեւանի դաշտին մէջ է» եզրափակիչ ենթավերնագրի ներքոյ Պաշլամըշը կը գրէ.

«Այնպէս կ՝երեւի, որ կարգաւորման գործընթացը մասնաւորապէս կախուած պիտի ըլլայ Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումէն։ Եթէ ​​Երեւանը ուզէ, որ  բանակցութիւնները անարդիւնք ըլլան՝ դիւրութեամբ կրնայ խոչընդոտել գործընթացը՝ օրակարգ բերելով վերը նշուած վիճայարոյց հարցերը։ Բայց դատելով Հայաստանի իշխանութիւններու վերջին շաբաթներու ուղերձներէն՝ կը թուի, թէ Երեւանի համար ներկայ առաջնահերթութիւնը սահմանի բացումն ու երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական ​յարաբերութիւններու հաստատումն է։

Հետեւաբար, հաւանական վտանգ ներկայացնող այս 2 հարցերը Երեւանի վարչակազմին կողմէ կարծես թէ առայժմ մէկ կողմ դրուած են»:

Հայասատանը Ունի՞ Տարածքային Պահանջներ

yerakouyn.com/2022/01/18/հայասատանը-ունի՞-տարածքային-պահանջ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail