«Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ Արդարութեան Համար». Պոլսոյ Մէջ Ոգեկոչած Են Հրանդ Տինքի Սպանութեան 15-րդ Տարելիցը
20 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի նախկին խմբագրութեան մօտ` ճիշդ այնտեղ, ուր 15 տարի առաջ սպաննուեցաւ պոլսահայ մտաւորական, պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքը, 19 յունուար 2022-ին յիշատակի ձեռնարկ կազմակերպուած է:
Այս տարի եւս ելոյթով հանդէս եկած է մտաւորականին կինը` Ռաքել Տինքը, որ նշած է. «15 տարի եղաւ, որ թիկունքէդ արձակուած կրակոցները քեզ հեռացուցին մեզմէ: Ձայնդ դեռ ականջիս մէջ է: Ամէն անգամ, երբ կը պատմէիր, թէ ի՛նչ ըրած են ժողովուրդիդ հետ, քեզ կը մեղադրէին դաւաճանութեան, թիկունքէն հարուածելու մեջ® Միշտ կ՛ըսէիր. «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, լաւութիւն ըրէ՛ք ձեզի ատողներուն, լաւութիւն ըրէ՛ք ձեզ անիծողներուն, աղօթեցէ՛ք վիրաւորողներուն համար»: Կ՛աղօթեմ»:
Իր ելոյթին ընթացքին Ռաքել Տինք անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ վերջին տարիներուն սաստկացած մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն, ընդդիմադիր եւ ոչ իշխանահաճոյ գործիչները լռեցնելու փորձերուն, զանոնք ձերբակալելու փաստերուն:
«Քեզ հողին յանձնելէ ի վեր այստեղէն բարձրացող ըմբոստութեան եւ մերժումի ձայնը չլռեց եւ պիտի չլռէ: Բանուորները, կիները, ուսանողները, գիւղացիները կրկին պայքարի մէջ են: Օր մը նորէն պիտի միաւորուին ու հեղեղ դառնան», նշած է Տինքի կինը:
Արարողութեան ներկայ եղած են Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, Տինքի ընկերներն ու գաղափարակիցները, մտաւորականներ ու գործիչներ: «Մենք այստեղ ենք եւ պիտի շարունակենք պայքարիլ արդարութեան համար», նշած են Տինքի ընկերները:
www.aztagdaily.com/archives/535258